Showing posts with label Ճէյմզ Ճոյս. Show all posts
Showing posts with label Ճէյմզ Ճոյս. Show all posts

29.3.11

Ճէյմզ Ճոյսի "Ulysses"ը՝ հայերէն

Վերջերս, իրլանտացի նշանաւոր արձակագիր Ճէյմզ Ճոյսի (1882-1941) վէպերուն՝ "Ulysses"ի եւ "Finnegans Wake"ի թարգմանական պատնէշը գէթ մասամբ յաղթահարուած է։ Հայրենի թարգմանիչ Սամուէլ Մկրտչեան հայերէնի թարգմանած է Ճոյսի առաջին գործը (ուր, ի դէպ, հայերէն հատուածներ կան), ինչ որ անկարելի գործ մը չէր, եթէ նկատի ունենանք, որ 1922ին լոյս տեսած 700 էջնոց "Ullysses"ը («Ոդիսեւս») ցարդ թարգմանուած է երկու տասնեակ լեզուներու։ «Լրագիր» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է հետեւեալ հարցազրոյցը թարգմանիչին հետ։