21.9.16

Քաղաքականացման ժամանակն է

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
 
Հայրենի մամուլին մէջ ամէնօրեայ տեղեկութիւն է ժողովուրդի անգործութիւնը, աղքատութիւնը եւ անօթութիւնը՝ յատկապէս Երեւանի, Շիրակի եւ Տաւուշի շրջաններուն մէջ: Ապաքաղաքականացման ցայտուն երեւոյթ է չքաւորութիւնը: Մեր պարագային՝ անհանդուրժելի, որ Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք հայրենի մեր ժողովուրդը տակաւին կը մնայ սնունդ աղերսող ժողովուրդ:
Մեր հիմնական հարցը, վերջին քսանհինգ տարիներուն, մեր երկիրը կարգի բերելու եւ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ու զարգացման հարցը եղած է: Այս հարցը ուղղակի կը դպչի քաղաքական մեր ներկային, մեր ժողովուրդի կենցաղին, մեր երկրի ապահովութեան, մեր պետութիւն ունենալու իրականութեան, մեր այսօրուան՝ իր ամբողջ տուեալներով:
Որո՞նք են Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման անհրաժեշտ տուեալները: Բանակը անշուշտ հիմնական դեր կը խաղայ երկրի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան գործին մէջ: Մեզի նման զգացական ժողովուրդ մը անկարող է անտարբեր մնալ իր բանակի քաջագործութիւնները տեսնելով: Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն ետք հայը ըմբռնեց ճգնաժամային պահու ընդհանուր ու մասնաւոր նշանակութիւնը եւ կառչեցաւ իր բանակին, կառչեցաւ իր հայրենասիրական քաջագործութիւններուն, սակայն, եւ դժբախտաբար, չկրցաւ կառչիլ իր պետականութեան:
Բանակը չի կրնար պետականութիւն կերտել: Բանակէն բացի կան այլ գործօն տուեալներ, որոնք աւելի կարեւոր դեր կը խաղան պետականութիւն կերտելու գործին մէջ: Այդ տուեալները քաղաքականութիւն ըսուած գործին եւ հասկացողութեան մէջ կը պարփակուին ու ժողովուրդի առօրեային մաս կը կազմեն: Քաղաքական հասկացողութիւն է, օրինակ, արտադրութեան եւ արտածումի կարելիութիւնները, իրաւահաւասար բաշխումը, հաղորդակցութեան եւ երթեւեկի բարելաւման միջոցները, շինարարութիւնը, ժողովուրդի կենցաղին հետ կապուած բազմաթիւ ենթակառուցային հիմնական տուեալները, ինչպէս օրինակ՝ գործարաններ, ճամբաներ, կոյուղիներ, ջուրի մատակարարում, խնամքի կեդրոններ եւ այլն: Այս բոլորին անբաւարար կառուցումն է, որ հեռու պահած է հայրենի ժողովուրդը հանգստաւէտ ու բարեկեցիկ կեանքէ: Հեռու պահած է ժողովուրդը քաղաքականութենէն եւ պետականութենէն: Վերջին հաշուով, կենցաղային բարեկեցիկ իր կեանքը ապահոված ժողովո՛ւրդն է, որ գիտակից ոստում կը կատարէ դէպի աւելի բարձր մակարդակի մարդկային յարաբերութիւններ, կամ՝ մեր հասկացողութեամբ, դէպի ընկերվարական համակարգ:
Այսօր, հայրենի մեր ժողովուրդը, աշխատաւորն ու գիւղացին, բանուորն ու մտաւորականը, տակաւին չեն տիրացած իրենց ազատ ու անկախ հայրենիքին: Ահեթեթ է ներկայ մեր տնտեսական տագնապին ելքը փնտռել դրամատիրական կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ: Կասկածէ վեր է արմատական փոփոխութեան մը անհրաժեշտութիւնը, կամ՝ արտադրութեան ու սպառումի վերաբաշխման նոր համակարգի մը ստեղծումը: Ո՛չ մէկ ազատական քաղքենի միտք կամ հարստութիւն դիզած իշխանաւոր, մասնակցողական կամ հաւասարողական սկզբունքներով տնտեսական վերաբաշխումի կը ձգտի, կամ նոր համակարգի մը յոյսը կը ներշնչէ: Հո՛ս է արմատական փոփոխութեան մը կարեւորութիւնը՝ հայկական արեւելումով ու գոյներով: Այսօր, հայրենիքը պէտք ունի արմատական փոփոխութիւններու, այսինքն՝ յեղափոխութեան, իսկ յեղափոխութեան թիրախը շահագործող տարրն է:
Այս յեղափոխական փոփոխութիւնը կու գայ այն տեղէն, ուր գոյութիւն ունի Դաշնակցութիւնը: Բարեբախտաբար, Դաշնակցութիւնը այսօր մաս կը կազմէ իշխանութեան, մաս կը կազմէ նաեւ ժողովուրդին եւ յեղափոխական իր նկարագիրով կ՛ազատագրէ ժողովուրդը կեղեքումէ, շահագործումէ ու չքաւորութենէ եւ, վերջին հաշուով, կը հաստատէ իշխանութիւն-ժողովուրդ շաղկապուած ու հարազատ պետականութիւն մը:
Հայրենի ժողովուրդին կեանքը յեղափոխական այս բարիքներով կարելի է սահմանել եւ յուսադրել: Հայ ժողովուրդը իր կեանքին ու քաղաքականութեան տէրը պահելու բարիքն է ասիկա: Հայ աշխատաւոր անհատին գործը արժեւորելն է եւ այդ գործին նիւթական, գաղափարական եւ բարոյական վերելք ապահովելն է, որ Դաշնակցութեան քաղաքական մնայուն օրակարգը կը բնորոշէ: Քաղաքականութիւն ըսուածը, համակարգային եւ դիւանագիտական «քլիշէ» յղացքէն դուրս՝ ամէնօրեայ եւ սովորական կեանքի բարելաւման մնայուն գործն է: Հայուն քաղաքականութիւնը կապուած է իր հողին, տան, գործին, իր կենցաղին եւ քրտնախառն աշխատանքին, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային հարստութեան: Իշխանութեան գործը այս կեանքը ապահովելն է ժողովուրդին համար եւ արգիլել կեղեքման տանող շեղումները: Այստեղէն կը բխի նաեւ երկրի պաշտպանութեան գործը: Հայրենիքը չի կրնար հզօր բանակ ունենալ, եթէ հայ գիւղացին, քաղաքացին, մտաւորականն ու շինարարը օտարացած են իշխանութենէն: Այդ բանակը շուտ կը հոգնի, կը պարտուի եւ ժողովուրդ կորսնցնելէն ետք՝ կը կորսնցնէ նաեւ հողը:
Եւ, ինչպէս արդէն կը տեսնենք, ժողովուրդը կ՛արտագաղթէ երկրէն ոչ թէ պատերազմի պատճառով, այլ՝ կենցաղային հիմնական տուեալներու անբաւարարութեան պաճառներով, իշխանութենէն հեռանալուն պատճառով, եւ այս պատճառները յաճախ անտեսուած կը մնան ռազմավարական եւ քաղաքական մեր մտածողութեան եւ քննարկումներուն մէջ:
Երբ ժողովուրդը կեղեքուած ու շահագործուած է, դժուար է սպասումի եւ ակնկալութիւններու մարտավարութեան դիմել: Ինչ որ անհրաժեշտ է այսօր՝ մեր անկախութեան տեւականութիւնը ապահովող յեղափոխութի՛ւնն է, որ հայ անհատի բարեկեցիկ կենցաղը կ՛ապահովէ եւ առաջքը կ՛առնէ հայրենաքանդ արտագաղթին:
Դիւանագիտական ճակատին վրայ շատ ընելիք չունինք: Պէտք չէ ժամանակ վատնենք այդ ճակատին վրայ եւ մեր ուժերը պէտք է կեդրոնացնենք մեր երկիրը կարգի բերելու, կառուցելու ու հայ ժողովուրդին համար բարեկեցիկ կեանք ապահովելու գործին մէջ: Ա՛յս է քաղաքականութիւն ըսուածը: Ասոր մէջ ո՛չ վիպապաշտութիւն կայ, ո՛չ ալ դիւանագիտական խորամանկութիւն: Այլ կայ իրական քաղաքական գործ, պետականութեան կառուցում:
Քաղաքական մեր նիւթերը հարեւանցի նիւթեր չեն: Չեն նմանիր Մինսկի խմբակի ժողովներուն կամ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումներուն: Այլ, կապուած են մեր հողին, մեր տան, արտադրութեան եւ մեր առօրեային: Քաղաքականացման անհրաժեշտութեան ամենալո՛ւրջ պահն է, զոր կ՛ապրինք այսօր:

No comments:

Post a Comment