ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
1964ին, ուրուկուահայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու միացեալ նախաձեռնութիւնը առաջնորդած էր Մեծ Եղեռնի 50ամեակի աննախընթաց ոգեկոչման եւ Ուրուկուայի կողմէ որպէս ցեղասպանութեան ճանաչման 1965ին։ Յուլիս 5, 2013 թուակիր հաղորդագրութիւն մը, ստորագրութեամբ Ուրուկուայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի, կը տեղեկացնէ, որ կազմուած է Ուրուկուայի Հայ Համայնքի Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ոգեկոչման Յանձնախումբը։ Այս յանձնախումբը կազմուած է համայնքի (կեդրոնացած՝ մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ) բոլոր կրօնական ու աշխարհական կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներով։