17.9.13

Ռուբէն Սեւակի ժառանգութիւնը եւ սերունդներու դաստիարակութիւնը

Ժ. Չ.

Ցեղասպանուած նահատակ բանաստեղծ մը ի՞նչ ժառանգութիւն կրնայ ունենալ, բացի իր գրական երկերէն։ Եւ ահա առեղծուածը։ Շնորհիւ բանաստեղծին եղբօրորդւոյն՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի տքնաջան աշխատանքին ու բծախնդիր հետազօտութիւններուն, այսօր Ռուբէն Սեւակը ունի հսկայական արխիւային նիւթ եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած ու Սփիւռքի մէջ հասակ նետած նկարիչներու գործերու հսկայական հաւաքածոյ մը։ Այս երկու կալուածներու միացումէն ծնած է Ռուբէն Սեւակի յիշողութեան կեդրոն-թանգարանը, 1986ին, Նիսի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ռուբէն Սեւակի թանգարանի տեղադրումը կարեւոր ու նշանակալի իրադարձութիւն մըն է։ Տարիներէ ի վեր Ռուբէն Սեւակ թանգարանը գոյութիւն ունէր Նիսի մէջ։ Անձնական, ընտանեկան բնոյթ ունեցող այդ թանգարանը խորհրդանշականօրէն բազմաթիւ նշանակութիւններով յղի էր եւ դեռ արդարօրէն կը սպասէ իր արժանի գնահատականին։
Ռ. Սեւակի ժառանգորդին համար փրկութիւն մըն էր Մայր Աթոռի մէջ անոր տեղադրումը, զոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. առաջին իսկ առիթով, 2009ին, երբ առաջարկը եղած է իրեն, անսակարկ ու սիրայօժար կերպով ընդունած է եւ շատ պատուական տեղ տրամադրած։ Այս առընչութեամբ Կաթողիկոսի նախաձեռնութիւնը գովելի է եւ գնահատութեան արժանի։
Սակայն, պէտք չէ մոռնալ, թեթեւակի պէտք չէ անցնիլ այն երեւոյթին վրայէն, որ եթէ Ֆրանսայի մէջ Ռուբէն Սեւակ թանգարանի պահպանութիւնը ապահովող յանձնառու հաստատութիւն մը գոյութիւն ունենար, ան չէր երթար հաստատուելու Հայաստան կամ Էջմիածին, որովհետեւ անոր գոյութիւնը Ֆրանսայի մէջ նոյնքան անհրաժեշտ է, էական, այստեղ որքան՝ այնտեղ։
Եւ ահա Սփիւռքի տրամը։ 20էն 25 միլիոն եւրօ արժէքով ցեղասպանութենէն վերապրած հայ նկարիչներու պաստառներու թանգարանային հաւաքածոյ մը ստացող չէ ունեցած Սփիւռքի մէջ։ Ժառանգորդ չունի։ Ո՛չ կուսակցութիւնները, ո՛չ բարեսիրական միութիւնները, ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ ալ Հայ Դատի պաշպանութեան հաստատութիւնները, Ցեղասպանութեան առնչուող այսքան լուրջ հարստութիւն մը չեն կրցած պահել իրենց յարկին տակ։ Ֆրանսայի մէջ ալ կայ նոր սերունդ մը որ պէտք ունի յիշելու, պէտք ունի ի՛ր պատմութեան, իր ծնողաց պատմութեան ծանօթանալու։ Ինչպէս նաեւ միջազգային հասարակութեան դիմաց հայկական դատը ներկայացնելու, պաշտպանելու։
Ռուբէն Սեւակի թանգարանը յիշողութեան կեդրոն է, Ցեղասպանութեան հետազօտութեան կեդրոն, նոր սերունդները ուսուցանելու կեդրոն։ Վեհափառ Հայրապետը սոյն թանգարանը ընդունելով Էջմիածնէն ներս, յանձնառու կ՚ըլլայ եկեղեցւոյ դասական առաքելութեան կողքին՝ նոր պատասխանատուութեան, որ կը վերաբերի ցեղասպանագիտութեան։ Ան պարտի այս բնագաւառէն ներս գործակցիլ Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ Սփիւռքի ու արտասահմանի օտար այլ յիշողութեան կեդրոնններուն հետ։
Եւ զարմանալին այն է, որ Երեւանի Ցեղասպանութեան Թանգարանը հետաքրքրութիւն ցոյց չէ տուած իր ծոցին մէջ ընդունելու ներկայացուած փաստագրական ժառանգութիւնը։ Արդէն բացման հանդիսութիւններուն ալ անոր տնօրէնին բացակայութիւնը նշմարելի էր։
Հայաստան ամբողջութեամբ բացօթեայ թանգարան է, շատ յաճախ լքեալ վիճակի մէջ՝ եկեղեցինե՜ր, ամրոցնե՜ր։ Ահաւասիկ ան կը հարստանայ նոր թանգարանով մը, որ յատուկ իմաստ ունի, մասնաւոր նշանակութիւն։ Եթէ, անշուշտ, ծառայէ այն նպատակին, զոր կտակակատարը սահմանած է։
Թանգարանի բացման արարողութեան ընթացքին հայրենի բոլոր մտաւորականներն ու դասախօսները երեւոյթին անդրադարձան իբր Ռուբէն Սեւակի վերադարձը դէպի հայրենիք։ Սակայն, ցնցիչ է տեսնել որ տարիներու ընթացքին իր դիզած հարստութեամբ, Յովհաննէս Չիլինկիրեան իր 20էն 25 միլիոն եւրոյի դրամագլուխով, շատ հանգիստ կրնար Հայաստանի մէջ գործարար ըլլալ, իշխանիկ մը կամ եթէ կ՚ուզէք՝ օլիկարխ մը։ Սակայն այդպէս չէ եղած։ Ան իր ամբողջ հարստութիւնը, ժամանակը, հետաքրքրութիւնը, քրտնաջան աշխատանքը նուիրած է վեհ գաղափարի մը իրագործման, որ Հայաստանի պարագային, կենդանի օրինակ մըն է տեղացի ժողովուրդը կեղեքող մեծահարուստներուն համար։  

«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), Սեպտեմբեր 17, 2013
 

No comments:

Post a Comment