ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
Անմիջապէս նշեմ, գրութիւնս նոր ժամանակներու աւանդութիւններու
ուսումնասիրութեան նուիրուած որեւէ աշխատանքի չի վերաբերիր, այլ պարզապէս՝
ցաւալի հաստատումէ մը առաջնորդուած է:
Մեր ներկայի ժամանակներէն դեռ մինչեւ քանի մը տարի առաջ, երբ հայախօս
երդիքի մը տակ մահ մը պատահէր, ընտանիքի մնացեալ անդամներուն առաջին եւ
գլխաւոր մտահոգութիւնը կ՚ըլլար յուղարկաւորութեան կարգի կազմակերպումը:
Ոմանք կը հեռաձայնէին նաեւ տեղւոյն հայկական (խօսքս հայատառ մամուլին մասին
է) թերթին, այդ մէկուն չգոյութեան պարագային ալ՝ աշխարհագրականօրէն
ամենամօտ հայկական թերթին, որ առաւելագոյնը կրնար մահուան գոյժը հասանելի
դարձնել հարազատներուն, բարեկամներուն, մէկ խօսքով՝ անոնց, որոնք կրնային
հետաքրքրուիլ:
Հիմա, այդ օրերը շա՜տ հեռուները մնացած են: Փոխուած են
աւանդութիւնները, փոխուած են առաջնահերթութիւնները: Այսօր այլեւս, կարգ մը համայնքներու մէջ, յուղարկաւորութեան կազմակերպման մտահոգութիւնը զիջած է իր
առաջնային տեղը շատ աւելի կարեւոր մէկ այլ մտահոգութեան: Օրերու չէ, այլ
ժամերու, նոյնիսկ վայրկեաններու հրատապութիւն պարտադրող հարց մըն է ատիկա,
որ տարիներէ ի վեր տուեալ տունէն ներս մուտք գործող անբաղձալիի մը առջեւ
կարծէք ժամ առաջ դուռը փակելու հրամայականէն թելադրուած է:
Ննջեցեալին մեկնումէն ետք, տարիներու այդ անբաղձալին վերջապէս տունէն
վանելու առիթը հանդիսացած է, անյետաձգելի գործողութեան պահը հասած է:
Ուստի, նախքան յուղարկաւորութեան հարցերով զբաղիլն իսկ, անմիջապէս ձեռք
կ՚առնուի հեռաձայնի ընկալուչը եւ կամ տեղ կը գրաւուի համակարգիչին առջեւ,
հեռաձայնելու կամ ելգիր մը գրելու համար, որպէսզի դադրեցուի տարիներու այդ
անբաղձալիին՝ հայատառ թերթին առաքումը:
Այս երեւոյթը այնպիսի ծաւալի մը հասած է, որ՝ դադրեցման այս
հեռաձայններուն կամ ելգիրերուն շնորհիւ՝ հայատառ մամուլի աշխատակիցներս
սկսած ենք նոյնիսկ տուեալ բաժանորդի մը հարազատներէն եւ մեռելաթաղէն առաջ
տեղեկանալու ենթակային մահուան գոյժին:
Իւրաքանչիւր բաժանորդի յաւերժական մեկնումով՝ հայատառ մամուլն ալ քայլ մը եւս կը մօտենայ իր շիրիմին:
Հէ՜գ հայ մամուլ:
ՅԱՐԳԵԼԻ ԴՐ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
ReplyDeleteՊԻՏԻ ՓԱՓԱՔԷԻ ԵԼ-ՄԱԿՈՎ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ՄՏՆԵԼ ՁԵԶԻ ՀԵՏ:
Եթէ հնարաւոր է, կապուեցէք ինծի հետ Դիմագիրքի միջոցով։
Delete