Showing posts with label կայքագիր. Show all posts
Showing posts with label կայքագիր. Show all posts

9.11.09

Blog բառին հայերէնը

Վերջերս, Լոս Անճելըսի «Նոր Օր» շաբաթաթերթի նորանշանակ խմբագիր Մինաս Գոճայեանը «"Նոր Օր" (1922-2009). սրտբաց զրոյց ընթերցողներուն հետ» վերնագրուած խմբագրականի մը մէջ ինքզինքը կը ներկայացնէր հասարակութեան։ Ան կը գրէր, ի միջի այլոց, թէ «կը ստանձնենք միշտ հին ու նոր այս պաշտօնաթերթը համակարգիչի, համացանցի եւ գերարդիական կազմածներու բուռն զարգացման շրջանին, երբ քիչ թէ շատ գրագէտ ամէն մարդ կրնայ ունենալ իր անձնական թերթն (blog) ու կայքէջը՝ օժտուած գունաւոր, գրաւիչ ու լսատեսողական յատկանիշներով» («Նոր Օր», 22 Հոկտեմբեր 2009)։