ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը
ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ՚օգնէ տեղեկանալու
մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին:
Ան հիմնուած է ամերիկացիներ Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ 15 Յունուար
2001ին:
Այսօրուայ դրութեամբ Ուիքիփետիան աշխարհի ամենամեծ հանրագիտարանն է: Ան
օրական կը հարստացուի եւ կը պահպանուի աշխարհի մէջ տարածուած 14 միլիոն
մասնակիցներու կողմէ: Ամէն ամիս Ուիքիփետիայէն կ՛օգտուին 500 միլիոնէ աւելի
այցելուներ:
Հայկական իրականութեան մէջ յաճախ հայերէն տեղեկատուութիւնը համացանցի
վրայ բացակայ է կամ անհամեմատելիօրէն աղքատ՝ բաղդատած այլ լեզուներու հետ
եւ մենք ստիպուած ենք մեզ հետաքրքրող նիւթը կարդալ այլ լեզուներով:
Համացանցի վրայ հայերէնով տեղեկատուութեան առկայութիւնը լեզուի
պահպանման երաշխիքն է: Մինչ Սփիւռքի մէջ տարիներէ ի վեր ահազանգային դարձած
է արեւմտահայերէնի գոյատեւման վտանգը, այս ուղղութեամբ սակայն ինչպէս
հայկական այլ հիմնախնդիրներու պարագային՝ նաեւ այս երեւոյթին նկատմամբ
մէջտեղ դրուած են աւելի շատ լոզունգներ քան առնուած են գործնական քայլեր:
Ուիքիփետիայի միջոցով արեւմտահայերէնը համացանցային լեզուի վերածելու եւ
այդ միջոցաւ նորահաս սերունդին հասցնելու հարցով ամենաօգտաշատ, անզուգական
եւ գործնական նախաձեռնութիւնը եկաւ Հայրենիքէն՝ «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի
նախաձեռնութեամբ, որուն յաջողութեան ի խնդիր իր անսակարկ նպաստը բերաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը` հովանաւորելով արեւմտահայերէնը
փրկելու վերոյիշեալ այս կենսական նախաձեռնութիւնը:
Արեւելահայերէնի կողքին, որ արդէն իսկ տարիներէ ի վեր առկայ է համացանցի
վրայ, Ուիքիփետիան արեւմտահայերէնով ալ օժտելու համար ամէն ինչ սկսաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանի Լիբանան այցով, որ տեղի
ունեցաւ Մարտ 2014ին: Տիկին Մկրտչեանի վկայութեամբ, «եկած էի Լիբանան եւ
գործին պատկերացումը շատ դժուար էր ինծի համար, որովհետեւ ես ինծի մինակ կը
զգայի գաղթօճախին մէջ եւ հաւատք չունէի, որ կրնայ այս հսկայ ծրագիրը
իրականանալ: Ան պարզապէս երեւակայական կը թուէր ինծի: Լիբանանի մէջ իմ
այցելութիւններուս ընթացքին որոշ մարդիկ հաւատացին եւ կողքս կեցան, ինչպէս "Զարթօնք"ի խմբագիրն ու պրն. Ռաֆֆի Տէմիրճեանը (հետագային "Ուիքիմետիա
Հայաստան"ի Լիբանանի համակարգող) եւ այլ նուիրեալներ եւ անշուշտ
ամենակարեւորը՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը: Մենք առաջին քայլը
ըրինք Լիբանանի ուսուցիչներուն համար, Հայաստանի Աղուերանի մէջ փոխանցելով
Ուիքիփետիայի դասընթացք: Այդ իրագործումէն ետք, աւելի եւս սերտացան կապերը
եւ որոշեցինք անպայման ճամբար մը կազմակերպել այս տարի Լիբանանի մէջ,
որպէսզի կարենայինք աւելի եւս ծանրանալ ծրագրին վրայ»:
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին,
Զմմառի Հայր Շէլհուպ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուիքի» ճամբարի բացման
հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական
կազմակերպութեան եւ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան։
Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43
աշակերտներ, որոնց ընկերակցեցան Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներ։
Այսպէս, ճամբարը շարունակուեցաւ աւելի քան շաբաթ մը, որուն եզրափակումը
պիտի կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին,
Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ,
ներկայութեամբ ճամբարի մասնակից աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն եւ
պատասխանատուներուն, որուն ընթացքին Հայաստան այցելելու եւ հոն տեղի
ունենալիք ճամբարին մասնակցելու հրաւէրով պարգեւատրուեցան ճամբարի
ընթացքին լաւագոյնս արտադրած աշակերտ- աշակերտուհիներէն 6 հոգի:
Ըստ տիկին Մկրտչեանի վկայութեան, «Ճամբարին ներկայ գտնուեցան
աշակերտներ, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ գրաշարել չէին գիտեր ու բոլորը
թերահաւատ էին այդ կէտի մէջ, բայց դուրս եկած արդիւնքը թէ՛ աշակերտները եւ
թէ՛ մեզ զարմացուց»: «Ես անձամբ զարմացած ու սքանչացած եմ», շարունակեց տիկ.
Սուսաննան, «լիբանանահայ աշակերտներուն ցոյց տուած աշխատանքով ու տարբեր
լեզուներու տիրապետութեամբ»:
«Ակնյայտ է, որ Լիբանանի հայկական վարժարաններու հայերէն լեզուի
ուսուցիչներն ու ծրագիրի իրականացման համար աշխատողները մեծ աշխատանք տարած
են, որպէսզի իրականանայ այդ ճամբարը», աւելցուց տիկին Մկրտչեան: «Ճամբարի
ընթացքին մինչեւ օրս խմբագրուած է մօտաւորապէս 500 յօդուած: Ճամբարը
աւելիով հասած է իր նպատակին», հաստատեց ան:
«"Կիւլպէնկեան" Հիմնարկութեան հետ կապուած բազմաթիւ ծրագիրներ կան զանազան
գաղթօճախներու մէջ եւ նման ճամբարներ յառաջիկայ տարիներուն շատ հաւանաբար
տեղի ունենան զանազան երկիրներու ու քաղաքներու մէջ, ինչպէս օրինակ Ֆրանսա,
Պոլիս, Լոս Անճելըս եւայլն», իր հետ մեր զրոյցը եզրափակեց Տիկին
Սուսաննան:
Օգտակարը հաճելիին խառնելով ճամբարի ամբողջ տեւողութեան լիբանանահայ
աշակերտները, իրենց պատասխանատուներուն հսկողութեամբ եւ ցուցմունքներով, ո՛չ
միայն խմբագրեցին ու համացանցին վրայ տեղադրեցին արեւմտահայերէնով շատ մը
գիտելիքներ, այլ անցուցին ընկերային շատ առողջ ու հաճելի ժամանակ:
Շատերուն միտքին մէջ թերեւս անմոռանալի մնան այս օրերը, մինչեւ իսկ
ծովափ ու Լիբանանեան բանակի մօտակայ մէկ զօրակայանին այցելութեամբ:
Յատկանշական էր բծախնդրօրէն պատրաստուած առօրեայ խստապահանջ ծրագիրը՝
զարթնումի կանուխ պահը, առաւօտեան մարզանքը, օրուան ընթացքին հաւաքական
աշխատանքը, երեկոյեան երգն ու պարը եւ կանուխ քնանալու պարտաւորութիւնը,
որոնք բոլորը գումարած կը կոփեն պատանիին հոգին, աւելի եւս առողջ ու
պատասխանատու դարձնելով զայն:
Ահաւասիկ կարգ մը վկայութիւններ մասնակից աշակերտներէն, որոնք կ՚ամփոփեն իրենց զգացումներուն արտացոլացումը․
Ասատուր Պասմաճեան (Հայ Կաթողիկէ «Ս. Խաչ-Հարպոյեան» վարժարան) . «Կը կարծեմ, որ Ուիքի ճամբարը իմ դպրոցական տարիներու ամենալաւ փորձառութիւններէս մէկը եղաւ»:
Մերի Մարկոսեան («Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան» Քոլէճ). «Ուիքի ճամբարը ինծի համար լաւ յիշատակներ պիտի ձգէ վերադառնալէս ետք: Կը փորձեմ խմբագրել եւ պիտի խմբագրեմ»:
Շահէն Արապողլեան («Եղիշէ Մանուկեան» Քոլէճ). «Ուիքի
ճամբարը շատ բաներ սորվեցուց ինծի եւ շատ լաւ տպաւորութիւններ ձգեց մեր
երիտասարդ ուղեղներուն մէջ: Շատ լաւ բաներ սորվեցանք, ալ աւելի եւս մտանք
համակարգիչի աշխարհին մէջ եւ զարգացուցինք մեր գիտելիքները»:
Յակոբ Թաշճեան («Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան). «Մինչեւ Ուիքի ճամբարի սկսիլը նոյնիսկ չէի մտածեր, որ կրնամ Ուիքիփետիային մէջ
յօդուածներ խմբագրել: Ուիքիփետիային դասընթացքէն ետք վստահ եմ օրական
յօդուածներ պիտի աւելցնեմ հոն»:
Ճեսի Թերզեան (Հայ Աւետարանական Քոլէճ)․ «Ինծի
համար Ուիքի ճամբարը շատ հաճելի փորձառութիւն մըն էր, որ զարգացուց
գիտելիքներս եւ կարողութիւններս ու յաջողեցաւ դառնալ իմ երկրորդ
ընտանիքս»:
Ռիթա Սարգիսեան (Ազգային «Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան» Քոլէճ)․ «Ես
այս տարի առիթը ունեցայ մասնակցելու Ուիքի ճամբարին, որ ինծի համար շատ
լաւ փորձառութիւն մը եղաւ: Մեր աշխատանքը շատ հետաքրքրական էր, իսկ
մթնոլորտը շատ ընկերային եւ այդ մէկն է, որ մեզ մղեց աշխատանքի եւ մեզի
համար արեւմտահայերէն յօդուածներ խմբագրելը առաջնահերթութեան վերածուեցաւ:
Ես վստահ եմ, որ Ուիքի ճամբարէն երբ տուն վերադառնանք, պիտի շարունակենք
մեր այս գործը եւ շատ մը արեւմտահայերէն յօդուածներ պիտի խմբագրենք»:
Նարօտ Աթամեան (Հայ Կաթողիկէ «Մեսրոպեան» Բարձրագոյն Վարժարան). «Շատ ուրախ եմ, որ այս ճամբարին մասնակցեցայ, շատ հաճելի է եւ լաւ փորձառութիւն մըն է մեզի համար: Նոր գիտելիքներ ստացանք»:
Սիլվա Քէօհիւլեան (Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» Վարժարան). «Այս
մէկը իմ առաջին փորձառութիւնս է եւ շատ հպարտ եմ, որ առիթը ունեցայ
մասնակցելու այս ճամբարին եւ փորձեցի օգտակար գտնուիլ արեւմտահայերէն
լեզուն պահպանելու համար ու շատ գիտելիքներ ամբարեցի»:
Կը մնայ մեր կողմէ աւելցնել, թէ կարելի չէ մոռնալ այստեղ ծնողներուն
վստահութիւնն ու քաջալերանքը: Կենսական էր մասնակից վարժարաններու
տնօրէններու գործակցութիւնը, որոնցմէ Հայ Կաթողիկէ «Ս. Խաչ – Հարպոյեան»
Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը այցելութիւն մը տուաւ ճամբար՝
գուրգուրանք ցուցաբերելու ու մօտէն քաջալերելու իր հոգեհարազատ աշակերտները
եւ, ըստ իր վկայութեան, «հաւատք ու յարատեւութեան ոգի ներշնչելու անոնց,
ինչպէս ամէն իրագործումի, նաեւ այս կենսական գործին մէջ, որուն
սիրով լծուած են անոնք»:
Վերջապէս վարձքը կատար Հայաստանէն ժամանած եւ օր ի գիշեր աշակերտներուն
վրայ հսկող ու անոնց Ուիքիփետիան խմբագրելու գիտելիք եւ միջոց ջամբող Դաւիթ
Սարոյեանին ու Ազնիւ Ստեփանեանին, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէն
Ուիքիփետիայի նուիրեալ լիբանանահայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք
իրենց սուղ ժամանակը նուիրեցին ու ամառնային արձակուրդը զոհեցին սոյն
ճամբարի յաջողութեան:
«ՌԱԿ Մամուլ» (www.ragmamoul.net), 11 Օգոստոս 2015
No comments:
Post a Comment