Showing posts with label Չիլէ. Show all posts
Showing posts with label Չիլէ. Show all posts

15.4.15

Չիլէի Երեսփոխանական Ժողովը կը դատապարտէ Մեծ Եղեռնը

Ապրիլ 14ին Չիլէի Երեսփոխանական Ժողովը վաւերացուցած է որոշման նախագիծ մը որ «համերաշխութիւն կը յայտնէ հայ ազգին հետ, դատապարտելով իր ժողովուրդին դէմ 1915ին սկսած ցեղասպանութիւնը»։ Թիւ 324 որոշումը ընդունուած է 77 թեր, 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով։ 

20.10.12

Հայրս

 ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ

Հայրս ու մայրս իմ վրաս ծռած մտահոգութեամբ զիս կը դիտէին, մինչ քիթէս վազող արիւնը ծորակի ջուրին խառնուած դէմքիս վրայէն կը սահէր: Ընկեր մը զիս հրած էր Պուէնոս Այրէսի հին ակումբին աստիճաններէն: Երեք տարեկան էի, 1971-ին, եւ այս է հօրմէս ու մօրմէս ունեցած ամենահին յիշատակս:
Գործի բերումով, այս տարի փոխադրուեցայ Նիւ Եորքէն Սանթիակօ (Չիլէ), որոշ չափով անակնկալ զարգացում մը՝ 13 տարի Միացեալ Նահանգներ ապրելէ ետք: Օդանաւին մէջ կը մտածէի կեանքի անիւները դարձնող խորհրդաւոր շարժիչներուն մասին, անթափանցելի ուժերը, որոնք մեզ կը տանին անծանօթ եւ անսպասելի ուղիներէ, եւ որոնք մոլորակի սրտէն բխած երկրաշարժներու նման լեռներ կը կերտեն եւ աւեր կը գործեն, նոյն այդ մութ օրէնքները, որոնց հետեւանքով թիթեռնիկի մը թեւահարումը Փեքինի մէջ այնպիսի մթնոլորտային փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ, որ ամիսներ ետք փոթորիկ կը պատճառեն Նիւ Եորքի մէջ, ըստ 1960-ականներու մշակուած օդերեւութաբանական տեսութեան մը: Ինչո՞ւ այս փոթորիկները մեր կեանքին մէջ, շատ անգամ մենք մեզի հարց կու տանք: Ինչո՞ւ Չիլէ, կը մտածէի, Անտեան բարձունքներուն եւ Խաղաղականի ալեկոծ յատակին մէջտեղ սեղմուած, աշխարհի ծայր ու վերջակէտ, Finis Terrae: Հայրս ալ իր մանկութեան հարց տուած էր՝ ինչո՞ւ Սուրիա, ապա՝ ինչո՞ւ Արժանթին, իսկ անպատասխան հարցականը կը մնայ, արդէն ընտանիքիս չորրորդ սերունդին համար՝ ինչո՞ւ հայրենիք չենք: