16.1.14

Նոր Տարուան սեմին համեստ սպասումներ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 

Տարիները կը թաւալին։ Հինին կը յաջորդէ նորը։ Հինը կը պատրաստէ նորը։
Անձնական ու ընտանեկան գետնի վրայ ամէն ոք ունի իր սպասումներն ու կարիքները, որոնց համար կը մաղթենք լաւագոյնը բոլորին։
Իսկ հաւաքական գետնի վրայ, Նոր Տարուան համար մեր սպասումները շատ համեստ են, ի տես անցեալ տարուան ցանքին, հակառակ անոր որ մեծ սպասումներ ունենալու իրաւունքն ունինք, մանաւանդ՝ կարիքը։
Կը մօտենայ հարիւրամեակը։ Նախապատրաստութիւններու տարի է։ Խորքին մէջ, մինչեւ հիմա տեղեակ ալ չենք թէ ինչ պիտի պատահի։ Գաղտնապահութիւնը ի զօրու է։ Պէտք չէ յայտնել, որպէսզի թշնամին, այսինքն՝ Թուրքիան, անակնկալի գայ ու ժամանակ չունենայ հակադարձելու։ Այդպէ՛ս թող ըլլայ։ Եւ այսուհանդերձ մեր առաջին համեստ սպասումը այն է որ ժողովուրդը, համայնքները, կազմակերպութիւնները, թող մասնակից դառնան հաւաքական ոգեկոչման պատրաստութեան։ Հանրային հաւաքական լսումներն ու խորհրդածութիւնները, որքան ալ գաղտնապահական չըլլան, գոնէ առողջապահական են, արտայայտուելու առիթներ կու տան, ուրիշներու հետ շփուելու ու փոխանակելու պայմաններ կը ստեղծեն, որ ինքնին սփոփիչ երեւոյթ է, առաւել անոր ունեցած յարակից բարիքները՝ գաղափարներու փոխանակում, ընկերային միջավայրի ձեւաւորում…
Այս բոլորը չ՚արգիլեր, որ մեծ անկակնկալներ նախատեսեն մեծ կազմակերպութիւնները, որոնք աւելի կ՚իմաստաւորուին ի տես համայնական ջանքին։
Եւ ահա երկրորդ համեստ սպասումը, մեծ անակնկալ ըսելով ցուցադրական մակարդակի չմնայ, թանգարանային երեւոյթներէն անդին երթայ, խորհրդածելու, ստեղծագործելու առաջնորդէ, զգացական ողբ ու կոծէն ու պոռչտուքէն անդին, որպէսզի կարելի ըլլայ ուրիշներուն հետ հաղորդակցելու մշակութային հոգեւոր արժէքներ ունենալ՝ մարդկայինի, արդարութեան, մշակոյթի, գիր ու գրականութեան։
Եւ կը հասնինք մեր երրորդ համեստ սպասումին՝ մեծարել գիր ու գրականութեան մարդը։ Ցեղասպան Թուրքիան Ապրիլ 24ին, նախ գլխատեց մտաւորականը, մշակոյթի կրթութեան տէր դասը։ Պահանջատիրութիւնը միանշանակ ուղղուած չէ Թուրքին, օտար պետութիւններուն, մեծ տիրութիւններուն։ Մենք ալ մեր կարգին պարտք ունինք մեր մտաւորականութեան, գրչի, կրթութեան ու մշակութային գործիչներուն նկատմամբ, վերանորոգելու անոնց թողած աւանդը, եւ անոնցմէ առաջ, մեզի փոխացուած ժառանգութիւնը։
Իսկ մեր վերջին ու համեստագոյն սպասումն է արդար ու հիւրընկալ հայկական պետութիւն մը ունենալ։ Այն, որ պիտի կարենար հիւրընկալել հալածանքի ենթարկուած մտաւորականութիւն մը, հայ թէ օտար։ Ինչու չէ՝ հալածանքի ենթարկուած, արդարութեան ծարաւ ժողովուրդներ։ Եւ անշուշտ ստիպողութեան տակ իրենց երկրէն հեռացած քաղաքացիները։ Ձեռք բերել այն երկիրը որ մեր ցեղասպանուած մտաւորականութիւնը երազած էր կերտել, որուն մէջ պիտի ուզէր ապրիլ ու ստեղծագործել։ Այն երկիրը որուն օտարացած զաւակները պիտի իրենք զիրենք վերագտնէին։
Շա՞տ է այսքանը…։ Հապա ե՞րբ պիտի ունենանք բանաստեղծին շեփորած՝ Հայաստան Երկիր դրախտավայրը։

«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), Յունուար 4, 2014


No comments:

Post a Comment