13.8.12

Մինչեւ մեծ պաստառ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ


Ահա առիթը կը ներկայանայ մեզի ու ընդամէնը մեզմէ կ՚ակնկալուի քանի մը հարցեր լուծել:
Խօսքը կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը շօշափող ոչ վաւերագրական, ոչ փաստաթղթային, վիպական աշխատանքի մը զանգուածային տարածումը ապահովելուն:
Քրիս Պոհճալեան անունով յայտնի հեղինակը գրած է «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» անունով վէպ մը, որ հրատարակուած է «Տապըլտէյ Պուքս» միջազգային հրատարակչատան կողմէ եւ որ վաճառքի համար դուրս պիտի գայ Յուլիս 17ին:
Պոհճալեանի հեղինակած եօթը գիրքերը «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամէնէն շատ վաճառուած հրատարակութիւններու շարքին եղած են, եւ շատ հաւանաբար, իր այս վերջին գործն ալ արժանանայ նոյն ճակատագիրին:

Հայ Դատի Յանձնախումբի շարժապատկերի եւ արուեստի ենթայանձնախումբը պատիւը ունի այս հեղինակը ներկայացնելու շրջանիս հանրութեան: Յառաջիկայ Երկուշաբթի օր ենթայանձնախումբը կազմակերպած է երկու միջոցառումներ, որոնց մասնակցելու կը հրաւիրենք շրջանիս հայ հասարակութիւնը:
Երկուշաբթի Յուլիս 16ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30ին, ենթայանձնախումբը բացառիկ առիթը կ՛ընծայէ ձեզի ճաշելու հեղինակին հետ, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» հիւրանոցին մէջ: Ճաշի համար պէտք է վճարել 50 տոլար (իւրաքանչիւր անձի համար): Տեղ ապահովելու համար պէտք է կապուիլ Հայ Դատի գրասենեակ՝ հեռաձայնելով 818-500-1918 թիւին:
Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը Քրիս Պոհճալեանի հետ. ընթացքին վաճառուող գիրքերը պիտի մակագրուին անոր կողմէ:
Այսօրուընէ կրնաք գիրքը գնել առցանց, եւ եթէ այս քանի մը օրերուն, նախքան հրապարակաւ վաճառքը, կարելի ըլլայ շուրջ երեք հազար օրինակ պատուիրել, ապա «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» եւս պիտի արժանանայ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամէնէն շատ վաճառուող գրքերու ցանկը մտնելու պատիւին՝ առաւել միջազգային ուշադրութիւն գրաւելով, ընդհուպ հնարաւոր դարձնելով զայն մեծ պաստառի վրայ հասցնելու՝ շարժապատկերի ատաղձի վերածելով: Հայկական «Շինտլըրզ Լիստ»ը ինչպէս բնորոշեց Հայ Դատի Յանձնախումբի ղեկավար գործիչ մը:
Գիրքը կարելի է գնել Amazon.com-էն կամ BN.com-էն (http://www.amazon.com/The-Sandcastle-Girls-A-, http://www.barnesandnoble.com/w/the-sandcastle-girls-chris):
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կարիքն ունի նուիրատուներու, որոնց միջոցաւ հնարաւոր պիտի դառնայ գիրքէն օրինակներ նուիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր եւ ազդեցիկ քաղաքական ու հասարակական գործիչներու:
Վէպը սիրոյ պատմութեան մը վրայ կը հիւսուի՝ Հալէպէն Նիւ Եորք երկարող դէպքերով ու իրադարձութիւններով, սկիզբ առնելով 1915ին եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերը:
Դրէք այս գիրքը ձեր գրասեղանին վրայ, կարդացէ՛ք եւ թող ձեր սիրելիները կարդան: Գիրքին արժէքը քսան տոլար է, իսկ եթէ առցանց գնէք՝ կը ստանաք շուրջ հինգ տոլարի զեղչ:
«Ասպարէզ», 11 Յուլիս 2012
 

No comments:

Post a Comment