ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
«Եթէ մեզմէ կը սպասուի մայր հայրենիքի փրկութիւնը,
հապա մենք որմէ՞ պիտի պահանջենք մեր ծնողքին` կեանքին,
ինչքին եւ պատուին անառարկելի ապահովութիւնը,
եթէ ոչ` այն տէրութենէն, որուն համար կը կռուինք»:
հապա մենք որմէ՞ պիտի պահանջենք մեր ծնողքին` կեանքին,
ինչքին եւ պատուին անառարկելի ապահովութիւնը,
եթէ ոչ` այն տէրութենէն, որուն համար կը կռուինք»:
ՄԵՍՐՈՊ ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԻ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի, Ապրիլ 23-25, «իր» պետութիւնը պետական բարձր մակարդակով Կալիփոլիի
(Չանաքքալէ) ճակատամարտի զոհերուն հարիւրամեայ յիշատակը պիտի նշէ: Նոյն
ռազմին զոհ գացած են նաեւ անգլիացի, աւստրալիացի ու նորզելանտացի
զինուորներ, որոնց յետնորդները եւս, պետական բարձր մակարդակի
ներկայացուցչութեամբ, իբրեւ պատուոյ հրաւիրեալներ, պիտի մասնակցին թրքական
այս իւրայատուկ նշումին: (Անշուշտ հիմա հասկցանք, թէ Անգլիոյ գահաժառանգը,
որ Չանաքքալէի հարիւրամեակին իր մասնակցութեան լուրը փոխանցած է արդէն, 4 Նոյեմբեր 2014-ին Լոնտոնի հայկական եկեղեցի իր այցելութեամբ ի՛նչ «գործ»
ունէր…): Արդարեւ` ուսանելի երեւոյթ, երբ հակառակորդ կողմերու յետնորդներ
կողք կողքի, յիշատակումի միասնութեան մը մէջ մերձեցած` կը յարգեն իրենց
զոհերը: Դրակա՛ն երեւոյթ: Թէեւ յիշատակի օրը, այս տարի, (ան)հասկնալի
պատճառներով տեղափոխուած է ամէնամեայ մարտէն դէպի ապրիլ եւ ի գիտութիւն
համայն հայ ժողովրդեան` Ապրիլ 24, 23-ն ու 25-ն ալ ներառեալ: