15.9.13

Հայերը Պոլիվիոյ մէջ . . . 5500 թէ 15000 տարի առա՞ջ


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Se non è vero, è ben trovato
Եթէ ճշմարիտ չէ, ճիշդ գտնուած է»)
Իտալական ասացուածք

Նոր չէ, ոչ ալ հայկական «հիւանդութիւն» պէտք է սեպել, անձի մը ինքնութեան, լեզուներու փոխյարաբերութեան կամ նիւթի մը վերաբերեալ չնաշխարհիկ տեսութիւններու հրապարակ նետուիլը։ Ժամանակին, անոնք միայն թերթերու կամ գիրքերու մէջ կը գտնուէին, իսկ հիմա համացանցը՝ ամէնուրեք իր մուտքով, նման տեսութիւններու զարգացման անսահմանափակ դաշտ մըն է։ Եթէ խորհրդաւոր կամ կասկածելի թուացող երեւոյթ մը կայ, կամ կիսափաստ մը գոյութիւն ունի որ իբրեւ մեկնակէտ կրնայ ծառայել, ատիկա բաւարար կը դառնայ, որպէսզի գիտական խստապահանջութիւնը մէկ կողմ դրուի եւ «ինչո՞ւ չէ» ըսուի, ապա վարկածը իբրեւ ճշմարտութիւն ներկայացուի եւ, վերջաւորութեան, «պաշտօնական» գիտնականներու «լռութիւնը» կամ «հայամերժութիւնը» ձաղկուի։
Հոս կ՚արժէ մէջբերել հայրենի հանգուցեալ լեզուաբան Ռաֆայէլ Իշխանեանի տեղին մէկ խորհրդածութիւնը, որ պէտք է ուղեցոյց ծառայէ մեր պատմութեան ամենատարբեր ժամանակներու լուրջ (եւ անլուրջ) ուսումնասիրողներուն.
«Ընդհանապէս, պատմական ճշմարտութիւնը երկու յենարան ունի՝ փաստ եւ տրամաբանութիւն։ Այսինքն՝ եղած փաստերի անկողմնակալ գնահատում մարդկային բանականութեամբ։ Եթէ այս յենակէտերից մէկը կայ կամ խախուտ է եւ կամ նրանց խանգարում են վերը յիշուած գործօնները, անհնար է բաղձալի ճշմարտութեան հասնել» (1)։
Փաստի եւ տրամաբանութեան փոխյարաբերութեան ակնյայտ պակասը մեզ մղած է անդրադառնալու վերջերս արծարծուող երեւոյթի մը, որուն լրջութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու բոլոր հիմքերը կան։
Մեր բոլոր աշխարհագրութեան դասագիրքերը կը վկայեն, որ Սեւանը աշխարհի ամենաբարձր լիճերուն մէջ երկրորդն է, առաջինը ըլլալով Թիթիքաքան, որ կը գտնուի Պոլիվիոյ եւ Փերուի սահմանին վրայ։ Արդ, վերջերս դրուած հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ հայերը չէին կրնար նաեւ հաստատուիլ այդ լիճին մերձակայքը եւ հայերէնի հետքերը ձգել Պոլիվիոյ եւ Փերուի բնիկ ցեղերէն այմարաներու լեզուին մէջ։ Քանի մը շաբաթ առաջ (Յուլիս 31), «Սենսացիոն բացայայտում. նախամաշտոցեան հայոց գրեր՝ յայտնաբերուած Բոլիվիայում» խորագրուած հարցազրոյց մը հրապարակուած էր համացանցի մէջ (nyut.am), կատարուած՝ «Հարաւային Ամերիկայում, աւելի որոշակի` Բոլիվիայում շուրջ 5500 տարուայ վաղեմութեան մի կաւէ անօթի եւ դրա վրայ հայերէն տառերի առկայութեան մասին (...) փաստագրական մի տեսանիւթում դրանք առաջինը նկատած Մայր Աթոռի հայորդաց տների տեսուչ-տնօրէն Հայր Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեանի հետ»:
Արդ, նկատի պէտք է ունենալ, որ 5500 տարի առաջ՝ Ք. Ա. 3500 թուականի շուրջ, ըստ գիտութեան մէջ ցարդ տիրական տեսակէտին, հնդեւրոպական մայր լեզուին տրոհումը հազիւ թէ սկսած էր, ո՞ւր մնաց, թէ հայախօս մարդոց գոյութիւնը կարելի ըլլայ փաստարկել։ Արդեօք տրամաբանակա՞ն է հայցել, որ «հայ գիտնականներից գոնէ մէկ հոգի գործուղղուի Բոլիվիա եւ տեղում հնարաւորութիւն ունենայ այդ անօթը հետազօտելու», երբ Ք.Ա. 3500ին ընդհանրապէս այբուբենի գոյութիւնը յայտնի չէր աշխարհի մէջ, որպէսզի հայերէն տառերու գոյութեան մասին խօսինք։
Հ. Կոմիտաս դիտել տուած է.
«Եթե մի պահ ընդունենք, թե յետագայում ինչ-որ մի հայ այդ անօթի վրայ հենց այնպէս հայկական տառեր է գրել, ապա նա, կարծում եմ, ոչ թե պարզապէս տառեր կը գրէր, այլ իր անունը կամ ինչ-որ բառ, բառեր: Սրանից ելնելով` կարելի է ենթադրել, որ անօթի վրայ հայոց տառերը գրելը, դրանց հետ նաեւ խաչեր պատկերելն ունեցել է ինչ-որ նպատակ»:
Մէկդի ձգենք, թէ Է, Հ, Չ, Ձ, Ղ, Դ, Յ, Ո, Ռ, Ց գիրերուն նմանող նշաններու երեւումը՝ ըստ հոգեշնորհ վարդապետին, «ինչ-որ նպատակ կրնայ ունենալ» (ծագումով ոչ-քրիստոնէական խաչի ներկայութիւնը՝ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն, որեւէ առնչութիւն չի կրնար ունենալ հայերու հետ)։ Հաւանաբար անհրաժեշտ չէ մէկը ղրկել Պոլիվիա, որպէսզի պարզէ, թէ ի՞նչ հայերէն կամ նախահայերէն բառ կրնանք կազմել այդ տառանման նշաններով։
Մարդ կրնայ վկայակոչել, օրինակ, հնագոյն պատմութեան «սենսացիոն» գիւտեր ընող ու Ph.D.-ով զինուած Գլայտ Ուինթըրզ անունով ամերիկացի մը, որ «ապացուցած է», որ Պոկոթիայի շրջանը -- ուրկէ կու գայ խնդրոյ առարկայ անօթը -- գտնուած մենաքարը նախասումերկան լեզուով կը կարդացուի եւ որ սումերները... մինչեւ Պոլիվիա նաւարկա՜ծ են անագ գտնելու համար, կարծես թէ հին աշխարհի մէջ աւելի մօտիկ տեղ չկար։ Ըստ անոր, inca բառը սումերական Enki աստուածութենէն կրնայ բխիլ, իսկ պոլիվիական Potosi քաղաքին անունը՝ ակկադական patesi «տէր» բառէն։ Ի դէպ, Ուինթըրզ, որուն ափրիկակեդրոն (afrocentric) տեսութիւնները ամէն ինչ Ափրիկէէն կը բխեցնեն, բազմաթիւ գիրքերու շարքին հատ մըն ալ ունի "African Empires in Ancient America" վերնագրով...։
«Կարծում եմ», որ եթէ «հենց այնպէս» մէկը գրած ըլլար այդ տառերը, կրնար նաեւ գրել անկապ բաներ։ Փողոցային graffiti գրողները անպայման կապակից բանե՞ր կը գրեն միշտ։ Կը մնայ վերծանել, թէ ի՞նչ հայերէն բառ կ՚ելլէ վերոյիշեալ տասը տառանման նշաններէն։ 
Հ. Կոմիտաս կ՚աւելցնէ հետեւեալը.
«Վրացիներն ու ադրբեջանցիները, վերջին շրջանում` նաեւ ռուսները, իրենց տեսակէտների մէջ նոյնիսկ անհեթեթ ծայրայեղութիւնների են հասնում` առանց գիտական մակարդակին ուշադրութիւն դարձնելու, իսկ հայ գիտնականները, չնչին բացառութեամբ, միշտ չափից աւելի համեստութիւն են դրսեւորում: Նրանց կարծիքով` մեր արժէքները երբեք չեն կարող հին լինել, պէտք է լինեն առաւելագոյնը մինչեւ ուրարտական ժամանակաշրջանը, ո՛չ աւելի, իսկ երբ խօսքն Ուրարտուի մասին է, ապա, ըստ ոմանց, նոյնիսկ Մեծամօրն է ուրարտական…»
Արդեօք ո՞վ աւելի ծիծաղելի դրութեան մէջ է. վրացի, ատրպէյճանցի կամ ռուս «գիտնականնե՞ր»ը, որոնք «անհեթեթ ծայրայեղութիւնների են հասնում՝ առանց գիտական մակարդակին ուշադրութիւն դարձնելու», թէ՞ հայ գիտնականները, որոնք զգուշաւոր կերպով կը վարուին, մինչեւ որ գիտականօրէն բաւարար փաստեր ըլլան։ Եթէ առաջինները «աղաղակում են ամբողջ աշխարհով մէկ», իսկ մենք «ճշմարտութիւնները քօղարկում, ծածկում կամ անտեսում ենք, այդ մասին լռում», ատիկա չի նշանակեր, որ նախ՝ աղաղակողները անպայման ճիշդ են յաչս աշխարհի, եւ որ մենք փաստած ենք, որ այդ «ճշմարտութիւնները» իրօք ճշմարտութիւններ են եւ, այսուհանդերձ, կը լռենք: Աւելի վնասակար են մերազն մարդիկ, որոնք անհեթեթ ծայրայեղութիւններու կը հասնին՝ առանց գիտական մակարդակին ուշադրութիւն դարձնելու, եւ ապա «հայատեաց», «հայամերժ», «հակահայ» եւ բազմաթիւ այլ ածականներ կը շռայլեն զանոնք հիմնաւոր կերպով քննադատողներուն։ Նման մարդիկ, դժբախտաբար, եւ իրենց բեմ տուողները, կամայ թէ ակամայ, պարզապէս հայելին կը դառնան վերոյիշեալ այլազգի «գիտնականներ»ուն։
Այս նիւթին առնչակից է ուրիշ հարցազրոյց մը, որ երեք տարի առաջ (Հոկտեմբեր 26, 2010) լոյս տեսած էր «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ։  Ան կը հաղորդէր, որ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մէրի Սարգսեանը հայերէն եւ այմարա լեզուներու յարաբերութիւնը ուսումնասիրած է։ Ի դէպ, տիկին Սարգսեանը հայերէնի թարգմանած է իր հանգուցեալ հօր՝ ռատիոֆիզիկոս եւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ Պարիս Հերունիի (1933-2008) գիրքը՝ «Հայերը եւ հնագոյն Հայաստանը» (2011. սկզբնապէս անգլերէն լոյս տեսած է 2004ին), որուն նպատակը ձեւակերպուած է ներածութեան մէջ. «Ստացւում է, որ այս գիրքը առաջին գիտական փորձն է բացայայտելու համար այն, որ Հայկական Լեռնաշխարհում ծագած հայկական քաղաքակրթութիւնը աշխարհում առաջինն է եղել եւ հանդիսացել է բոլոր մնացած քաղաքակրթութիւնների բնօրրանը»։
Մ. Սարգսեան բացատրած է, որ իր մտածումներուն մեկնակէտը եղեր է «Սասուն» բառին ստուգաբանութիւնը, որ բառարաններուն մէջ չկայ։ Իմացեր է այմարաներու մասին, որոնց մէկ առասպելի մէջ «պատմում են, որ ծովով իրենց մօտ եկան սպիտակամորթ, գանգրահեր, շիկահեր, կապտաչեայ մարդիկ, որոնք համարուել են իրենց աստուածները, որովհետեւ գալով այստեղ` իրենց սովորեցրել են ձուլագործութեան գաղտնիքները, նաեւ ճարտարապետական գաղտնիքներ, սովորեցրել են միակնութիւնը: Այդ ժամանակներում ձուլագործութիւնն առաջին հերթին Հայաստանում է եղել»։
«Այդ ժամանակներում», այսինքն՝ 15.000 տարի առաջ։ Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուն թերեւս լուր չունի, որ մետաղագործութեան ցարդ յայտնի հնագոյն օճախները աշխարհի մէջ 7.000-9.000 տարեկան են։ Միւս կողմէ, եթէ «ձուլագործները» գանգրահեր, սպիտակամորթ, շիկահեր եւ կապուտաչեայ մարդիկ էին, ատիկա բաւարա՞ր է զանոնք հայերու հետ նոյնացնելու։  Միայն ձուլագործութեան գիւտը ընողնե՞րը կրնային Ատլանտեան ովկէանոսը կտրել եւ Հարաւային Ամերիկայի կէսէն աւելին անցնիլ՝ արեւելքէն արեւմուտք, մինչեւ Թիթիքաքա լիճը հասնելու համար։ Յիշեցնենք, որ «տեսութիւններ» եղած են, թէ վիքինկները – որոնք շատ աւելի յայտնի են, որպէս հեռաւոր ճամբորդութիւններու նաւաստիներ, քան հայերը – հաստատուած են... Փարակուայ, որ Պոլիվիայէն շատ հեռու չէ։
Ի դէպ, ԺԶ. դարուն ացտեկներուն մէջ քարոզչութեամբ զբաղած փրանկիսկեան միսիոնար մը պնդած է, որ ացտեկներու աստուած, փետրաւորուած օձի կերպարանք ունեցող Քեցալքոաթլը (որուն հետ ացտեկները իբրեւ թէ շփոթած են Մեքսիքօ նուաճող սպանացի Հեռնան Գորթէսը) սպիտակամորթ, շիկահեր եւ կապուտաչեայ էր։ Լիազօրուած ենք, ուրեմն, Մեքսիքօ երթալու եւ հայկական հետքեր հոն փնտռելու...։
Աւելցնենք, որ թէ՛ Փերուի եւ թէ՛ Մեքսիքոյի պարագային, փաստուած է, որ աստուածութիւններու սպիտակութիւնը մաս չէ կազմած տեղաբնիկներու առասպելներուն, այլ՝ սպանացի նուաճողներու հաղորդումներուն։ Ուրեմն, որքանո՞վ վաւերական փաստերու վրայ կը յենին մարդիկ՝ իրենց տրամաբանութիւնը բանեցնելու համար։
Շարունակելով, Մ. Սարգսեան յայտնած է. «Կարելի է ենթադրել, եթէ չպնդել, որ եկուորները հայեր են եղել: Նոյն լեգենդում կայ իրենցՎիրակոչաանունը, եւ եթէ շատ համարձակ լինենք, ապա կարող ենք ստուգաբանել որպէսի վերուստ կոչուած”»։ Արդեօք շատ համարձակ չէ՞։ Wiracocha աստուածութիւնը ստուգաբանուած է քեչուա լեզուով որպէս «ծովու իւղ կամ փրփուր»(2), քանի որ ծնած էր Թիթիքաքա լիճէն, իսկ քեչուա լեզուն ալ կը խօսուի այդ լիճին շուրջ։ Ընդհանրապէս գերագոյն աստուածութեան մը անունը զայն պաշտող ժողովուրդին կամ ժողովուրդներէն մէկուն լեզուէն չի՞ բխիր։
Հետազօտողը յետոյ գտած է «Կալասասայա» անունը՝ հրապարակ մը, ուր Վիրակոչայի բարձր արձանը կանգնած էր, շրջապատուած քարերով։ Այդ բառը այմարա լեզուով կը նշանակէ «կանգուն քարեր», իսկ «կալը» հայերէն քար բառը ըլլալով (՞), յանգած է այն «եզրակացութեան», թէ Կալասասայա եւ Սասուն «նոյն նշանակութիւնն ունեն՝ անսասան, պինդ»։ Հապա՞ պարսկերէն քալէ («դղեակ») բառը. չէ՞ որ բերդերն ալ քարերով շինուած են (թէեւ հաւանաբար հեղինակը պիտի առարկէ, թէ պարսկերէն բառն ալ հայերէն քարէն բխած է)։ Եթէ 15.000 տարի առաջ հայերէնը կար, պարսկերէնն ալ կրնար գոյութիւն ունենալ (կամ որեւէ ուրիշ հնդեւրոպական լեզու, երբ մեր երեւակայութեան ուժ կու տանք)։
Մ. Սարգսեան այմարա-անգլերէն 600 բառ պարունակող բառարանէ մը քաղած է 57 «հայարմատ» բառեր, մօտ 10 առ հարիւրը. «Գիտութեան դոկտորներն ասացին, որ նոյնիսկ երեք բառի նոյնարմատ լինելը առիթ է մտածելու, որ կայ լեզուական փոխառութիւն»: Սակայն, մտածելու առիթը չի նշանակեր, որ լեզուական փոխառութիւնը անպայման գոյութիւն ունի։ Օրինակ՝ այդ բառերէն մէկը «փիսի» է, որ կը նշանակէ «կատու» եւ հայերէն փիսիկի հետ կը համեմատուի։ Ինչպէ՞ս հայերը կրնան «փիսիկ»ը (ընտանի կատուն՝ 15.000 տարի առաջ...) տարած ըլլալ Հարաւային Ամերիկա, երբ այդ բառը, օրինակ, ո՛չ «Հայկազեան» բառարանին եւ ո՛չ ալ Աճառեանի «Արմատական»ին մէջ կայ, այսինքն՝ հայերէնի արմատ չի համարուիր (կ՚ենթադրուի, որ նման բառեր ծագում առած են կատուները կանչելու ձայնէն. անգլերէն puss, օրինակ, եւ այլն)։ Հապա եթէ ռումանացիները կամ սարտինացիները տարա՞ծ ըլլային. չէ՞ որ ռումաներէն «կատու» կ՚ըսուի pisica, իսկ սարտիներէն՝ pisittu...։
Առնենք ուրիշ բառ՝ այմարերէն siraն, որ կրնայ թարգմանուիլ որպէս հայերէն սէր։ Եթէ նկատի ունենանք, որ վիքինկները հասեր են Ամերիկա (1000 տարի՞, թէ՞ 15000 տարի առաջ, Հիւսիսայի՞ն, թէ՞ Հարաւային Ամերիկա, ի՞նչ է տարբերութիւնը տեսութիւններ յերիւրողներու համար), իրաւունք չունի՞նք առաջարկելու նորվեկերէն siri բառը, որ կը նշանակէ «յաղթանակի առաջնորդող գեղեցիկ կին» (այդ անունէն ծագած է iPhoneի «խօսող» օգնականուհիին անունը)...։
Մ. Սարգսեան 2004ին գրուած անգլերէն յօդուած մը ունի համացանցի մէջ (www.aymara.org/biblio/armenios Այս յօդուածէն երկու թռուցիկ քաղուածք բաւարար են որպէս եզրակացութիւն։
Այսպէս, նիւթին անցնելէ առաջ (էջ 3), հեղինակը կը գրէ (զանց կ՚ընենք անգլերէնի սխալներու սրբագրութիւնը).
"For example, You can find the name of Caspean Sea in the old maps used in Old Russia – “Гирканское море” (rus.) – Girkan Sea. This name can’t be etymologized neither by Russian, nor by any other languages, whereas, trying to say it in Armenian, we can guess immediately it means “Sea, held with mainland all around, without any connections with Ocean” գրկել, գրկած (grkel, grkats) means “held, hold”, գիրկ (girk)– hold smb., smth. in one’s arms."
Այսինքն՝ հին ռուսական քարտէսներուն գործածած Girkanskoe more անունը Կասպից ծովուն համար կարելի չէ ռուսերէնով կամ այլ լեզուներով ստուգաբանել, բացի հայերէնէ (գիրկ, գրկել)։
Ռուսական բանասիրութեան մասնագէտ Մ. Սարգսեան ըստ երեւոյթին անտեղեակ է, որ այդ անունը ռուսական ծագում չունի, որ ռուսերէնը h գիր չունենալով՝ g տառով կ՚արտայայտէ հ հնչիւնը (հմմտ. Հրանտ - ռուս. Грант [Grant]), եւ որ ռուսերու գոյութենէն առաջ Կասպից ծովը լատիներէն Mare Hyrcanium կը կոչուէր, իսկ անոր հարաւային շրջանը յոյները կը կոչէին Hyrcania։ Այս անունը բխած է հին պարսկերէն Verkanaէն, որ հայ մատենագրութեան մէջ մնացած է... Կասպից ծովու հին անունով՝ Վրկանաց ծով։
Ահա նաեւ ստուգաբանութեան օրինակ մը՝ ըստ բախտի ընտրուած.
"Chamouna means “to suck” and looks like our ծամօն (tzamon) (“chewing gum”)."
Այսինքն՝ այմարա chamouna կը նշանակէ «ծծել» եւ կը նմանի ծամօն բառին։ Արդարեւ, հայերը գացեր են Պոլիվիա (յօդուածը խորագրուած է "15,000 Years Ago: Armenian Language's Trace in America", այսինքն՝ «15.000 տարի առաջ. հայերէնի հետքը Ամերիկայի մէջ») եւ ծամօնը (անցեալ դարուն ստեղծուած բառ մը՝ հնդեւրոպական ծագում ունեցող ծամ(ել) բառէն) տարեր են իրենց հետ ու անոր գործածութիւնը սորվեցուցեր են այմարաներուն, որոնք զայն դարձուցած են... «ծծել» բառը։ Այն ծամօնին գործածութիւնը, զոր սպանացիերը տարած են Ամերիկայէն 16րդ դարուն՝ ացտեկներէն ու մայաներէն սորվելէ ետք անոր գոյութիւնն ու անունը (նահուաթլ tziktle / մայա tsictle > սպաներէն chicle), եւ որուն նախանիւթը ամերիկեան ծագում ունի եւ ո՛չ՝ եւրոպական կամ ասիական...։
Այս բոլորէն ետք, կարելի չէ զարմանալ, որ 2004ին Մ. Սարգսեան յօդուած մը ներկայացուցած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների»ին (թերեւս՝ անգլերէն յօդուածին բնագիրը) եւ նախ «մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին եւ դրեցին հերթի», իսկ «երկու տարի հերթում» մնալէ ետք, «գլխաւոր խմբագիրը կանչեց, թէ` չենք տպելու, յօդուածը խիստ հայամէտական է»: Հաւանաբար գլխաւոր խմբագիրը՝ Ակադեմիայի թղթակից անդամ ու պատմաբան Ալբերտ Խառատեանը, հասկցած է, որ այսպիսի «խիստ հայամէտական» (այսինքն՝ հայերէնը ամէն բանէ վեր համարող, ներառեալ՝ տրամաբանութիւնը) յօդուած՝ իր կասկածելի հիմքերով, պարզապէս հանդէսի վարկին վնաս պիտի բերէր։
Ֆինլանտացի Սեփօ Թիւսանեն՝ կենսաբանութեան դոկտոր մը, որ Նիքարակուա կ՚ապրի եւ ծինագիտական (genetic) ուսումնասիրութիւններով կը զբաղի, շատ ոգեւորուած է եղեր այս գիւտերով. «Յօդուածը հաստատել էր նրանց կենսաբանական տեսութիւնն այն մասին, որ որոշ հին ժողովուրդներ կարող են ունենալ ընդհանուր գէներ: Այմարների մէջ նրանք հայկական գէներ են գտել։ Ես չեմ կարող դա ոչ պնդել, ոչ հաստատել, քանի որ կենսաբան չեմ, կը պնդեմ միայն լեզուական նմանութիւնը»: Ասիկա նոր թեւեր տուած է հետազօտողին, որ Նիքարակուայէն ստացած այմարա-սպաներէն 3000 բառ պարունակող բառարանէ մը յաւելեալ «գիւտեր» շարունակած է ընել։
Անոր փոխարէն, այդ պնդումը արդէն ըրած է «Այմարներ՝ հայաբառ եւ հայագէն... հնդկացիներ» խորագրով անստորագիր գրութեան հեղինակը (Յուլիս 8, 2013, boon.am), որ աներեւոյթին մէջ իր թափառումները (ինչպէս պիտի ըսէր Հ. Վարդան Հացունի) հիմնաւորելու համար կը յիշատակէ վերջին տարիներուն նորզելանտացի գիտնականներ Ռասըլ Կրէյի եւ Քուէնթին Աթքինսընի յառաջ քաշած տեսութիւնները, որոնք հնդեւրոպական մայր լեզուի տրոհումը կը դնեն Ք.Ա. 6700ի շուրջ, իսկ հայերէնի գոյառումը՝ Ք.Ա. 5300ի շուրջ։ Ատիկա եւ ուրիշ կարծիքներ դրօշակի նման ծածանելէ առաջ, կը կարծենք, որ նաեւ պէտք է ծանօթանալ անոնց քննադատութեան փաստարկներուն՝ «պաշտօնական գիտութիւնը, սակայն, ելնելով քաղաքական խաղերի գործիք լինելու իր դերից, պարզապէս աչք է փակում բազմաթիւ ապացոյցների վրայ» տեսակի անապացոյց արտայայտութիւններ արձանագրելու փոխարէն։
Ո՛չ մարդկային երեւակայութիւնը սահմաններ ունի, ոչ ալ «մատներից ծծած», ինչպէս կ՚ըսեն Հայաստան, փաստեր հրամցնելու մարմաջը։ Օր մը, թերեւս, պիտի տեսնենք "Star Trek" գիտա-երեւակայական հաղորդաշարի klingon լեզուի հայկական արմատներուն «ապացուցում»ը...։

«Նոր Յառաջ», Սեպտեմբեր 10 եւ 12, 2013

 ------------------
(1)    Ռաֆայէլ Իշխանեան, Հայ ժողովրդի ծագման ու հնագոյն պատմութեան հարցեր, Երեւան, «Հայաստան», 1988, էջ 4։ 
(2)    Robert V. H. Dover, Katharine E. Seibold, and John Holmes McDowell (1992), Andean Cosmologies Through Time: Persistence and Emergence. Caribbean and Latin American Studies, Bloomington, Indiana University Press, 1992, p. 56.

No comments:

Post a Comment