Showing posts with label «Նարեկացի» Արուեստի Միութիւն. Show all posts
Showing posts with label «Նարեկացի» Արուեստի Միութիւն. Show all posts

6.9.11

Ի՞նչ նորութիւն՝ 20 տարի ետք

Վ.Մ.
 
ԽՈՉԸՆԴՈՏՈՒՄ ԵՆ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆԸ
Սփիւռքահայ գործիչը համոզուած է, որ Հայաստանում սփիւռքահայ ներդնողներին թալանում են
Ասոնք խորագիրներն են «Ազգ»ի մէջ (Սեպտեմբեր 6, 2011) լոյս տեսած Յասմիկ Յարութիւնեանի հետեւեալ յօդուածին, զոր կու տանք նոյնութեամբ՝ արեւմտահայերէնի վերածելով։ Տխուր ու ընդվզեցուցիչ է տեսնել, որ հերթական անգամ սփիւռքահայ մը կ՚ենթարկուի խաբէութեան ու թալանի Հայաստանի մէջ, ու այս անգամ հարուածը կը հասնի թէ՛ անոր անձնական գործին, թէ՛ մշակութային որակաւոր գործունէութեան։ «Ամէն տեղ է ապաստան որոնում Հայը, բացի այն երկրից որ կոչւում է Հայաստան», կը գրէր Է. Ակնունին հարիւր  տարի առաջ։ Իսկ երբ «ապաստան» կը փնտռէ Հայաստանի մէջ, ա՞յս պէտք է ըլլայ արդիւնքը։ Արդեօք երբեւէ իրենց լուծումին պիտի յանգի՞ն ազգային խայտառակութեան ու նուաստացումի այս երեւոյթները՝ պետական մարմիններու մասնակցութեամբ եւ, թերեւս, մեղսակցութեամբ։ Քսան տարին բաւարար չէ՞։