Ապրիլ 14ին Չիլէի
Երեսփոխանական Ժողովը վաւերացուցած է որոշման նախագիծ մը որ «համերաշխութիւն կը
յայտնէ հայ ազգին հետ, դատապարտելով իր ժողովուրդին դէմ 1915ին սկսած
ցեղասպանութիւնը»։ Թիւ 324 որոշումը ընդունուած է 77 թեր, 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ
քուէներով։
Որոշումը կը նշէ, ակնարկելով ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբի
կողմէ 1985ին վաւերացուած ցեղասպանութեան տեղեկագրին, որ «բարոյական պարտաւորութիւն
է, որ Չիլէն իւրացնէ ՄԱԿի 1985ի որոշումը այն մասին, թէ Օսմանեան կայսրութեան
ժամանակաշրջանին բիրտ ցեղասպանութիւն մը գործուած է Հայաստանի մէջ՝ անպաշտպան
ժողովուրդի մը դէմ, որ բարոյական հատուցում կը պահանջէ միջազգային համայնքէն եւ
յատկապէս թրքական պետութենէն»։
Նախաձեռնութիւնը ներկայացուած էր չորս կուսակցութիւններու
պատկանող եօթը երեսփոխաններու կողմէ։ Կ՚արժէ յիշել, որ Չիլէի Ծերակոյտը հայոց
ցեղասպանութիւնը դատապարտած էր Յունիս 5, 2007ին՝ թիւ 531 որոշումով։
No comments:
Post a Comment