ՄԱՐԻԷՏԱ ՄԱԿԱՐԵԱՆ
Երէկ [Փետրուար 2], Կոմիտասի անուան այգիին մէջ մեր մեծերու Պանթէոնը մարդաշատ էր:
Առիթը Պետրոս Դուրեանի մասունքներու սափորը յուշապատի մէջ ամփոփելու արարողութիւնն
էր: «Ազգ»ը Յունուար 25ի համարին մէջ «Պետրոս Դուրեանի մասունքները կ՚ամփոփուեն
Պանթէոնում» վերտառութեամբ յօդուածով մանրամասնօրէն ներկայացուցած է, թէ ինչպէս Պոլսոյ
Սկիւտար թաղամասը ծնած 21ամեայ բանաստեղծը 1872ին կը թաղուի նոյն Սկիւտարի
գերեզմանոցը, ու յետոյ անոր գանկի ոսկորները կը յանձնուին Երեւանի Չարենցի անուան Գրականության ու Արուեստի Թանգարանին ի պահ: