Թուրքիա տուած
Նոյեմբեր 28-30ի եռօրեայ այցելութենէն ետք, Փրանկիսկոս Պապը մամլոյ ասուլիս մը
տուած է Պոլիսէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքին մէջ։ Արժանթինեան «Լա Նասիոն»
օրաթերթին թղթակիցը գրած է Նոյեմբեր 30ի թիւին մէջ.
«Փրանկիսկոս կրկին
ապացուցեց դիւանագիտական մեծ կարողութիւն, պատասխանելով հարցումի մը հայկական
ցեղասպանութեան մասին, որուն հարիւրամեակը պիտի նշուի յառաջիկայ տարին։ Նիւթը
չշօշափուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, երկիր մը, որ չի ճանչնար զայն։ Պատմելէ ետք, որ
Պոլիսէն մեկնելէ առաջ գացած էր այցելելու հայ ուղղափառ պատրիարքը [Թուրքիոյ հայոց
պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան], որ շատ հիւանդ է եւ հիւանդանոցի մէջ, առանց
«ցեղասպանութիւն» բառը յիշելու Պապը նշեց, թէ անցեալ տարի Էրտողան, երբ տակաւին վարչապետ
էր, նամակ մը ղրկած էր այդ թուականին։ “Նամակ մը զոր շատերը շատ թոյլ նկատեցին,
բայց որ իմ կարծիքով ձեռք երկարել էր, ինչ որ դրական էր իմ կարծիքով”, նշեց,
աւելցնելով, որ “թուրք-հայկական սահմանին բացումը շատ լաւ պիտի ըլլար, թէեւ գիտեմ,
որ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ կան”»։
No comments:
Post a Comment