21.9.16

Հայաստանը «հայրենիք»ի եւ «պետականութեան» միջեւ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
 
Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը ո՛չ միայն առիթ մըն է տօնակատարելու պետականակերտման այս քառորդ դարը, այլ նաեւ լուրջ պահ մըն է յետադարձ հայեացքով նայելու եւ քննարկելու «պետականութիւն» եզրին հասկացողութիւնը եւ, այս պարագային, շատ յաճախ չգոյութիւնը սփիւռքեան քաղաքական մտածողութեան ու տեսադաշտին մէջ: Միշտ չէ, որ երբ «Հայաստան» կամ «հայրենիք» կ’ըսենք, կ’երազենք կամ կը գրենք, «Հայաստանի պետականութեան» գաղափարը կը հասկնանք նոյն պարունակին մէջ: Սոյն յօդուածով կ’ուզեմ քանի մը մատնանշումներ ընել` կապուած «երազային հայրենիք կամ Հայաստան» եւ «պետականութիւն» գաղափարներու փոխկապակցութեան, բայց նաեւ երկրորդին թիւր ըմբռնումին կամ անբաւարար քննարկման` սփիւռքի «Հայաստանակերտման» աշխատանքներուն եւ ջանքերուն մէջ:
9 Սեպտեմբերին «Ասպարէզ» թերթին մէջ ստորագրած իր յօդուածով Ռազմիկ Շիրինեան կը գրէ. «Որո՞նք են Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման անհրաժեշտ տուեալները: Բանակը չի կրնար պետականութիւն կերտել: Բանակէն բացի` կան այլ գործօն տուեալներ, որոնք աւելի կարեւոր դեր կը խաղան պետականութիւն կերտելու գործին մէջ: Այդ տուեալները քաղաքականութիւն ըսուած գործին եւ հասկացողութեան մէջ կը պարփակուին ու ժողովուրդի առօրեային մաս կը կազմեն: Քաղաքական հասկացողութիւն է, օրինակ, արտադրութեան եւ արտածումի կարելիութիւնները, իրաւահաւասար բաշխումը, հաղորդակցութեան եւ երթեւեկի բարելաւման միջոցները, շինարարութիւնը, ժողովուրդի կենցաղին հետ կապուած բազմաթիւ ենթակառուցային հիմնական տուեալները, ինչպէս, օրինակ, գործարաններ, ճամբաներ, կոյուղիներ, ջուրի մատակարարում, խնամքի կեդրոններ եւ այլն»: Շա՛տ լաւ, բայց…
Տուեալներէն առաջ անհրաժեշտութիւն կայ նախ ամրապնդելու ինքնին «Հայաստանի պետականութիւն» մտածողութիւնը: Աւելցնելով այս բոլորին վրայ, քաղաքական հասկացողութեան մէջ նաեւ պէտք է մտնէ Սփիւռքի քաղաքական հասունութիւնը, մանաւանդ` ներկայ համակարգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հարցին մէջ: Այն բոլոր գործօնները, զորս Շիրինեան կը նշէ, ճիշդ են, սակայն` անբաւարար: «Հայրենիքի» շատ յաճախ վիպապաշտ գաղափարներէ եւ հասկացողութենէ մեկնած է, որ առաջնահերթութիւնը կը տրուի ենթակառուցուածքի կամ այլ նիւթական նախաձեռնութիւններու (շատ յաճախ` առանց մարդուժի որակային պատրաստութեամբ)` մտածելով, որ մեր երազած հայրենիքը անշուշտ որ այս բաները պէտք է ունենայ: Զգո՛յշ, յօդուածագիրս գիտակից է, որ այս աշխատանքները անհրաժեշտ են ժողովուրդին բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու համար, սակայն կ’առաջարկէ  նոր ձեւեր գտնել եւ ապահովել նաեւ «քաղաքական բարեկեցութիւն» մը, որ պայմանաւորուած կ’ըլլայ քաղաքական կամ հասարակական ենթակառուցուածքով (political infrastructure): Այս վերջինը յաջող կերպով մտցնելու համար սփիւռքեան օրակարգ` նախ խնդիր կայ էապէս ըմբռնելու «պետականութեան» (statehood) գաղափարը եւ այն բոլոր տարրական հաստատութիւնները (institution), որոնք կ’ենթադրէ ունենալ պետականութիւնը նաեւ փոխկապակցութիւնը` քաղաքական հասունութեան ու հասկացողութեան հետ: Այսինքն հայրենիքի (իր բոլոր իմաստներով եւ շերտերով` ըլլան անոնք վիպապաշտ, ազգայնական, կամ այլ) մեր ըմբռնումին առընթեր ամուր տեղ պէտք է գրաւէ եւ դրոշմուի հիմքային պետականութեան գաղափարը, որուն բարգաւաճման համար ո՛չ միայն նիւթական նախաձեռնութիւններն են կարեւոր, այլ նաեւ` հասարակական համակարգի, քաղաքացիական հասարակութեան, արդիւնաւէտ մամուլի, մասնագէտ ուժերու համատեղման եւ պետականակերտման հետ առնչուող քաղաքական եւ խորքային նմանատիպ խնդիրներ:
Յուլիսեան ցոյցերը եւ «Սասնայ ծռեր»-ով յառաջացած երկշաբաթեայ  քաղաքական տեղաշարժը աւելի ցայտուն դարձուցին ներհայաստանեան ժողովրդային երկբեւեռումը (պետականամէտ կամ ոչ) եւ եկան ապացուցել «քաղաքական բարեկեցութեան» կամ ընդհանրապէս քաղաքական կեանքի մահամերձ վիճակը եւ շատ դէպքերու պարագային` կտրուկ մահը: Յուլիսեան իրադարձութիւնները նաեւ եկան ամրագրել, թէ Սփիւռքը ընդհանրապէս անտեղեակ է ներհայաստանեան քաղաքական կենցաղէն ու շատ յաճախ պատրաստ չէ երթալու փոխզիջման իր (կամ իրենց` «սփիւռքներու») պատկերացուցած Հայաստանի մը պատկերը փոխելու հարցին մէջ: Յուլիսեան դրուագի ժամանակ շատերու խեղաթիւրուած գիտելիքները, անտարբերութիւնը կամ պղտոր արձագանգը (շատեր չգիտցան նոյնիսկ, թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է որդեգրեն) ակնյայտ փաստն էր այս երեւոյթին: Դժուար չէր նկատել սփիւռքեան այն հաւատամքը, թէ «թշնամիներով» շրջապատուած մեր «խեղճուկ» Հայաստանի մէջ բոլորը պէտք է «սիրեն» զիրար, որովհետեւ բոլորը հայ են, եւ որպէսզի աոիթ չընծայեն արտաքին թշնամիներուն օգտագործելու այս հանգամանքը ներքին խռովութիւն յառաջացնելու կամ նոյնիսկ յարձակելու: Ասկէ մեկնած` շատերը «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամները որակեցին արտաքին գործակալներ, այն պատճառով, որ ընդդիմացան ներկայ հայաստանեան իշխանութեան եւ պետութեան, գաղափար մը, որ ինքնին անձեռնմխելի է` ըստ շատերու: Ասկէ մեկնած` նաեւ վերստին ամրագրուեցաւ «պետականութիւնը ամէն բանէ վեր» քաղաքագիծը: Այո՛, պետականութիւնը ամէն բանէ վեր, բայց ի՞նչ կ’ենթադրէ այս պետականութիւնը եւ ի՞նչ բաներ կը ներառէ կամ կը բացառէ, որո՞նք են այս «պետականութեան» խորքային հիմքերը կամ նոյնիսկ քաղաքական աղիւսը: Շատ քիչերն էին, որ անդրադարձան տուեալ քաղաքագիծին այս բաժնին:
Ինչպէս նախապէս ըսած էինք, դժբախտաբար Հայաստանի մէջ պետութիւնն ու իշխանութիւնը միաձուլուած են, եւ այդ պատճառով է, որ որեւէ հակաիշխանական արարք շատ դիւրութեամբ կ՛որակուի որպէս պետականութեան դէմ հարուած: Ահա այս գաղափարական տարանջատումը անհրաժեշտութիւն է լաւապէս հասկնալու Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը: Հայաստան, իշխանութիւն, պետականութիւն. այս երեքին յղացական (conceptual) միաձուլումը Սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս դաշնակցական մտածողութեան մէջ կը ստեղծէ այն քաղաքական երկսայրաբանութիւնն (dilemma) ու տարաբանութիւնը (paradox), որմէ դուրս գալը բաւականին դժուար է եւ ա՛լ աւելի պիտի դժուարանայ, երբ անջրպետը իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած` այս կամ այն քաղաքականութեան եւ լայն հասարակական կարգերուն միջեւ, որոնք շատ յաճախ մեկուսացուած են այդ գործընթացներէն, օրէ օր կը մեծնայ: Հակառակ անոր որ սփիւռքեան ղեկավար մարմիններէ հնչած արտայայտութիւններն ու հարցազրոյցները փորձեցին աւելի բարդ կերպով ներկայացնել իրավիճակը` շատ յաճախ կապելով տարածաշրջանային զարգացումներու, տողատակի ենթադրութիւնները մնացին այս հաւատամքի սահմաններուն մէջ: Դժուար էր տեսնել կամ կարդալ վերլուծումներ (Սփիւռքի մէջ), որոնք իրենց հիմնական մեկնակէտը չառնէին «Հայը հայուն դէմ» պայքարի կամ սպանութեան գաղափարը: Հազուադէպ էր, երբ բոլոր դէպքերը բացատրուեցան պետականակերտման ձախողութեան կամ քաղաքական կեանքի եւ մշակոյթի լճացման լոյսին տակ:
Յետանկախացման շրջանին ստեղծուած ծանր տնտեսական հարուածները, արցախեան պատերազմը, սահմանային շրջափակումը եւ 1988-ի երկրաշարժի պատճառով ստեղծուած ահաւոր հասարակական եւ տնտեսական պայմանները, բնականաբար սփիւռքը մղեցին գերադասելու նիւթական եւ ենթակառոյցի կերտման աշխատանքները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս գործընթացին զուգահեռ, սակայն, ստուերի մէջ մնացին պետականութեան մը համար առողջ քաղաքական կեանք ապահովող կամ, նուազագոյնը, ենթահողը պատրաստող վերոյիշեալ գործօնները:  Սուրիահայերու հոսքը դէպի Հայաստան եւ անոնցմէ շատերու յուսախաբութիւնը «երազային Հայաստանէն» երկրորդ ակնբախ փաստն է: «Անոնք [սուրիահայերը] գաղթականի անորոշ հոգեվիճակին մատնուած են, թէկուզ ունին անկախ հայրենիք մը, որ զիրենք կը հիւրընկալէ: Այս ընթացքով շատերը պիտի ստիպուին Գանատաները եւ Աւստրալիաները մեկնելու, որովհետեւ ներկայ Հայաստանը հայոց երազանքներու Հայաստանը ըլլալէ մղոններով հեռու է», կը գրէ Հրայր Եսայեան սուրիահայերու մասին իր կատարած ուսումնասիրութեան մէջ: Հակառակ անոր որ այս յուսախաբութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ տնտեսական եւ մշակութային ազդակներով, «քաղաքական մշակոյթ»-ի չգոյութիւնը առաւել պատճառ մըն է, որ շատեր չընտելանան իրենց շատ «երազած» Հայաստանին: Բացայայտ այս բախումի առկայութեամբ, հարց կու տամ, թէ որքանով ճիշդ է տակաւին դաստիարակել սերունդներ «երազային Հայաստան»-ի մը գաղափարով կամ հասկացողութեամբ, որ շատ յաճախ կ՛առաջնորդէ յուսախաբութեան կամ նոյնիսկ յուսահատութեան, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարցնել, թէ ինչպէ՞ս ներկայացնել Հայաստանը` որպէս անամբողջական հայրենիք (անամբողջականը շատ յաճախ կազմելով «երազային»-ի այլ հիմք մը), իսկական պետականութիւն (բոլոր բացթողումներով, ինչպէս` համակարգային ձախողութեամբ) կամ երկուքը (եթէ հնարաւոր է):
Երազային Հայաստանի մը փոխարէն, հրամայական է նաեւ մտածել եւ որոնել ձեւեր` ներառելու «Հայաստանի պետականութիւն» հասկացողութիւնը մեր ազգային դաստիարակութեան եւ սերնդակերտման աշխատանքներու ու նաեւ առօրեայ «discourse»-ի մէջ: Պետականութիւն, որ ինչպէս աշխարհի միւս բոլոր երկիրներու պարագային ունի իր թերութիւններն ու բացթողումները եւ բաւական տարբեր է վարդահեղեղ Հայաստանի մը դասագրքային պատկերացումներէ, որոնք շատ յաճախ կը դրսեւորուին «երազային Հայաստանի» մը ակնկալիքով ու անոր դիմաց` շատ արագ յուսախաբութեամբ, երբ դէմ յանդիման կու գանք գետնի վրայ իրականութեան: Յօդուածագիրս քաջ կը գիտակցի, թէ որքան խօսինք կամ գրենք, Հայաստանը շատերու համար «ազգային երազ» մը ըլլալէ պիտի չդադրի (ու նաեւ պէտք չէ դադրի) ու բնականաբար մնայ այն ամառանոցը, ուր տուեալ անձը պիտի երթայ քանի մը նկար քաշուելու հինաւուրց եկեղեցիներու մէջ կամ Սեւանի գեղեցիկ ափերու եւ, ինչո՞ւ չէ, քանի մը «քիւֆիւր» տալու «հարեւաններու» հասցէին` ճոխ սեղաններու շուրջ նստած, «թթի արաղ»-ի բաժակները բարձրացնելու պահուն: Այո՛, այս իմաստով Հայաստանը բնականաբար երազային հայրենիքն է, ուր ամէն մարդ հանգիստ հայերէն կը խօսի կամ կը գրէ, խանութպաններն ու նոյնիսկ զինուորները/ոստիկանները հայ են: Այս երեւոյթը միշտ եղած է ու միշտ ալ պիտի մնայ: «Նօ փրոպլեմ»: Բնականաբար ամէն մարդ ազատ է, եւ դատապարտելի չեն երբեք այս երեւոյթները: Սակայն մտահոգիչ է, որ այն երիտասարդութեան թիւը, որ կարողացած է մէկ քայլ անդին անցնիլ այս բոլորէն, բաւականին քիչ է: Անկախութենէն 25 տարի անց չեմ կարծեր թէ մէկը տարակարծիք է այն մասին, որ Սփիւռքի մէջ լուրջ եւ անմիջական կարիքը կայ քաղաքականացուած երիտասարդութեան, որ մասնագիտական եւ հասուն մօտեցումով պիտի կարենայ բարձրաձայնել այս խնդիրները: Ոչ իշխանամէտ եւ քննական մամուլի ստեղծումը, քաղաքացիական հասարակութեան  զարգացումը, «activist»-ական ընկերութիւններու ֆիզիքական եւ քաղաքական ապահովութիւնը (ընդդէմ ոստիկանական բռնութիւններու օրինակ) եւ նմանատիպ կառուցուածքային եւ ոչ աւանդական (conventional) խնդիրներու  լուրջ եւ խորքային քննարկումն ու իրականացումն է, որ պէտք է առանցքը հանդիսանայ յաջորդ 25-ամեակի պետականակերտման աշխատանքներուն: Ահա այս գործօններն են, որոնք հիմքը պէտք է կազմեն Սփիւռքի մէջ «Հայաստանի պետականութեան» աւելի քաղաքականացուած եւ հասուն ըմբռնումին: Ի վերջոյ ճամբաներով կամ ջուրի մատակարարմամբ չէ միայն, որ պիտի զարգանայ պետականութիւնն ու երկիրը:

«Ազդակ», 21 Սեպտեմբեր 2016

No comments:

Post a Comment