22.5.14

Ամերիկացի դիւանագէտները կը շարունակեն խօսիլ Ղարաբաղի «7 շրջաններու ազատագրում»ին մասին

Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Մայիս 7էն ի վեր արդէն երրորդ բարձրաստիճան ամերիկացի դիւանագէտն է, որ կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութեան մասին: Մինսքի խումբի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի եւ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի ծանօթ պնդումներուն յաջորդած է նաեւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութեան ղեկավարին յայտարարութիւնը. «Լեռնային Ղարաբաղին յարող 7 շրջաններու ազատագրումը անվերապահ պայման է եւ կը հանդիսանայ լուծման բաղադրիչներէն մէկը»,- յայտնած է ան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին:
Ամերիկացի դիւանագէտը, խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին, նշած է թէ յետագայ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի յստականայ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը:
Ամերիկացի դիւանագէտին հարցազրոյցը ուշագրաւ է այլ տեսանկիւնէ մը եւս. Ռիչըրտ Մոռնինկսթար թերեւս առաջին արեւմտեան դիւանագէտն է, որ բացայայտօրէն կը յայտարարէ, թէ ղարաբաղեան լուծման ուղղուած ջանքերու աշխուժացումը ուղղակի առընչուած է Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն հետ: «Այն բոլոր քայլերէն ետք, որոնց Ռուսաստան ձեռնարկած է Ղրիմի մէջ, ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, թէ Մոսկուա կամ այլ երրորդ կողմ մը ինչպէ՛ս ստեղծուած իրադրութիւնը պիտի օգտագործէ»,- նշած է Մոռնինկսթար, չնշելով, սակայն, թէ ո՛ր պետութիւնը նկատի ունի «երրորդ կողմ» ըսելով:
Մոռնինկսթար նաեւ խստիւ քննադատած է ատրպէյճանական իշխանութիւնները` ընդդիմադիր գործիչներու, քաղաքացիական գործիչներու եւ լրագրողներու դէմ չդադրող հետապնդումներուն պատճառով: Ըստ անոր, այսպիսի գործելակերպ կը վատթարացնէ Արեւմուտքի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները: Ամերիկացի դեսպանը նաեւ նկատել տուած է, որ նման քայլեր կը թուլացնեն Ատրպէյճանի դիրքերը ղարաբաղեան լուծման բանակցային սեղանին շուրջ:
«Եթէ յարաբերութիւնները վատթարանան, այդ պարագային ո՞վ Ռուսաստանի առջեւ պիտի պաշտպանէ Ատրպէյճանի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Ո՞վ չէզոքի դերը պիտի խաղայ, որպէսզի ղարաբաղեան տագնապը արդար լուծում գտնէ, եւ իրադարձութիւնները անցանկալի հունով չզարգանան»,- նշած է Մոռնինկսթար, պնդելով, որ իր տպաւորութեամբ` աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումներու գծով ազէրպայճանական կառավարութիւնը պառակտուած է:
Դեսպանը նշած է, որ ինք կ՚ենթադրէ, թէ կառավարութիւնը միատարր չէ, եւ այնտեղ կան մարդիկ, որոնք կը փափաքին վնաս հասցնել Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, կը խոչընդոտեն արեւմտեան կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը: Ըստ Մոռնինկսթարի, նախագահ Ալիեւ այդ մարդոց շարքին չի գտնուիր:

ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ ՄՈՌՆԻՆԿՍԹԱՐԸ

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը Մոռնինկսթարը մեղադրած է երկրին ներքին քաղաքականութեան միջամտելու յանցանքով: Նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլայեւ յայտնած է. «Ատրպէյճան անընդունելի կը նկատէ իր ներքին քաղաքականութեան միջամտելու փորձերը: Ատրպէյճան երբեք որեւէ երկրի ներքին գործերուն չէ միջամտած եւ նոյնը կ՚ակնկալէ այլ երկիրներէ»: Ըստ անոր, պետութիւններու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուին իրարահաւասարութեան սկզբունքին վրայ: «Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ այդպիսի քաղաքականացուած յայտարարութիւնները եւ ատրպէյճանական անկախ դատարաններու գործունէութեան միջամտելը հարուած կը հասցնեն Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու երկկողմանի յարաբերութիւններուն»,- ըսած է ան:
Ապտուլայեւ ամերիկացի դեսպանը մեղադրած է նաեւ Վիեննայի ուխտը խախտելու յանցանքով: «Ըստ Վիեննայի ուխտին, դիւանագիտական աշխատողներու հիմնական խնդիրը պետութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելն ու ամրապնդելն է: Գերիշխան պետութեան ներքին գործերուն միջամտելու փորձերը բարեկամական յարաբերութիւններուն վնաս կը հասցնեն»,- ըսած է Ապտուլայեւ:
Նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահութեան քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով: Ան APA-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ակնարկելով Մոռնինկսթարի կողմէ կատարուած Ուքրանիա-Ատրպէյճան զուգահեռին, նշած է. «Ուքրանիոյ Մայտան շարժումը կարգ մը միջազգային ուժերու ծրագիրն է, եւ անոնք պատասխանատու են այդ երկրին մէջ պատահածին՝ քաղաքացիական պատերազմին, քաոսին, անիշխանութեան եւ պետութեան քայքայման: Եթէ այդ ուժերը կը փափաքին նոյն հոլովոյթը Ազէրպայճանի մէջ տեսնել, մեր պարտականութիւնն է զայն կանխարգիլել»:
Ան ըսած է, որ Մոռնինկսթարի կողմէ յառաջ քշուած պնդումները կը յիշեցնեն զեկուցումները կարգ մը օտար ոչ-կառավարական կազմակերպութեանց, որոնք ծանօթ են տարիներով հայկական Սփիւռքի ազդեցութեան տակ ըլլալու պատճառով իրենց որդեգրած հակատրպէյճանական կեցուածքով:

«Նոր Յառաջ», Մայիս 22, 2014

No comments:

Post a Comment