ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը ո՛չ միայն առիթ մըն է տօնակատարելու
պետականակերտման այս քառորդ դարը, այլ նաեւ լուրջ պահ մըն է յետադարձ
հայեացքով նայելու եւ քննարկելու «պետականութիւն» եզրին հասկացողութիւնը
եւ, այս պարագային, շատ յաճախ չգոյութիւնը սփիւռքեան քաղաքական
մտածողութեան ու տեսադաշտին մէջ: Միշտ չէ, որ երբ «Հայաստան» կամ
«հայրենիք» կ’ըսենք, կ’երազենք կամ կը գրենք, «Հայաստանի պետականութեան»
գաղափարը կը հասկնանք նոյն պարունակին մէջ: Սոյն յօդուածով կ’ուզեմ քանի մը
մատնանշումներ ընել` կապուած «երազային հայրենիք կամ Հայաստան» եւ
«պետականութիւն» գաղափարներու փոխկապակցութեան, բայց նաեւ երկրորդին թիւր
ըմբռնումին կամ անբաւարար քննարկման` սփիւռքի «Հայաստանակերտման»
աշխատանքներուն եւ ջանքերուն մէջ: