ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ամերիկահայ մամուլին մէջ, պատահաբար, ուրախացուցիչ լուր մը կարդացի։
Ուրախացուցիչ եւ միաժամանակ զարմացնող լուր մը։
Անցնող Հոկտեմբեր 18ին, Կլէնտէյլի (Լոս Անճեըլըս) հանրային գրադարանին մէջ սարքուած գրական ձեռնարկով մը՝ ոգեկոչուեր է գրագիտուհի Սիրան Սեզայի յիշատակը, իր ծննդեան 110րդ տարեդարձին առիթով։
Օ՜, Սիրան Սեզան, բոլորին ծանօթ երբեմնի գրագիտուհի Տիկին Սեզան…։
Սեզան ճիշդ 40 տարիէ ի վեր անդարձ բաժնուած էր մեզմէ, դարձած էր գրեթէ մոռցուած անուն մը։ Նոր սերունդին համար ալ՝ անծանօթ մը։
Բայց հիմա, երբ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ կ՚ոգեկոչուէր ան լեցուն սրահի մը մէջ, մամուլն ալ կ՚արձագանգէր այդ ձեռնարկին պատշաճ մերձեցումով, կը նշանակէր թէ տակաւին արթուն էր մեր հաւաքական յիշողութիւնը, դեռ բոլորովին չէր խամրած հետաքրքրութիւնը՝ մեր անցեալի արժէքներուն նկատմամբ։
Տպուած թղթակցութիւնը մանրամասնութիւններ կու տար ձեռնարկին մասին։ Կը նշուէր, որ նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր Թէքէեան Մշակ. Միութեան։ Իսկ խօսք առնողներն ալ, բոլո՛րը, Սեզան անձամբ ճանչցած կամ Պէյրութի մէջ անոր հետ գործակցած անձեր էին,- Օշին Քէշիշեան, Սեսիլ Քէշիշեան, Մարիա Դարբինեան-Քրիսեան եւ Սարգիս Վահագն։
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեր են Սեզայի ընտանեկան ալպոմէն յիշատակելի լուսանկարներ՝ անոր երիտասարդութեան շրջանէն սկսեալ մինչեւ յառաջացեալ տարիքը։ Ընթերցումներ կատարուեր են իր գործերէն։ Վերջաւորութեան ալ, բեմ հրաւիրուեր ու սրտի խօսք արտասաներ է հանգուցեալ գրագիտուհիին միակ որդին՝ Վահագն Քիւփէլեանը։
Երբ կարդացի վերի տեղեկատըւութիւնը, անմիջապէս անդրադարձայ, որ աւելի քան երեսուն տարուան իմ հետեւողական ընթերցումներուն ընթացքին բնաւ գիրք մը չէի կարդացած Սեզայէն։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ինչո՞ւ ճիգ մը չէի ըրած ձեռք բերելու անոր պատմուածքներու հատորներէն գէթ մէկը՝ տեսնելու համար թէ ինչպիսի՞ երեւոյթներ գրականութեան նիւթ դարձուցեր էր ան, ինչպիսի՞ լեզու մը ու ոճ մը ունէր, եւ կամ կայի՞ն հանգիտութիւններ ընդմէջ Սեզային եւ մեր միւս արձակագրուհիներուն՝ Զապէլ Եսայեանին, Զարուհի Գալէմքեարեանին, Զարուհի Պահրիին, Ա. Արփինէին…։
Յանցաւոր զգացի ինքզինքս։
Շուտով յիշեցի սակայն, թէ Սեզան կանուխէն տիրական անուն մըն էր ինծի համար՝ իր նշանաւոր «Երիտասարդ Հայուհի» ամսագրով, զոր որոշ ընդհատումներով հրատարակեր էր ան Պէյրութի մէջ, անցեալ դարու 30ական թուականներէն սկսեալ։
Արդարեւ, յստակօրէն կը յիշեմ, որ իմ դպրոցական տարիներուն, առիթով մը, մեր քաղաքին հայկական հանրային գրադարաններէն մէկուն մէջ տեսած էի «Երիտասարդ Հայուհի» կոչուող պարբերականի մը կազմուած հաւաքածոները։ Տասի չափ հաստափոր հատորներ։ Անզուսպ շահագրգռութեամբ մը ձեռք երկարեր էի անոնց…։
Երիտասարդ Հայուհի՜…։
Հետաքրքրութիւն շարժող խորագիր մը։
Յատուկ արտօնութեամբ տուն բերած էի այդ հաւաքածոները՝ զանոնք պրպտելու, թերթատելու նպատակով, ու մանաւանդ գիտնալու համար՝ թէ ի՞նչ կրնար պարունակել «կիներու յատուկ թերթ» մը…։ Այս առիթով է ահա, որ Սիրան Սեզան իր կնոջական ամբողջ հմայքով պիտի կանգնէր իմ առջեւ, ու ես հետաքրքրութեամբ մի առ մի պիտի կարդայի անոր ստորագրած հիւթեղ խմբագրականները, ի վերջոյ անդրադառնալու համար՝ որ անոնք թելադրիչ պատգամներ ունէին իգական սեռին առընթեր՝ նա՛եւ արական սեռին համար ալ…։
Աւելի ուշ, օր մըն ալ պիտի իմանայի, թէ Սեզան հարազատ կրտսեր քոյրն էր վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանին։ Տրտմութեան, խաղաղութեան ու մահուան երգիչին քոյրը՝ Սեզան…
***
Սիրան Սեզա, բուն անունով Սիրանոյշ Զարիֆեան, Պոլսոյ զաւակ էր, ծնած՝ 1903ին։ Նախակրթութիւնը իր ծննդավայրին հայկական ու ամերիկեան վարժարաններուն մէջ ամբողջացնելէ ետք, բախտն ունեցեր էր անցնելու Նիւ Եորք եւ 20ական թուականներու վերջերը վկայուեր էր տեղւոյն Գոլումպիա Համալսարանէն՝ գրականութեան եւ լրագրութեան «Մագիստրոս»ի տիտղոսով։ Ի տարբերութիւն շատ-շատերու, շուտով թողած էր սակայն Արեւմուտքը եւ եկած հաստատուած Պէյրութ, Արեւելքի ծոցը, ուր եւ պիտի ապրէր ու գործէր մինչեւ իր վերջին շունչը, միշտ մնալով լիբանանահայ գաղութին գրական ու հանրային բեմի կարկառուն դէմքերէն մին։
Իր պատմուածքները, սկզբնական շրջանին, լոյս տեսեր էին Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ։ Յետոյ Սեզան աշխատակցեր էր Ծառուկեանի «Նայիրի»ին եւ քանի մը այլ պարբերականներու ալ։ Քիչ արտադրած էր, ու ընդհանրապէս փոյթ ալ չէր ըրած իր գրութիւնները կողքի մը տակ ժողովելու։ Տասնամեակներ յետոյ, իր ամուսնոյն՝ տոքթ. Ներսէս Քիւփէլեանի ջանքերո՛վ է միայն, որ Սեզայի պատմուածքները մարմին պիտի տային զոյգ հատորներու,- «Պատնէշը» (1959) եւ «Մեղաւորուհին» (1960)։ Այս վերջին խորագրով ընտրանի մըն ալ լոյս պիտի տեսնէր Երեւան, 1967ին։ Հուսկ պիտի հրատարակուէր «Հէքեաթներու աշխարհէն» հատորը, որ պիտի ըլլար իր վերջին գիրքը, 1973ին։
Տիկին Սեզան, սակայն, իր հատորներէն անկախ, մեր գրական ապրումներուն մէջ կարեւոր տեղ մը պիտի գրաւէր իր հրատարակած թերթով՝ «Երիտասարդ Հայուհի»ով։
«Երիտասարդ Հայուհի»ն, զոր բոլորովին անձնական նախաձեռնութեամբ ու ճիգերով լոյս ընծայեց Սեզա երկար տարիներ, Լիբանանի տարածքին դարձաւ կնոջական բեմ մը, հետեւողութեամբը Հայկանոյշ Մառքի «Հայ Կին» հանդէսին, որ իգական սեռի ժամադրավայրն ու ձայնը դարձեր էր Պոլսոյ մէջ, 1919-1932 երկարող տարիներու ընթացքին։
Սիրան Սեզա Հայ Կինը դարձուց իր մտահոգութիւններուն առանցքը։ Առիթով մը սա՛պէս կը գրէր.
- Ամէն կին պաշտպան մը կ՚ուզէ։ Մէկը՝ որուն վստահի քաղցրութեամբ, բարութեամբ։ Մի՚ հաւատաք մեր արհամարհանքին. մութին մէջ լացող-երգող երեխաներ ենք մենք։ Որքան լրիւ ըլլայ կանացիութիւնը՝ այնքան աւելի տանջող է պահանջը,- ընկեր մը, բարեկամ մը, եղբայր մը։ Ու յաճախ, խանձուած թեւերով կ՚իյնանք կիսամեռ։ Այրերը չեն հասկնար մեզ, չեն ներեր։ Պատրանաթափ կիներու հէքեաթին չեն հաւատար անոնք։ Անոնցմէ շատերուն համար կինը միջոց մըն է ճոխացնելու իրենց սեփական կեանքը, հերոսանալու իսկ։ Կը սիրե՞ն, կ՚ատե՞ն. ո՞վ գիտէ։ Նոյնիսկ կը սպաննեն եւ կը սպաննուին, բայց երբեք չեն փորձեր ըմբռնել մեզ։ Իսկ մե՞նք։ Մեր կեանքին ազնուագոյն մասը շռայլօրէն կը նուիրենք անոնց։ Ու երբ մեր երիտասարդութիւնը, մեր գեղեցկութիւնը թարշամի՝ ագահ, անփոյթ մատներու տակ, երբ ա՚լ բան մը չունինք տալիք, անոնք կը վերսկսին իրենց փորձը, մինչեւ որ իրենք ալ իյնան պարտասած…։
«Երիտասարդ Հայուհի»ն պիտի ունենար հրատարակութեան երկու շրջաններ։ Նախ՝ 1932-34, յետոյ, տասներեք տարուան դադարէ մը ետք՝ 1947-68, շրջան մը լոյս տեսնելով իբրեւ կիսամսեայ, սակայն առհասարակ պահպանելով ամսագրային պարբերականութիւն։ Հանրագումար՝ աւելի քան քսան տարուան բեղուն առաքելութիւն մը, որ երախտագիտութեամբ կը յիշատակուի լիբանանահայ մամուլի պատմութեան մէջ։ Արդէն, լիբանանահայութիւնը արժանաւոր շուքով նշած էր իր այս նուիրեալ ծառային գրական գործունէութեան 40ամեայ յոբելեանը, 1967 Դեկտեմբերին։ Նոյն այս առիթով, Լիբանանի պետութիւնը յոբելեար գրագիտուհին պատուած էր «Արժանեաց Շքանշան»ով։
Տիկին Սեզան, իր սեփական գործերուն հաւաքումէն կամ մէկտեղումէն շա՛տ աւելի առաջնահերթ պիտի նկատէր տարաբախտ եղբօրը՝ Մատթէոս Զարիֆեանի գործերուն դասաւորումն ու հրատարակումը, որոնց համար ալ երկա՜ր ատեն շունչ ու հոգի պիտի վատնէր, մինչեւ որ ատոնք 650 էջանի փառաւոր հատորի մը ձեւով լոյսին գային Պէյրութի մէջ, 1956ին, բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի խմբագրութեամբ։ Այս «Ամբողջական գործեր»ու մատեանը, անկասկած, այն յաւերժական յուշակոթողն էր, որ գորովասիրտ քրոջ մը կողմէ կը կանգնեցուէր եղբօր մը վաղաթառամ կեանքին դամբանին վրայ…։
***
Գրադարանիս մէջ գիրքեր չունէի Սեզայէն, բայց արագ պրպտում մը ի յայտ բերաւ, թէ ունէի գիրքեր՝ որոնք քանի մը էջերով կը պատմէին Սեզային մասին…։
Այսպիսի հինգ հատորներ գտայ գրադարանիս դարաններուն խորշերը։ Այս պատմումներուն հեղինակները Սեզային լիբանանահայ կրտսեր գրչակիցներն էին,- Անդրանիկ Ծառուկեան, Օննիկ Սարգիսեան, Լեւոն Վարդան, Շահանդուխտ եւ Ժիրայր Դանիէլեան։ Ասոնք՝ իմ ունեցածներն էին։ Վստահաբար, եթէ պատեհութիւնն ունենայի խուզարկելու հանրային գրադարան մը, շատ աւելի առատ նիւթեր պիտի գտնէի Սեզայի մասին։ Բայց իմ ձեռքին տակ գոյութիւն ունեցող այս քիչ գրականութիւնն իսկ՝ բաւարար էր ուրուագծելու Սեզային դիմագիծը։
Ի՞նչ կը գրէին ուրեմն Սեզայի գրչակիցները իր մասին։
Կը սկսիմ Ա. Ծառուկեանէն։
Ծառուկեան (վերի հինգ անուններուն մէջ երիցագոյնը) տասը տարի աւելի փոքր էր Սեզայէն։ Վայելած էր անոր մտերմութիւնը, ու կը թուի թէ լա՛ւապէս ճանչցեր էր զինք՝ իր հոգեկան ապրումներուն ու մտաւորական արժանիքներուն մէջ։ «Սփիւռքի տասնամեակները» հատորին (Հալէպ, 2000) վերջին էջերուն վրայ, ուր մէկտեղուած են «Նայիրի»ի մէջ երեւցած փունջ մը մահագրականներ, տխուր ու սեղմ տողերով կ՚ոգեկոչուի նաեւ Սեզան։ Ըստ Ծառուկեանի, Սեզային մահը կը թողուր իսկական պարապութիւն մը։ Սեզա «խառնուածքով ըմբոստ, մտաւորական պարկեշտութեամբ գերազանց, աշխոյժ, գործունեայ, համակ խանդավառութիւն եւ խանդավառելու ընդունակ, իր գրական տաղանդին կը միացնէր նաեւ հասուն մտաւորականին եւ լայնախոհ ազգային գործիչին վաւերական արժանիքները, եւ կին ըլլալը՝ կրկնակի արժէք կու տար այդ արժանիքներուն։ Հետաքրքրութիւնները միշտ արթուն էին, սիրտը յարաշարժ խռովքի մէջ, գեղեցիկին առջեւ թրթռացող եւ տգեղին դէմ ընդվզող։ Միջին ճամբաները, միջին զգացումները, գաղջ հոգեվիճակները իրը չէին։ Պիտի սիրէր կամ պիտի ատէր, եւ սէրն ու ատելութիւնը հաւասարապէս անկեղծ էին»։ Ա՛յսքան։ Պարզ եւ մեկին։
Լիւսի Սիւլահեանի հոգածութեամբ հրատարակուած «Օննիկ Սարգիսեանի հետքերով» հատորը (Լոս Անճըլըս, 2006), որ ի մի կը բերէ «Շիրակ»ի նախկին խմբագրապետին դէս ու դէն ցրուած գրական յօդուածները, ակնարկ մըն ալ ունի Սեզայի մասին։ Արդարեւ, հոս տեղ գտած է Օննիկ Սարգիսեանի մէկ գրախօսականը՝ Սեզայի «Պատնէշը» հատորին մասին։ Գրութիւնը լոյս ընծայուած է Պէյրութի «Շիրակ» ամսագրին 1959ի թիւերէն մէկուն մէջ։
Ի՞նչ կ՚ըսէ Օ. Սարգիսեան։
Ան կը գրէ. «Գիրքը կարդացի դանդաղօրէն, ըմբոշխնելով։ …Տասնեակ տարիներէ ի վեր չէ պատահած որ գիրք մը զիս ստիպէ դարձեալ իրեն վերադառնալու, հին հաճոյք մը վերանորոգելու, կամ հին յիշատակներ որոճալու համար»։
Յետոյ, ան, մի առ մի կը խօսի «Պատնէշը» հատորին եօթը արձակ գրութիւններուն մասին, դիտել տալով որ «Տիկին Սեզա կը նկրտի ցոյց տալ այն հրէշային պատնէշը, որ դրուած է ընկերութեան կողմէ՝ մեր զգացումներուն, մտածումներուն, ներաշխարհին, ախորժակներուն, ձգտումներուն եւ գործունէութեանց դէմ»։ Ու վերջաւորութեան, Օ. Սարգիսեան կ՚ափսոսայ, որ Տիկին Սեզա իր գրական բացառիկ կարողութիւններուն խոտոր համեմատականով՝ շատ քիչ կ՚արտադրէ, ու հետեւաբար՝ ան «մեղապարտ է հայ գրականութեան հանդէպ»։
Սեզան ոգեկոչող երրորդ գիրք մըն է լիբանանահայ արձակագիր, պատմագիր ու բանաստեղծ Լեւոն Վարդանի «Մարդեր ճամբու մայթերէն» հատորը (Պէյրութ, 1999)։ Հոս, տասնեակ մը դիմաստուերներու շարքին՝ կա՛յ նաեւ Սեզան։
Լ. Վարդան (մահացած՝ 1997ին) կը պատմէ, որ Սեզային ծանօթացաւ առաջին անգամ 1951ին, երբ Հալէպէն Պէյրութ եկեր էր՝ համալսարանական ուսման տիրանալու ձգտումով։ Աւելի ուշ, յաճախ ունկնդիր եղաւ անոր խիզախ ու համարձակ ելոյթներուն։ Առիթով մը, Սեզան սա՛պէս արտայատուած էր.
- Անբնական բան մըն է մեր ընկերութիւնը, որ տղամարդոց ընկերութիւնն է միայն։ Ո՞ւր են մեր կիները, մեր աղջիկները։ Չկա՚ն անոնք։ Ու եթէ փորձես փնտռել զանոնք՝ ստիպուած ես մտնելու տունին խոհանոցը եւ ննջարանը, կամ ալ՝ դրացիին պատշգամը, զայն գտնելու համար բաժակ մը սուրճի շաղակրատութեան յանձնուած։ Դատապարտելին Հայուհիին գիտակցութենէ զուրկ ըլլալն է, իր տգիտութենէն վեր չբարձրանալու յամառութիւնը։ Ի՞նչպէս պիտի զարգանայ եւ տէր դառնայ կինն ու աշխարհը յուզող գիտութեան, եթէ որոշած է չկարդալ։ Ինքնաճանաչումը կը սկսի մեր մեծ սուրբէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն։
Սեզան տակաւին երկարօրէն խօսեր էր Փարիզ անցուցած իր երանելի օրերուն մասին, այն հանդիպումներուն՝ զորս կ՚ունենար Փարիզի Տղոց հետ, Քարթիէ Լաթէնի սրճարաններուն մէջ…։ Հո՛ն էր, որ ծանօթացեր էր Վազգէն Շուշանեանին ու խո՛րապէս սիրահարեր էր անոր՝ իր հետ կատաղօրէն վիճելով հանդերձ…
Լ. Վարդանէն ետք՝ կ՚անցնիմ չորրորդ հատորին, որ կը պատկանի լիբանանահայ վաստակաւոր լրագրող եւ արձակագրուհի Շահանդուխտին։
Շահանդուխտ Սեզան ճանչցեր է իր լրագրական աշխատանքին բերումով։ 60ական թուականներուն, պաշտօնի կոչուելով Պէյրութի «Այգ» օրաթերթին մէջ, Շահանդուխտ այնտեղ նախ ծանօթացեր է Սեզայի քրոջ՝ Լիւսի Թոսպաթին, որ տնօրէնուհին էր այս լրագրին։ Յետոյ գտեր ու ճանչցեր է նաեւ Սեզան, որուն մասին կ՚արտայայտուի առանձնաբար, իր «Հանդիպումներ հայուհիներու հետ» հատորին մէջ (Պէյրութ, 2010)։
Ըստ Շահանդուխտի, Սեզան «մեր հիացման առարկան էր՝ երբ կ՚արտայայտուէր, խոր ճանաչողութեամբ, միջազգային համբաւի տիրացած հեղինակներու մասին - Ռապինտրանաթ Թակոր, Տոսթոյեւսկի, Հիւկօ, Լամարթին։ Անծանօթներ չէին իրեն համար նոյնիսկ նորագոյն հեղինակները։ Կը ջղայնանար երբ լսէր կամ իմանար անտաղանդներու գովեստը»։
Վրձնելով Սեզայի նկարագրային գիծերը, Շահանդուխտ կը գրէ.
- Սեզան եղաւ յախուռն եւ ծայրայեղութիւններ սիրող կինը։ Անոր կեանքը ճամբորդութիւն մըն էր ոչ թէ մայթին վրայէն, այլ ճամբուն ճի՚շդ մէջտեղէն՝ առանց խուսափելու աջէն կամ ձախէն գալիք հարուածներէն։ Կ՚ուզէր ուղիղ ճակատին խօսիլ, յաճա՛խ կիրքով. իրողութիւն մը, որ պատճառ կը դառնար, որ չսիրուէր շատերէն։ Կը հետապնդէր արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը իր հաւատացած եղանակով։
Շահանդուխտ կը վկայէ տակաւին, որ Սեզան թողած է անաւարտ ու անտիպ վէպ մը՝ «Զենոպի» խորագրով։ Բայց աւելի՛ կարեւոր կը սեպէ անոր նամականին։ «Սեզա նամակագրական կապ պահած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի ականաւոր մտաւորականներու եւ գրողներու հետ, Նիկոլ Աղբալեանէն մինչեւ Սիրունի։ Կարեւոր են Սեզայի նամակ-ժառանգութիւնները։ Երբ հիւանդ էր ան եւ կը ծառայէր անկողնին, կարգ մը մտաւորականներ հետաքրքրուեցան այդ նամակներով եւ ուզեցին ձեռք ձգել զանոնք. արդեօ՞ք կորուստէ փրկելու համար։ Ինչ ալ ըլլայ պարագան, անհրաժեշտ է հրատարակել այդ նամակները՝ թափանցելու համար յետ-պատերազմեան մեր մշակութային-հասարակական կեանքի զանազան հանգրուաններուն մէջ», կ՚եզրափակէ ան։
Եւ ահա Ժիրայր Դանիէլեանի գիրքը՝ «Գրական որոնումներ»ը (Անթիլիաս, 2007)։ Շուրջ 500 էջնոց փառաւոր հատոր մը, ուր հեղինակը, ի միջի այլոց, կը խօսի նաեւ Սեզայի մասին։
Դանիէլեան նկատել կու տայ, որ Սեզայի կենսագրական տուեալները մինչեւ այսօր ամբողջացած չեն։ Անոր կեանքին ինչ-ինչ մանրամասնութիւնները դեռ կը մնան տարտամ ու մասնակի։ Ինք սակայն, այստեղ, կ՚ուզէ վերագծել Սեզային հրապարակագիրի դիմագծութիւնը։
Դանիէլեան, որ հմուտ մատենագէտ է, ստուգեր է, որ Սեզան Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին սկսեր է աշխատակցիլ 1926էն սկսեալ, այդ գործակցութիւնը շարունակելով մինչեւ 1932, այսինքն՝ երբ պիտի հիմնէր ի՛ր թերթը՝ «Երիտասարդ Հայուհի»ն։ «Հայրենիք»ի էջերուն վրայ Սեզա ստորագրած է թէ՛ մանկութեան կամ պատանեկութեան յուշեր (Պոլսէն), թէ՛ ալ պատմուածքներ ու աւանդավէպեր, որոնցմէ ոմանք յետագային տեղ գտած են իր հրատարակեալ հատորներուն մէջ։
Դանիէլեան համոզում կը յայտնէ, որ Տիկին Սեզա իր «Երիտասարդ Հայուհի»ով, իբրեւ կնոջական թերթի մը խմբագիր, կրնայ բաղդատութեան դրուիլ մի միայն Հայկանոյշ Մառքի հետ, որ Պոլսոյ մէջ հիմնեց ու խմբագրեց «Հայ Կին» հանդէսը։ Չունինք երրորդ անուն մը, որ զուգորդուի այս երկուքին։
***
Երբ աւարտեցի Սեզայի անունին շուրջ իմ այս արագ պտոյտը, ու գրադարանէն վար առնուած գիրքերը վերադարձուցի իրենց տեղերը, անակնկալ անդրադարձ մը ունեցայ նաեւ Սեզային ընտանիքին մասին։
Արդարեւ, ամէն ոք գիտէ այլեւս, որ Սեզան քոյրն էր բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանին։ Բայց միայն այսքան չէ։ Եթէ փորձենք մեր գլուխը երկարել դէպի Զարիֆեաններու ընտանեկան յարկը, ու փորձենք ճանչնալ տան անդամներն ու շառաւիղները, հաւանաբար դէմ յանդիման գտնուինք հետաքրքրական նորութիւններու…։
Մատթէոս Զարիֆեանն ու Սեզան գիտե՛նք արդէն։
Վերը, ակնարկեցինք նաեւ Սեզայի միւս քրոջ՝ Լիւսի Զարիֆեան-Թոսպաթին, որ կողակիցն էր Լիբանանի խորհրդարանի երբեմնի անդամներէն՝ ծանօթ հրապարակագիր Տիգրան Թոսպաթին։ Այս վերջինը Պէյրութի մէջ կը հրատարակէր ֆրանսատառ «Լը Սուար» օրաթերթը, նաեւ՝ հայկական «Այգ»ը (1953-1975), որուն տնօրէնուհին էր տիկ. Լիւսի Թոսպաթ։ Տիկ. Լիւսի տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայութիւն մը բերած է լիբանանահայ մամուլին, յետոյ Ամերիկա անցնելով իր մահկանացուն կնքած է Սան Ֆրանսիսքօ, 1987ին։
Մատթէոս Զարիֆեանի երրորդ քրոջ՝ Պերճուհիի դուստրն էր տիկ. Եօլանտ Աճէմեան (մահացած՝ 2000 թուականին), Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ֆրանսերէնի երկարամեայ յարգուած ուսուցչուհին, հանրածանօթ «Մատամ»ը։ Եղած է նաեւ արուեստի քննադատ ու մամլոյ աշխատակից։ Ան կողակիցն էր նշանաւոր ծաղրանկարիչ Տիրան Աճէմեանին։ Իսկ իրենց դուստրը՝ Սիլվիա Աճէմեանը, համալիբանանեան առումով շատ ծանօթ արուեստաբան է, տնօրէնուհին՝ Պէյրութի «Սըրսոք» թանգարանին։
«Մատամ»ին քոյրը՝ կողակիցն էր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանին…։
Եթէ հրաշքով մը քով-քովի բերէինք այս ընտանիքին բոլոր անդամները՝ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանէն մինչեւ Մ. Իշխան, զանոնք նստեցնէինք քամերայի մը առջեւ ու լուսանկարէինք, արդեօք դժուար կրկնելի պատմական պատկերի մը առջեւ չէի՞նք գտնուեր…

«Նոր Յառաջ», Յունուար 4, 2014
No comments:
Post a Comment