Showing posts with label Արբի Յովհաննիսեան. Show all posts
Showing posts with label Արբի Յովհաննիսեան. Show all posts

15.1.14

Հայկական թատրոն, բիւրեղացում եւ ինքնագիտակցութիւն

ԼԻԼԻԱՆ ՏԱՐՕՆԵԱՆ

Կիրակի, Դեկտեմբեր 15ին, Փարիզի Հայ Ուսանողներու Տան մէջ, Արբի Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ Գէորգ Սարգսեանի՝ «Չորս հոգի ցուրտ սենեակի մը մէջ» թատերգութիւնը։ Վայրը՝ Երեւան, նիւթը՝ խորհրդային վարչակարգի տապալումէն կարճ ժամանակ առաջ՝ երեք անձնաւորութիւններ, երեք տարբեր ժամանակաշրջաններէ սերած, որոնք դէմ յանդիման կը գտնուին տնտեսական, հոգեբանական եւ բարոյական տագնապի մը, իրենց սրտին մէջ կրելով «1937»ի աղէտը։