ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը
ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ՚օգնէ տեղեկանալու
մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին:
Ան հիմնուած է ամերիկացիներ Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ 15 Յունուար
2001ին:
Այսօրուայ դրութեամբ Ուիքիփետիան աշխարհի ամենամեծ հանրագիտարանն է: Ան
օրական կը հարստացուի եւ կը պահպանուի աշխարհի մէջ տարածուած 14 միլիոն
մասնակիցներու կողմէ: Ամէն ամիս Ուիքիփետիայէն կ՛օգտուին 500 միլիոնէ աւելի
այցելուներ:
Հայկական իրականութեան մէջ յաճախ հայերէն տեղեկատուութիւնը համացանցի
վրայ բացակայ է կամ անհամեմատելիօրէն աղքատ՝ բաղդատած այլ լեզուներու հետ
եւ մենք ստիպուած ենք մեզ հետաքրքրող նիւթը կարդալ այլ լեզուներով: