Showing posts with label Մարդկութեան դէմ ոճիր. Show all posts
Showing posts with label Մարդկութեան դէմ ոճիր. Show all posts

13.7.13

Ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ ոճիրը հոմանիշ չեն


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ≠ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՃԻՐ՝
ԸՍՏ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ
Քաղաքական ծանրութեամբ յորդող բառեր կան, որոնք անլուր շահագործումի կ՚ենթարկուին տեւաբար՝ գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, կամայ թէ ակամայ, ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այդ բառերուն շարքին կը պատկանին, ինչպէս օրը օրին կը տեսնենք, «ցեղասպանութիւն»ը (Դիմագիրքը նոյնիսկ ունի ... Genocide des chiens en Russie էջը՝ Ռուսաստանի մէջ փողոցային շուներու զանգուածային սպանութեան դէմ) եւ «մարդկութեան դէմ ոճիր»ը (թրքական կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Ժողովուրդի Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու այդ անունով որակած է «Կէզի» զբօսայգիի ցուցարարներուն դէմ գործուած բռնաճնշումները)։