24.12.11

Ապրիլ առանց Կիմ Չեն Իրի

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Հիւսիսային Գորէայի բռնապետ Կիմ Չեն Իրը [Kim Jong-Il] եւ Չեխիոյ այլախոհ-նախագահ Վացլաւ Հաւէլը գրեթէ միաժամանակ մահացան: Երէկ Համացանցի մէջ կարելի էր տեսնել նկարներ երկու մահերուն՝ մարդոց առաջին արձագանքին մասին: Չեխիոյ մէջ մարդիկ լուռ կը մօտենային եւ ծաղկեփունջեր կը դնէին ու մոմեր կը վառէին Վացլաւ Հաւէլի տան մերձակայքը կամ իր հետ կապուած որեւէ այլ վայրի մէջ, իսկ Հիւսիսային Գորէայի մէջ դպրոցականներ, բանուորներ, ուսանողներ` զինուորական շարքով կանգնած կու լային-կ՚ողբային-կը հեկեկային առաջնորդի կորուստին առիթով։  Կարելի է ըսել, թէ Չեխիոյ մէջ մարդոց հակազդեցութիւնը անկեղծ է, իսկ Հիւսիսային Գորէայի մէջ` շինծու. բայց ասիկա պարզունակ մօտեցում կ՚ըլլայ:
Տատիկս, օրինակ, կը պատմէր խորհրդային բռնակալ Ստալինի մահուան մասին եւ կ՚ըսէր, թէ մարդիկ այդ լուրը առնելու ատեն անկեղծօրէն կ՚ողբային, եւ ինքը նոյնպէս լաց եղած է, որովհետեւ դժուար պատկերացուցած է, թէ երկիրը ինչպէ՞ս պիտի ապրէր առանց  Մեծ Առաջնորդ Ստալինի: Այս կէտին մէջ պէտք է փնտռել Կիմ Չեն Իրի եւ Վացլաւ Հաւէլի տարբերութիւնը. առաջինը սեփական ժողովուրդը ներշնչած, հաւատացուցած, համոզած է, որ անոնք կ՚ապրին, կը շնչեն, կը կերակրուին, գոյութիւն ունին բացառապէս իր իմաստութեան ու տաղանդի շնորհիւ, իսկ Վացլաւ Հաւէլը սեփական օրինակով եւ գործունէութեամբ ցուցուցած է, որ քաղաքացին շուն չէ, որ տիրոջ կարիք ունենայ, որ քաղաքացին տէր ու տնօրէն է սեփական երկրին մէջ, ինքն է իմաստունն ու տաղանդաւորը եւ ոչ թէ հպատակ` որեւէ մէկուն տաղանդին եւ իմացութեան:
Ո՞վ է Վացլաւ Հաւէլը. մարդ մը, որ չէ վախցած կորսնցնելէ ամէն ինչ՝ սեփական եւ սեփական ժողովրդի ազատութեան (երեք անգամ դատուած է, հինգ տարի անցուցած բանտերուն մէջ): Ո՞վ է Կիմ Չեն Իրը. մարդ մը, որ երբեք չէ ունեցած ազատութիւն, որովհետեւ սեփական ժողովուրդի անազատութիւնը եղած է զայն բուծած, ծնած, սնած միջավայրը (իշխանութիւնը ստացած է ժառանգաբար` Հիւս. Գորէայի հիմնադիր, համայնավար բռնապետ Կիմ Իր Սենէն): Ո՞վ է Վացլաւ Հաւէլը. ղեկավար մը, որ երբեք չէ վախցած կորսնցնելէ իշխանութիւնը, որովհետեւ հասկցած է, որ անոր տէրն ու կրողը ժողովուրդն է, միայն ու միայն ժողովուրդը: Ո՞վ է Կիմ Չեն Իրը. ղեկավար մը, որ ապրած է իշխանութիւնը կորսնցնելու վախի մէջ կծկուած եւ ողջ կեանքը թաքնուած է նոյնիսկ սեփական ժողովուրդէն: Տարիքի հետ իշխանութիւնը կորդնցնելու վախը աւելի ահագնացած է, եւ թերեւս ատիկա սպաննած է զայն:
Վացլաւ Հաւէլը ինծի համար յետհամայնավար ժողովրդավարութեան խորհրդանիշն է: Տարիներ առաջ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը աշխատող գործընկեր մը, Չեխիոյ մասին տպաւորութիւնները յիշելու ատեն, ապշահար կը պատմէր, թէ ինչպէս կէսօրուան դադարի ժամուն պատահական, միջին սրճարան մը մտած է եւ միայն 20 վայրկեան ետք հասկցած, որ դիմացի սեղանին մինակը նստած՝  Չեխիոյ գործող նախագահ Վացլաւ Հաւէլը սփակեթի կ՚ուտէր. ան թերթ կը կարդար մինչ պատուիրուած սփակեթին կը բերէին: Ո՛չ տեսախցիկներ, ո՛չ նկատելի թիկնազօր, ո՛չ իրարանցում` նախագահի ներկայութեան կապակցութեամբ: Այս տեսարանը ե՛ւ ունի, ե՛ւ չունի մեծ իմաստ: Մեծ իմաստը այն է, որ նախագահն ալ սովորական գործաւոր է, որ կէսօրուան դադարին ուրիշ գործաւորներու պէս կրնայ տեղ մը մտնել սփակեթի ուտելու: Բայց տեսարանին մէջ մեծ իմաստ չկայ, որովհետեւ նախագահն ալ սովորական գործավոր մըն է, որ կէսօրուան ժամուն ուրիշ գործաւորներու պէս կրնայ տեղ մը մտնել սփակեթի ուտելու:
Գործընկերոջս պատմածէն ետք ժողովրդավարութեան իմ խորհրդանիշս սրճարանի մը  անկիւնը սփակեթի ուտող նախագահը դարձած է: Երեւանի փողոցներէն քալելով, սրճարաններու սեղաններուն շուրջ, ապակենախշերէն ներս մինակ սփակեթի ուտող «նախագահ կը փնտռէի»: Այդ ժամանակին էր, ահա, որ ստացայ «Առագաստ» սրճարանին մէջ Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան լուրը: Կիմ Չեն Իրը գոնէ անկեղծ էր, որովհետեւ կը հասկնար, որ սրճարաններուն եւ հանրային այլ վայրերուն մէջ իր յայտնուիլը վտանգաւոր է Գորէայի քաղաքացիներուն կեանքին եւ ապահովութեան համար: Գորէայի հեկեկացող քաղաքացին ալ անկեղծ է, որովհետեւ չի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրի առանց Կիմ Չեն Իրի: Չեխիոյ ժողովուրդն ալ անկեղծ է, որովհետեւ սորված է ապրիլ առանց Կիմ Չեն Իրի:

«Հայկական Ժամանակ», Դեկտեմբեր 20, 2011
(Արեւմտահայերէնի վերածուած)

No comments:

Post a Comment