ՆԱՐԻՆԷ ԳՈՆՃԱՅԵԱՆ
Այս
գիրքը հաճելի ընթերցանութիւն մը պիտի ըլլայ այն ընթերցողին համար, որ կը
կարեւորէ Հայաստան-սփիւռք եւ հայաստանցի-սփիւռքահայ յարաբերութիւնները:
Ինծի համար օգտակար էր սփիւռքահայ իրապաշտ մտաւորականի մը դիտանկիւնէն
քննել հայաստանեան կեանքի տարբեր ոլորտները՝ քաղաքական, տնտեսական,
կենցաղային, մշակութային...:
Հեղինակը կը պատկանի սփիւռք ծնած
երրորդ սերունդին (ծնած է Ուրուկուայ, յետոյ Արժանթին ապրած, իսկ այժմ
Միացեալ Նահանգներ կը բնակի), որ «հայութեան կը մօտենայ ո՛չ այնքան
զգացումի ճամբով, այլ կը փորձէ մտքով, դատողութեամբ ու ընդհանրապէս
բանականութեամբ գտնել իր ճանապարհը»:
Գիրքին ընդհանուր մթնոլորտին
մէջ յստակ է արդէն, որ Վարդան Մատթէոսեանը հեռու է սփիւռքահայու դասական
կերպարէն: Ան իր անձնական դատումները կ'ընէ, կը քննադատէ, հարցեր կու տայ
ինքզինքին (կամ մեզի՝ բոլորիս), երբեմն ալ օրուան մամուլին յենելով՝
վիճակագրական տուեալներով կը բացատրէ հայաստանեան այս կամ այն իրավիճակը:
www.Goodreads.com, Դեկտեմբեր 4, 2012
No comments:
Post a Comment