ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Այս նամակը գրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան վերջին արտահերթ համագումարէն (Հոկտեմբեր 20) անմիջապէս ետք եւ յանձնուած «Գրական Թերթ»ին՝ առ ի հրատարակութիւն, սակայն մինչեւ օրս մնացած է անտիպ։ Կը հրատարակենք զայն իր ճիշդ ախտաճանաչումներուն եւ դիպուկ արտայայտութիւններուն համար։ Թերեւս պատմական-քաղաքական հիմքերով կարելի է վիճիլ որ «Արցախը, փաստօրէն, Սփիւռք է», բայց եթէ հաշուի առնենք վերջին տարիներուն զարգացած «տեղայնական» անտեղի բանակռիւները՝ «երեւանցի-ղարաբաղցի» եւ նման հարցերու պարագային, այս հաստատումն ալ մտածելու տեղի կու տայ։
Ի դէպ, մենք ալ Երեւան կը գտնուէինք այդ օրերուն եւ սկիզբը մտածեցինք համագումարին ներկայ ըլլալ առ ի հետաքրքրութիւն, բայց, կանխատեսելով տեղի ունենալիք կագ ու կռիւը, որոշեցինք մեր ժամանակը չվատնել։ Մասնակիցներու անձնական վկայութիւնները, նոյն գիշերուան հեռատեսիլի հաղորդումները եւ յաջորդ օրերու լրագրական տեղեկատուութիւնները մեզ համոզեցին, որ մեր որոշումը ճիշդ էր. նախընտրելի էր երեւանեան ոսկի աշունը վայելել եւ Էրեբունիի թանգարանը այցելել, քան թէ սփիւռքահայերու հանդէպ անբարեացակամ ու անհանդուրժելի ելոյթներու ականատես ըլլալ՝ «ընտրազանգուած» ըլլալու կամ «արտասահմանում առօք-փառօք ապրեն ու մեր հարցերը որոշեն» նախնամիտ պատրուակներու լոյսին տակ...։