Showing posts with label սակագիներ. Show all posts
Showing posts with label սակագիներ. Show all posts

25.7.13

Ժողովուրդը կը յաղթէ. Երեւանի փոխադրամիջոցներու գիներուն յաւելումը առկախուած է

Երեւանի մէջ երթուղային թաքսիներու գիները Յուլիս 20էն յաւելում կրած էին, 100 դրամէն բարձրանալով 150ի, մինչ թրոլէյպուսներու գիները բարձրացած էին 50էն 100 դրամի: Ելեկտրականութեան եւ կազի սակագիներու բարձրացումէն ետք, այս նոր յաւելումը բաժակը յորդեցնող կաթիլը հանդիսացած է. ժողովուրդը սաստիկ դժգոհ է, ամէն կողմէ այս որոշումին դէմ ըմբոստանալու կոչեր հնչած են: Ճամբորդները նախկին սակագինը վճարելու հրաւիրող արշաւներ կազմակերպած են, իսկ բազմաթիւ կայարաններու մէջ հանրային գործիչներ բաժնած են «Վճարէք 100 դրամ» արձանագրութեամբ թռուցիկներ:
Այս նոր յաւելումին դէմ ըմբոստացման շարժումը բնականաբար ունեցած է իր հետեւանքները: Յուլիս 22ի երեկոյեան լարուած իրավիճակ ստեղծուած է «Նայիրի» շարժանկարի սրահին (Մաշտոց պողոտայ) մօտ: Տեղի ունեցած են լուրջ միջադէպեր, երբ ոստիկանները բռնի ուժով փորձած են ոստիականատուն տանիլ երթ կատարող հանրային գործիչներէն մէկը: Սակայն տոմսերու գիներու սղումին դէմ պայքարողները կանխած են ենթակային ձերբակալութիւնը: