ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Տոքթ. Եքթան Թիւրքեըլմազ ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր ուսումնասիրութիւններով։ Սակայն մենք այս անգամ այս ծանօթ մտաւորականին հետ կը զրուցենք իր ձայնապնակներու հաւաքածոյին շուրջ։ Ան ունի աւելի քան 2 հազար 500 ձայնապնակներ, որոնք հաւաքած է աշխարհի զանազան երկիրներէ։ Այդ հաւաքածոյին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն որոշ նշանակութիւն ունեցող հայկական ձայնագրութիւնները։ «Նացիներու իշխանութեան տարիներուն Գերմանիոյ մէջ ձայնագրուած Բարսեղ Կանաչեանի ծանօթ "Օրօր"ը այնքան դիւթիչ է որ չես կրնար "հաւնիլ" բառով գնահատել»։ Թիւրքեըլմազի հետ կատարուած հարցազրոյցը, եթէ հարկ է բնութագրել, անվարան կ՚ըսեմ հետեւեալը. «պատմելիք բան չէ, պէտք է ապրիս»։ Հետեւաբար, առանց խօսքը ծամծմելու առաջին հարցումը ուղղենք մեր խօսակցին։