15.7.13

Ողջունելի քայլ մը Ուրուկուայի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

1964ին, ուրուկուահայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու միացեալ նախաձեռնութիւնը առաջնորդած էր Մեծ Եղեռնի 50ամեակի աննախընթաց ոգեկոչման եւ Ուրուկուայի կողմէ որպէս ցեղասպանութեան ճանաչման 1965ին։ Յուլիս 5, 2013 թուակիր հաղորդագրութիւն մը, ստորագրութեամբ Ուրուկուայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի, կը տեղեկացնէ, որ կազմուած է Ուրուկուայի Հայ Համայնքի Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ոգեկոչման Յանձնախումբը։ Այս յանձնախումբը կազմուած է համայնքի (կեդրոնացած՝ մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ) բոլոր կրօնական ու աշխարհական կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներով։
Ուրուկուայի համայնքը, ինչպէս ծանօթ է (կամ այնքան ալ ծանօթ չէ), ներքին սուր բաժանումներ ու տագնապներ ունեցած է 1960ական թուականներու վերջաւորութենէն, որոնք առանց դադարի եւ միեւնոյն սրութեամբ, կարելի է ըսել, շարունակած են գոյատեւել նոյնիսկ 1991ին Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք։ Այլ առիթով ըսած ենք, որ Պերլինի պատը չէ ինկած Ուրուկուայի մէջ, եւ այս պատկերաւոր ասոյթը կրնայ շատ խօսուն ըլլալ՝ գէթ մինչեւ վերջերս տիրող մթնոլորտը բնորոշելու համար։  «Ես ըրի, դուն չըրիր»ի կամ «Ես ըրի, դուն ըրիր» կամ «Ես չըրի, դուն չըրի» երեք տարբերակները անպակաս եղած են միշտ, փոխանակ անգոյ ու կենսական «Մենք բոլորս միասին ըրինք» խօսքին։ Վերջին տարիներուն, աւելի ողջմիտ մօտեցումի մը որոշ նշաններ սկսած են ի յայտ գալ։ Այս վերջին իրադարձութիւնը՝ միացեալ յանձնախումբի մը կազմակերպութիւնը, որքան որ կրնայ «սովորական» երեւոյթ մը նկատուի երբ արդէն համազգային ոգեկոչման յանձնախումբ մը ստեղծուած է ամենաբարձր համահայկական մակարդակով, չի դադրիր անսոովոր ըլլալէ, երբ հաշուի կ՚առնենք, որ եղած են ժամանակներ՝ ոչ շատ հեռու անցեալին, երբ Ուրուկուայի հայ համայնքը Մեծ Եղեռնը ոգեկոչած է... երկուքէն մինչեւ չորս «համագաղութային» ձեռնարկներով։
Բայց «անսովորութիւնը» մէկդի ձգած, կը կարծենք որ խիստ ողջունելի ու կարեւոր քայլ մըն է, որ, կը յուսանք, պիտի առաջնորդէ  աւելի լայն հասկացողութեան ու փոխըմբռնումի, ինչպէս եւ համայնքային կարեւոր ու սկզբունքային հարցերու լուծումին։
Ուրուկուայի թիւ 18834 օրէնքը, որ Նոյեմբեր 4, 2011ին վաւերացուած էր Խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ (հրապարակուած՝ Նոյեմբեր 17, 2011ին), իր 205րդ յօդուածին մէջ կ՚ըսէ.
«Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութեան կը յանձնարարուի "Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան»ի զարգացումը՝ Ուրուկուայի հայ համայնքներու խորհրդակցութեամբ։ Յիշեալ թանգարանին նպատակը պիտի ըլլայ Ի. դարու սկզբնաւորութեան տեղի ունեցած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ծանօթացումը, մեր երկրին մէջ հայ մշակոյթի տարածումը եւ Ուրուկուայ հաստատուած հայ գաղթականութեան մասին տեղեկութիւններու հաւաքումը։ Այս նպատակով, յիշեալ նախարարութիւնը պիտի ունենայ սեփական կալուած մը, կամ այլ պետական բաժանմունքներ որոնք փոխանցուած ըլլան այդ նպատակով, եւ պիտի զարգացնէ զայն միեւնոյն նախարարութեան խնայողութիւններով եւ նուիրատուութիւններով կամ կտակներով, զորս կրնայ ստանալ այդ նպատակին համար»։
Ողջունելի է նաեւ, որ Ուրուկուայի Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Ոգեկոչման Յանձնախումբը արդէն հրապարակած են միացեալ հրաւէր մը մասնակցելու Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի յառաջիկայ գործադրութեան հրապարակային յայտարարութեան, որ տեղի պիտի ունենար Յուլիս 17ին նախագահական պալատին մէջ, Մոնթէվիտէօ։
Մաղթենք, որ պետական օրէնքը շուտով իրականանայ գործնական գետնի վրայ՝ տեղւոյն համայնքի համերաշխ ու միասնական գործակցութեամբ։

«Նոր Յառաջ», Յուլիս 20, 2013

No comments:

Post a Comment