Showing posts with label Սիրան Սեզա. Show all posts
Showing posts with label Սիրան Սեզա. Show all posts

4.8.14

Կոչ՝ Սիրան Սեզայի նամականին կազմելու

Լոս Անճելըսի «Նոր Օր» շաբաթաթերթի Յուլիս 10, 2014ի թիւին մէջ լոյս տեսած է կոչ մը, որ կը տեղեկացնէ, թէ «կազմուած է խմբագրական յատուկ մարմին մը, որ յանձնառութիւնը ստանձնած է հրատարակելու ներհուն գրագիտուհի Տիկ. Սիրան Սեզայի նամականին, անտիպ գրութիւններն ու ստեղծագործութիւնները»։ Սիրան Սեզա (1898-1973)՝ լիբանահայ գրագիտուհի եւ հրապարակագիր, երկար տարիներ հրատարակած էր «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերաթերթը Լիբանանի մէջ։
Այս խմբագրական մարմնին մաս կը կազմեն Վահագն Քիւփելեան՝ Սիրան Սեզայի որդին, դոկտ. Մինաս Գոճայեան եւ տիկ. Նազիկ Գոճայեան։
Մարմինը կը խնդրէ, որ Ս. Սեզայի նամակներուն բնօրինակները կամ անոնց պատճէնները ուղարկուին հետեւեալ հասցէին.
11505 Dona Dolores Pl.
Studio City, CA 91604
U.S.A.

10.2.14

Սեզա՜ն... Ո՞վ կը յիշէ Սիրան Սեզան


ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ամերիկահայ մամուլին մէջ, պատահաբար, ուրախացուցիչ լուր մը կարդացի։
Ուրախացուցիչ եւ միաժամանակ զարմացնող լուր մը։
Անցնող Հոկտեմբեր 18ին, Կլէնտէյլի (Լոս Անճեըլըս) հանրային գրադարանին մէջ սարքուած գրական ձեռնարկով մը՝ ոգեկոչուեր է գրագիտուհի Սիրան Սեզայի յիշատակը, իր ծննդեան 110րդ տարեդարձին առիթով։
Օ՜, Սիրան Սեզան, բոլորին ծանօթ երբեմնի գրագիտուհի Տիկին Սեզան…։
Սեզան ճիշդ 40 տարիէ ի վեր անդարձ բաժնուած էր մեզմէ, դարձած էր գրեթէ մոռցուած անուն մը։ Նոր սերունդին համար ալ՝ անծանօթ մը։
Բայց հիմա, երբ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ կ՚ոգեկոչուէր ան լեցուն սրահի մը մէջ, մամուլն ալ կ՚արձագանգէր այդ ձեռնարկին պատշաճ մերձեցումով, կը նշանակէր թէ տակաւին արթուն էր մեր հաւաքական յիշողութիւնը, դեռ բոլորովին չէր խամրած հետաքրքրութիւնը՝ մեր անցեալի արժէքներուն նկատմամբ։