ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ու մենք էլ ահա անցնում ենք հանգիստ
Անհեթեթութեանց այս թանգարանով…
Պարոյր Սեւակ
(«Մեծ ուղտի փոքրիկ ականջում»)
Տիկ. Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի կողմէ շատ յստակ ու դիւրահասկնալի կերպով ձեւակերպուած «միաձեւ պատմութիւն» եւ «լեզուական Արշակաւան» խնդիրներուն շուրջ մեր նկատողութիւնները նոյնքան պարզ ու հասկնալիօրէն շարադրած էինք՝ անհրաժեշտ փաստական հիմնաւորումներով («Նոր Յառաջ», 28 Սեպտեմբեր 2017. տե՛ս այստեղ)։ Սակայն, փաստերու խեղաթիւրումով եւ «լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է» սկզբունքով հիւսուած լեզուական ու գաղափարական սարդոստայնը («Նոր Յառաջ», 14 Հոկտեմբեր 2017) կը պարտադրէ քանի մը ճշդումներ կատարել՝ խուսափելու համար անոր մէջ իյնալու վտանգէն։
ա) Պատմութիւնը Հայութիւնը միացնող ազդակն է, նոյնքան եւ աւելի քան լեզուն, ուստի զարմանալի չէ, որ Հայոց պատմութեամբ ու լեզուով զբաղող մեծաթիւ «մարզիկներ» ըլլան, որոնց շարքին պէտք է դասել տիկ. Խտըշեանը։ Հակառակ իր այն պնդումին, թէ «յօդուածագիրը իր աճապարանքին մէջ մոռցած է, իր ուշադրութենէն վրիպած իրականութիւնը», անկարելի էր չանդրադառնալ, որ տիկ. Խտըշեանը չէր ձգտած «պատմագիտական թէզի մը ամփոփումը» կատարելու, այլ պարզապէս ազգային պարտականութիւն մը ստանձնելու՝ ըստ իր հասկացողութեան։ Փոխադարձաբար, ան պէտք է անդրադառնար, իր աճապարանքին մէջ իսկ, որ մեր այսպէս կոչուած «ջանքերը երկար-բարակ մատենագիտական մարզանքներու» ի զուր չէին կրնար ըլլալ, քանի որ երեք հանրայայտ բառարաններու յիշատակումը... կարելի չէր պատմագիտութեան հետ շփոթել։
բ) Վերահաստատելով, թէ «մեր պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցող մոլախոտերը պէտք է մաքրել», յօդուածագիրը գանգատած է, որ «երբ մէկը կ՚անդրադառնայ մեր նորագոյն պատմութեան, 1920-1991 Սեպտեմբեր, առնուազն պէտք է որ հասկնար յստակօրէն ըսուածը եւ խուսափէր իր կարծածը, մտածածը շփոթել մեր յօդուածին հետ (…)»։ Ըստ երեւոյթին, ան իր աճապարանքին մէջ չէ յաջողած հասկնալ մեր բանաձեւումը. «Ղարաբաղեան շարժումը եւ անկախութիւնը բազմաթիւ պատնէշներ քանդեցին, նոյնիսկ եթէ այդ տարիներուն ծնունդ առած շատ երազանքներ փուչիկներու նման պայթեցան բիրտ իրականութեան առջեւ։ Խորհրդային վարչակարգին անկումը յառաջ բերաւ հակամարտութեան կարեւոր ազդակի մը անհետացումը (…)»։ Ոեւէ խելամիտ ընթերցող կրնայ անդրադառնալ, թէ մոլախոտերու մաքրութիւնն ու բազմաթիւ քանդուած պատնէշները միեւնոյն դրամին երկու երեսները կը ներկայացնեն։
գ) Ըսելիք մը գտնելու միեւնոյն աճապարանքը պատճառ դարձած է այն պնդումին, թէ «ակնարկութիւն կայ “կուսակցութեան” մը որ հաւանաբար Դաշնակցութիւնն է»։ Ասիկա թիւրիմացութիւն մըն է, քանի որ այդպիսի ակնարկութիւն եղած չէ. կուսակցութեան մը մեր միակ ու բացայայտ յիշատակումը Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան ազատ, անկախ Հայաստանի ծրագրային դրոյթին մասին էր՝ 1919-էն առաջ։ Ինչ կը վերաբերի այն ցանկութեան, թէ «պիտի ուզէինք ՍԴՀԿ-ն եւ ՌԱԿ-ը եւս միացնել որպէսզի ոեւէ մէկը անտեսուած չզգայ. կը զարմանանք թէ ինչո՞ւ կուսակցութիւնները եւս կը միացնէ, որպէսզի բոլորը միասին հեգնէ», կ՚արժէ պարզել, թէ կուսակցութիւնները միայն մէկ անգամ «միացուցած» ենք ամբողջ յօդուածին մէջ (այդ ալ՝ տիկ. Խտըշեանէն մէջբերելով), առանց որեւէ հեգնանքի անոնց հանդէպ. «Պարզապէս պատրանք մըն է մտածել, որ Հայոց պատմութիւն մը պիտի ըլլայ, “որ ե՛ւ Հայաստանահայուն, ե՛ւ Սփիւռքահայուն, ե՛ւ Դաշնակցականին ե՛ւ Հնչակեանին ե՛ւ Ռամկավարին համար միեւնոյնը պիտի ըլլայ”՝ փաստական տուեալներէն անդին»։
դ) Տիկ. Խտըշեանը պնդած է, որ «յօդուածագիրը պէտք է հանգիստ ձգէ մեր երախտաշատ լեզուի ճարտարապետները իր փակագիծերով եւ այլազան «sic»-երով»։ (Արդեօք երախտաշատը լեզո՞ւն է, թէ՞ ճարտարապետները)։ Սակայն, մեր յօդուածին ամբողջ երկայնքին —ինչպէս եւ այս պատասխանին— լեզուական ճշդումները «լեզուի ճարտարապետները» անհանգիստ ընելու ուղղուած չէին, բացի եթէ անոնց հասցէատէրը՝ յարգելի յօդուածագիրը, այդ ճարտարապետներուն շարքին դասուի, քանի որ կը թուի նոր քարեր աւելցուցած ըլլալ այն լեզուական Արշակաւանին, որուն դէմ պայքարի ձեռնարկած է։ Ինչ կը վերաբերի անոր պահանջին՝ «մանաւանդ հանգիստ ձգել մեր խնկելի մտաւորականութիւնը որոնք ոչինչ ունին այս հարցին մէջ» (հոս ալ եզակի «մտաւորականութիւն»-ն ու յոգնակի որոնք-ը շփոթուած կ՚երեւին), կ՚արժէ վերյիշել, թէ ընդամէնը մէկական նախադասութեամբ երկու անուն յիշած ենք՝ Վահան Տէրեան ու Գրիգոր Արծրունի, փաստական ապացոյցի համար։
ե) Յօդուածին (ի դէպ, նաեւ պատասխանին) խառնափնթոր լեզուն արդէն հասկնալի կը դարձնէր, որ յօդուածագիրը «լեզուագիտական բացայայտումներ կատարելու» յաւակնութիւն ալ չէր կրնար ունենալ։ Ոչ ալ մենք նպատակ ունէինք «գիտելիքներ հրամցնելու “Նոր Յառաջ”-ի էջերէն», հակառակ անոր պնդումին։ Առարկած էինք linguistic genocide դարձուածքի գործածութեան՝ «բաբելոնական վիճակի մատնուած հայերէն»-ի դիմագրաւած վտանգը բնորոշելու համար։ Այժմ, զայն փոխարինած է «լեզուասպանութիւն կամ անգլերէնով՝ linguicide» բառը։ Երկու պարագաներուն ալ, «հռետորական ծայրայեղութիւն» ըլլալէ չի դադրիր՝ եզրաբանական վրիպում ըլլալէ առաջ (linguicide-ը հրեայ ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնիի կողմէ առաջարկուած է՝ ցեղասպանութեան հետեւանքով լեզուի մը անյայտացումը նշելու համար)։
զ) Քանի մը տողով արեւելահայերէնի օտարաբանութիւններու հոլովոյթը յիշած էինք՝ 1870-ական թուականներէն մինչեւ օրս։ Այդ ընթացքին, քննած եւ ուղղած էինք «պարզ ու անխրթին նմոյշները օտար բառերուն որոնք տրուած էին յօրինակ գործածողներու ծանծաղամտութեան եւ ծիծաղելիութեան», որոնց գոնէ կէսը «պարզ ու անխրթին» չէին։ Ծանծաղամիտ ու ծիծաղելի գործածողները նկատառելի թիւ կազմելու են, որպէսզի յօդուածագիրը Գիտութիւններու Ակադեմիայէն հրահանգ մը պահանջէր՝ երեւոյթը սանձահարելու պատրանքով։ Ուրեմն, արեւելահայերէնի բառապաշարի արդի իրավիճակին ծանօթ ոեւէ ընթերցող չի կրնար հալած իւղի պէս ընդունիլ այն առասպելը, թէ անանուն եւ անյայտ թիւով «Սփիւռքէն վերադարձած լղրճուկներ»-ն են, «որոնք իրենց յիմարութեամբ կ՚ապականեն, կ՚աղտոտեն հազիւ մաքրուած արեւելահայերէնը»։
է) Տիկ. Խտըշեան, իբրեւ թէ պատասխանելով մեր քննադատութեան, կը յայտնէ, թէ «Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադառնալու եւ լեզուն մաքրելու համար կարեւոր չէ թէ ո՛վ՝ Գիտութիւններու Ակադեմիա՞ն թէ կառավարական հրամանագրով պիտի առնուի որոշումը»։ Ընդհակառակն՝ կարեւոր է, որովհետեւ խօսելէ առաջ պէ՛տք է իմանալ, որ Գիտութիւններու Ակադեմիայի որոշումները պարտաւորիչ որեւէ բնոյթ չունին, եւ ինչ որ քաղաքական որոշումով փոխուած է (իմա՝ ուղղագրութիւնը)՝ միայն քաղաքական որոշումով կրնայ վերստին փոխուիլ։
ը) Գրելու սիրոյն քով-քովի բերուած պատասխանին թագն ու պսակը վերջաւորութեան զետեղուած հիմնական անհասկացողութիւնն է. «Երբ պարզ ըսուածը դժուար կը հասկցուի ու փաստօրէն դիտաւորեալ կերպով կ՚աղաւաղուի “հմտութեան” ծածկոցով, անտեղիօրէն յատկանշուող հեգնանքով՝ անկարող տեսնելու հիմնական տրոհումը յօդուածին, կարեկցելի է»։ Սակայն, կը կարծենք, որ ո՛չ դժուար հասկցող ենք եւ ո՛չ ալ մտքեր աղաւաղող, քանի որ քմծիծաղով «“հմտութեան” ծածկոց» որակուածը փաստեր վկայակոչելու աշխատանքն է, որ ուղղուած է մեր կարծիքները հիմնաւորելու։ Իսկ յօդուածագրին կողմէ հոս ու հոն «անտեղի», «անպատշաճ», «լեզուի ախտաբանական դրսեւորում» համարուած հեգնանքին տուն տուող պատճառը պէտք է փնտռել անոր թիւրիմացութիւններու երկարաշունչ շքերթին մէջ։ Ուրեմն՝ ո՞վ է կարեկցութեան կարօտը։
«Նոր Յառաջ», 21 Հոկտեմբեր 2017
No comments:
Post a Comment