27.6.13

Հայաստան եւ realpolitik

Ժ.Չ.

Հայաստանի ընտրութիւններէն ետք, Հանրապետական կուսակցութեան բացարձակ «յաղթանակ»ի գինը այսօր կը վճարէ Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ իր հետ՝ Արցախն ու Սփիւռքը։ Դեռ հազիւ մէկ ու կէս ամիս անցած Երեւանի քաղաքապետական ընտրութենէն, ահա «ռէալփոլիթիք»ի բոլոր հետեւորդները, Սերժ Սարգսեանի պաշտպանները, որոնց համար Սերժիկը ճիշդ անձն էր, որ գիտէր ռուսին հետ խօսիլ իր լեզուով, միաժամանակ բանակցիլ՝ եւրոպացիներուն հետ՝ անոնց լեզուով, այսօր ալ նոյն անմեղութեամբ կը դիտեն «ռէալփոլիթիք»ի միւս երեսը՝ ռուսական կազի գինին 68 տոկոսի յաւելումը, Գազպրոմ ընկերութեան կողմէ ՀայՌուսԳազԱրդ-ի (Հայաստանի մէջ կազի բաշխիչ ցանցերու սեփականատէր ընկերութիւնը) մէջ պետութեան մնացեալ 20 տոկոսի շահաբաժինի գնելու մասին բանակցութիւնը, իրանական կազի գինին մասին գաղտնապահութիւնը, Ատրպէյճանին մէկ միլիառ արժողութեամբ ռուսական զէնքի վաճառքի ընկալումը, վարչապետին եւ Արարատեան թեմի առաջնորդի «օֆշոր» ընկերութեան յայտնաբերումը, որ տուրքերէ խուսափումի միջոց է, այսինքն՝ պետական եկամուտի կողոպուտ, Ազգային Ժողովի մէջ Վերահսկիչ պալատի նախագահ՝ Իշխան Զաքարեանի ներկայացուցած 2012ի հաշուետուութիւնը, ուր բացէ ի բաց կ՚ընդգծուի կառավարութեան կողմէ պետական պիւտճէի 70 առ հարիւրի կողոպուտը նախարարութիւններու կողմէ, Ազգային Ժողովի նախագահին եւ վարչապետին՝ երկրին հարստութիւնը կողոպտելու մեղքով իրարու յղած ամբաստանութիւնները։
Դեռ չխօսինք Սիւնիքի մարզպետ՝ Սուրիկ Խաչատրեանի (Լիսքա) տան առջեւ կատարուած հրացանաձգութեան մասին, որուն հետեւանքով ՀՀ բանակի Արցախի զօրամասի պետը վիրաւորուեցաւ եւ եղբայրը՝ Գորիսի քաղաքապետութեան նախկին թեկնածուն սպաննուեցաւ։ Մարզպետին տղան եւ թիկնապահը, իբր մեղադրեալ, դիպահ կը մնան։
Գալով տնտեսական մարզին, երեք տարի է կը բարձրաձայնուի տարեկան 5էն 7 առ հարիւր տնտեսական աճի մասին, առանց արտագաղթի որեւէ նուազումի արձանագրութեան։ Իսկ կեանքի սղութեան աճը իր սանձարձակ վերելքը կը շարունակէ, ենթակայ՝ մենաշնորհներու անկուշտ շահամոլութեան քմահաճոյքին։
Ռուսական պաշտպանական հովանիին ապաւինիլ՝ Արցախի հանդէպ Ատրպէյճանի թշնամական քայլերէն պատսպարուելու համար, եւրոպական եւ ամերիկեան դրամագլխային օգնութեան անսալ՝ միջազգային ճգնաժամին հետեւանքներուն առաջքն առնելու համար, սփիւռքեան ներդրումները քաջալերող քարոզչութիւն կատարել՝ մրցակցային եւ օրէնսդրական դաշտը մենաշնորհային պահելով հանդերձ, զբօսաշրջութեան զարկ տալու մասին խօսիլ՝ թռիչքներու մատչելի գիներու քաղաքականութիւն չունենալով, ահաւասիկ ամփոփ պատկերը 21ամեայ անկախ Հայաստանի հանրապետութեան։
Շատ հեռու ենք երդման օրուան Սերժ Սարգսեանի տուած ապահովութենէն, թէ լսած է ժողովուրդին բողոքը։ Տեղատւոութիւնը, սնանկութիւնը ակնյայտ են, տարողութիւնը՝ լայնածաւալ։ Եթէ ընդդիմադիր ճակատը կը մնայ անզօր, անմիաբան, Սփիւռքի ղեկավարութիւնն ալ յանուն realpolitik-ի, հակառակ խարդախուած ընտրութիւններու, կ՚ընդունի Հայաստանցի ղեկավարներու հեղինակութիւնը։
Տուժողը ժողովուրդն է եւ պետականութիւնը։ Եթէ մինչեւ այսօր դեռ իշխանութիւնը միաձայն կը նուագէր իր անլսելի համանուագը, այսօր սակայն, Հանրապետական կուսակցութեան ծոցին մէջ իսկ, զիրար ամբաստանող, հակադիր ուժերու բախումներ հանրային կերպով ի յայտ կու գան, ինչպէս՝ վարչապետի եւ ԱԺ նախագահի միջեւ ամբաստանութիւնները, Սիւնիքի մարզպետին եւ բանակի հրամանատարին միջեւ հրացանաձգութիւնը …
Տակաւին, Հանրապետութեան նախագահը իր վերջին խօսքը չէ ըսած այս յետին զարգացումներուն վերաբերեալ, սակայն ինչ ալ ըլլան անոր որոշումները, օրուան հրամայականն է՝ տարածաշրջանի անկայուն պայմաններուն եւ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ թշնամական կեցուածքներու մէջ, հայկական քաղաքական միտքի նոր սթափումը, նոր զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը։

«Նոր Յառաջ», Յունիս 27, 2013 (խմբագրական)

No comments:

Post a Comment