Showing posts with label հայ մամուլ. Show all posts
Showing posts with label հայ մամուլ. Show all posts

25.11.18

Աննշան թուականներ, մինչդեռ՝ ո՛չ այնքան ալ…

ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ

Այսօր թուականի մը հետ գործ ունեցայ. մոռցեր էի թերթիս տարեդարձէն ետք՝ անոր հիմնարկութենէն ասդին սահած տարիները նշող թիւը փոխելու, ըսենք օրինակ՝ «այսինչերորդ» տարին՝ «այսինչերորդ+1»-րդ տարի ընելու: Եւ այսպէս է, որ քակուեցաւ խոհերուս կծիկը:

15.11.18

Նոր ժամանակներ, նոր աւանդութիւններ

 ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ

Անմիջապէս նշեմ, գրութիւնս նոր ժամանակներու աւանդութիւններու ուսումնասիրութեան նուիրուած որեւէ աշխատանքի չի վերաբերիր, այլ պարզապէս՝ ցաւալի հաստատումէ մը առաջնորդուած է:

9.3.17

Թուային աշխարհի բանալին. պոլսահայ բարերարին նուէրը Հայաստանի Ազգային Գրադարանին

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
«Ժամանակ»-ը ա­ռի­թը ու­նե­ցած է անդ­րա­դառ­նա­լու Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի գործու­նէու­թեան: Մեր է­ջե­րուն մէջ ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը հրա­տա­րա­կած էինք գրադարանի տնօ­րէն Տիգ­րան Զար­գա­րեա­նին հետ, որ ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած էր հաստա­տու­թեան ներ­կայ աշ­խա­տանք­նե­րը եւ հպան­ցիկ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րած՝ Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի ժա­ռան­գու­թեան թուայ­նաց­ման մա­սին: Այս ան­գամ ո­րո­շե­ցինք կրկին այ­ցե­լել գրա­դա­րան եւ ա­ւե­լի ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նալ թուայ­նաց­ման աշխատանքներուն մա­սին, որ վեր­ջին շրջա­նին մեծ թափ ստա­ցած է:

29.7.16

Հալէպի «Գանձասար»ը արժանի է ամէն գնահատանքի եւ յարգանքի

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
 
Հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ եւ պատուաւոր տեղը պիտի գրաւէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, քանի մը պատճառներով: Նախ՝ որ Սուրիոյ մէջ մամուլը ընդհանրապէս պետական հակակշռի տակ ըլլալով, որեւէ թերթի արտօնութիւն դժուար ձեռք կը ձգուէր, եթէ չըսեմ՝ արգելքի կը հանդիպէր, եւ անշուշտ ասիկա իր պատճառները ունէր: Տասնամեակներէ ի վեր որեւէ հայկական օրաթերթ, կամ պարբերաթերթ չէր հրատարակուեր Սուրիոյ մէջ, սակայն հալէպահայ համայնքին պետութեան կողմէ վայելած վստահութիւնը պատճառ դարձաւ, որ թերթը բացառիկ կարգով արտօնութիւն ստանայ, որպէս Բերիոյ թեմի պաշտօնաթերթ եւ անխափան եւ կանոնաւոր հերթականութեամբ շարունակուի մինչեւ օրս:

3.11.14

Մամուլի ուսումնասիրութեան կենտրոն` «Ազդակ»ում

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Սփիւռքի պատմութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնների հոլովոյթը, համայնքների, աւանդական կուսակցութիւնների, կրօնական յարանուանութիւնների անցեալն ուսումնասիրելու հարցում կարեւորագոյն աղբիւրի, անգամ սկզբնաղբիւրի դեր են կատարելու մոլորակի տարբեր անկիւններում հրատարակուած հայկական պարբերականները: Հետեւաբար, սփիւռքեան մամուլի պահպանութիւնը եւ ուսումնասիրողներին հասու դարձնելը կարեւոր է: Ինչպէ՞ս փրկել Հալէպի «Գանձասար»ը, Պոլսի «Ժամանակ»ն ու «Մարմարա»ն, Թբիլիսիի «Վրաստան»ը, Թեհրանի «Ալիք»ը, Լոս Անջելեսի «Ասպարէզ»ը, Բոստոնի «Հայրենիք»ը եւ մեր միւս պարբերականները, որոնցից մի քանիսն ունեն աւելի քան հարիւր տարուայ տպագրութեան պատմութիւն: