ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
Գիտա-երեւակայական ժապաւէնները կը սնուցանեն մեր երեւակայութիւնները եւ մեզ կը փոխադրեն դէպի անգոյ, երազային աշխարհներ: Բայց այդ երազայինը իսկապէս ալ միշտ կը մնա՞յ անգոյ: Քանի մը տասնամեակ առաջ գիտա-երեւակայական ժապաւէններով հրամցուած եւ մեզի զարմանք, սքանչացում պատճառած ապշեցուցիչ հնարքները այսօր եթէ ոչ ամբողջութեամբ, գոնէ մեծ մասամբ արդէն իրականութիւն դարձած են: Մեր ամէնօրեայ կեանքին կամ մերօրեայ աշխարհին մաս կը կազմեն անոնք: Բացի մարդոց ճառագայթումով տեղափոխումէն, -որուն ալ օրը պիտի գայ հաւանաբար, նոյնիսկ պիտի նախընտրէի ըսել՝ անշո՛ւշտ- գրեթէ ամէն ինչ որ կը տեսնէինք այդ ժապաւէններուն մէջ տարիներու երկայնքին պատռեց իր «երեւակայածին»ի շղարշները եւ հետզհետէ դարձաւ իրողութիւն, անբաժանելի մասնիկը հանդիսանալով մեր առօրեային:
Իրօք, այդ տարիներուն ո՞վ կրնար հաւատալ որ այսպէս՝ մեր գտնուած որեւէ վայրէն առանց որեւէ տեսանելի կապի, պիտի կարենանք հաղորդակցիլ նոյնիսկ աշխարհի միւս ծայրին հետ, կամ ինչպէ՞ս կարելի էր երեւակայել, որ մեզի բոլորովին անծանօթ վայրերու մէջ առանց մոլորումի դոյզն վախի պիտի կարենանք շրջագայիլ հետիոտն, կառքով կամ այլ միջոցներով ու մեր ճամբան գտնել ելեկտրոնային ուղեցոյցներու շնորհիւ, կամ որո՞ւն միտքէն կ՚անցնէր այն բոլորը, զոր այսօր համակարգիչները թոյլ կու տան իրագործել: Հապա ի՞նչ ըսել անջրպետային նուաճումներուն մասին, որոնք մեզ ուղղակի կը շշմեցնեն, գլխու պտոյտ կը պատճառեն: Եւ դեռ ի՜նչ-ի՜նչ գիւտեր, աւելի ճիշդ՝ այդ օրերու «երեւակայութիւններ», որոնք այսօր կը դառնան իրողութիւն կամ ալ՝ արդէն դարձած են:
Օ՜ արհեստագիտութիւն: Ան է, որ այս բոլորը կը շնորհէ մեզի:
Գիտա-երեւակայական այդ ժապաւէններուն ասպարէզը միշտ ալ ունեցած է լուրջ մրցակից մը՝ սարսափի ժապաւէններու ասպարէզը: Արդէն ամէն տեսակի բռնութիւններու թատերաբեմ մոլորակիս վրայ ուր կ՚ապրինք, անոր վարպետները այդ ոճի ժապաւէններուն մէջ կը փորձեն ստեղծել հանդիսատեսին երեւակայութեան սահմանները գլող ու անցնող՝ անձկութեան, վախի, բռնութեան, վայրագութեան տեսարաններով յագեցած՝ անսովոր այնպիսի մթնոլորտներ, որոնք կարենան ազդել անոր վրայ: Միանգամայն մարդիկ զանոնք կը դիտեն բնազդային որոշ ապահովութեամբ զինուած, (ենթա)գիտակցելով որ իրենց ներկայացուածը բանտարկուած է պաստառին մէջ: Եւ այսպէս կը ստեղծուի, ստեղծուա՛ծ է վախի, վայրագութիւններու սահման մը, որմէ անդին կը պատկանի միայն երեւակայութեան, երեւակայականին: Բաներ, զորս բռնութիւններու մոլորակիս մարդ արարածը նոյնիսկ մտածելու պարագային չի կրնար երեւակայել… լաւագոյն պարագային՝ նոյնիսկ եթէ կարենայ երեւակայել, չի կրնար հաւատալ… Այսօր, կը պատշաճի ըսել՝ չէր կրնար երեւակայել եւ հաւատալ:
Ահա այդ «ագուցում»ը կատարելու եկան Իսլամական Պետութիւնը եւ անոր զինեալները: Ինչ որ միայն երեւակայական աշխարհին կրնար պատկանիլ, անոնք բերին մեզի… եւ աւելիո՛վ իսկ…
Վերը՝ արհեստագիտութիւնը…
Վարը՝ Իսլամական Պետութիւնը…
Թող սարսափին սարսափի ժապաւէններու արտադրիչները…
(Յատուկ «Հայկականք»ի համար)
No comments:
Post a Comment