20.10.12

Հայրս

 ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ

Հայրս ու մայրս իմ վրաս ծռած մտահոգութեամբ զիս կը դիտէին, մինչ քիթէս վազող արիւնը ծորակի ջուրին խառնուած դէմքիս վրայէն կը սահէր: Ընկեր մը զիս հրած էր Պուէնոս Այրէսի հին ակումբին աստիճաններէն: Երեք տարեկան էի, 1971-ին, եւ այս է հօրմէս ու մօրմէս ունեցած ամենահին յիշատակս:
Գործի բերումով, այս տարի փոխադրուեցայ Նիւ Եորքէն Սանթիակօ (Չիլէ), որոշ չափով անակնկալ զարգացում մը՝ 13 տարի Միացեալ Նահանգներ ապրելէ ետք: Օդանաւին մէջ կը մտածէի կեանքի անիւները դարձնող խորհրդաւոր շարժիչներուն մասին, անթափանցելի ուժերը, որոնք մեզ կը տանին անծանօթ եւ անսպասելի ուղիներէ, եւ որոնք մոլորակի սրտէն բխած երկրաշարժներու նման լեռներ կը կերտեն եւ աւեր կը գործեն, նոյն այդ մութ օրէնքները, որոնց հետեւանքով թիթեռնիկի մը թեւահարումը Փեքինի մէջ այնպիսի մթնոլորտային փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ, որ ամիսներ ետք փոթորիկ կը պատճառեն Նիւ Եորքի մէջ, ըստ 1960-ականներու մշակուած օդերեւութաբանական տեսութեան մը: Ինչո՞ւ այս փոթորիկները մեր կեանքին մէջ, շատ անգամ մենք մեզի հարց կու տանք: Ինչո՞ւ Չիլէ, կը մտածէի, Անտեան բարձունքներուն եւ Խաղաղականի ալեկոծ յատակին մէջտեղ սեղմուած, աշխարհի ծայր ու վերջակէտ, Finis Terrae: Հայրս ալ իր մանկութեան հարց տուած էր՝ ինչո՞ւ Սուրիա, ապա՝ ինչո՞ւ Արժանթին, իսկ անպատասխան հարցականը կը մնայ, արդէն ընտանիքիս չորրորդ սերունդին համար՝ ինչո՞ւ հայրենիք չենք:

Հայրս՝ Պետրոս Հաճեան, ծնած էր 1933-ին Ճարապլուս, հիթիթներու հազարամեայ եւ խեղճացած Կարկեմիշը, որովհետեւ իր հայրն ու մայրը՝ քիլիսցի Աւետիս Հաճեանը եւ Եղեռնի վերապրող հռոմկլայեցի Ազնիւ Գույումճեանը, գիւղակ դարձած վաղեմի այդ մայրաքաղաքը հաստատուած էին կիլիկիահայութեան երկրորդ տարագրութենէն ետք, երբ ֆրանսական իշխանութիւնը, որ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութեան երաշխաւորած էր Կիլիկիոյ անկախութիւնը, որոշած էր գաղտնի կերպով մեր հողերը ետ յանձնել թուրքերուն, ու նախօրեակին ձիերու սմբակներուն տակ կերպաս կապած, որ պայտերուն ձայնը չելլէ, գիշերուան լռութեան մէջ հեռացած էր:
Բայց ատիկա անմիջական բացատրութիւնն էր: Ի՞նչ չար թիթեռնիկի թեւահարումը հայութեան գլխուն նման մրրիկներ իջեցուցած էր:
Առաջին անգամ, Պետրոս Հաճեանի մանկական մտքին մէջ այդ կսկիծը ձգած էր Շաւարշ Միսաքեան՝ Փարիզի «Յառաջ» թերթի հիմնադիրն ու խմբագիրը, երբ Յակոբ Օշականի անսպասելի մահուան օրը --Միսաքեանն ու Օշականը այդ օրերուն Սուրիա հանդիպած էին--, խօսքը ուղղած էր Ճարապլուսի հայկական վարժարանի աշակերտութեան ու հարցուցած էր երեխաներուն.-- Դուք գիտէ՞ք, թէ ինչու հոս ծնած էք:
«Իսկապէս», մտածած էր հայրս, «ինչո՞ւ հոս ծնած ենք»: Այդ միտքը, որ նաեւ կարելի էր բանաձեւել «ինչո՞ւ հայրենիք չենք ծնած», եղաւ հրատապ հարցականը հօրս կեանքին: Պատասխանի որոնումը նախ զինք տարաւ Տէր Զոր, ուր տեղւոյն դպրոցի տնօրէնութիւնը վարեց վաղ երիտասարդ տարիքէն, ապա Հալէպ, ուր «Զաւարեան»ի մէջ պաշտօնավարելէ ետք ստանձնեց ուսուցչական դիրք, ապա տնօրէնութիւնը «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի, եւ վերջապէս Արժանթին:
Արժանթի՜ն. . . Երբ որոշում կայացաւ, որ հարաւային ամերիկեան այդ հեռաւոր անկիւնը երթար, ան Բրիտանական Հանրագիտարանին մէջ փնտռեց Արժանթինի նուիրուած գլուխը. Փերոն, քաղաքական եւ տնտեսական անկայունութիւն, հարուստ գիւղատնտեսութիւն:
Սուրիոյ քաղաքական լարուածութիւնը եւ նեղութիւնները, զորս օրուան իշխանութիւնը կու տար դաշնակցական ղեկավարներուն, զայն մղեցին Պուէնոս Այրէս փոխադրուելու առաջարկը առանց շատ տատանումի ընդունելու: Առաջին վայրկեանին, սակայն, երբ ոտք կոխեց Արժանթինի մայրաքաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանին մէջ, անմիջապէս հիասթափութիւնը իր հոգւոյն տիրացաւ: Բակին մէջ վազող պզտիկները սպաներէնով կը խօսէին, կը պոռչտային, կ'երգէին: Անծանօթ, օտար անուններ կը կրէին եւ անոնց խօսած տարօրինակ, իտալական եղանակով շեշտը, անոնց տկար հայերէնը անոր հալէպահայու անվարժ ականջին խորթ կը թուէր: Այս անակնկալ տպաւորութիւնները աշխարհի ծայրամասի հայկական զանգուածէն գլխապտոյտ պատճառեցին իրեն։
Երկու տարուան առաքելութեամբ գացած էր Արժանթին, բայց արդէն երկրորդ շաբաթը որոշած էր վայրկեան առաջ վերադառնալ Հալէպ: Ուրիշ հալէպցի մը, սակայն, անոր միտքը փոխեց եւ Պետրոս Հաճեանի ու իր ընտանիքին ճակատագիրը Հարաւային Ամերիկային շղթայեց:
-- Ասիկա իմ տեղս չէ, ըսաւ հայրս գաղութային ղեկավար Ազատ Գարակէօզեանին: --Ես Հալէպ պիտի վերադառնամ։
-- Հալէպի մէջ քեզ պէտք չունին, քեզի պէս շատեր կան հոն --ըսաւ Գարակէօզեան, բարի հսկայ մը մարմինով ու հոգւով, հօրս պէս դաշնակցական եւ ամէն զուտ հալէպցիի պէս լուրջ, յաճախ անժպիտ, զուսպ եւ աւելորդ ձեւակերպութիւններու թշնամի: --Բայց այս պզտիկները քեզ պէտք ունին, կրնա՞ս զիրենք լքել,-- եւ Ազատը իրենց շուրջ խաղացող ու վազվզող մանկապարտէզի պզտիկները ցոյց տուաւ: Ու հայրս որոշեց մնալ, Սփիւռքի այն անկիւնէն հայապահպանումի կռիւը կաւիճով ու գրիչով մղել, այդ օտարալեզու մանուկներուն հայութիւնը փրկելու համար, այն յոյսով --սովետական բռնութեան այդ տարիներուն-- որ թերեւս այդ փոքրիկներուն ապագայ թոռնիկները անկախ հայրենիք մը տեսնէին ու իրենց հողը, մեր հողը վերադառնային: Այդ տարիներուն երբ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէր, հայապահպանում կը նշանակէր մնայուն պայքար մինչեւ հայրենիքի ազատագրութիւն:
Հայրս ընդունեց Հարաւային Ամերիկայի այդ ճակատէն կռիւը մղել, բայց Հալէպի մէջ յիշուած կատակասէր, խօսուն Պետրոս Հաճեանը դարձաւ Պուէնոս Այրէսի տունէն ներս լռութեան պատեանի մէջ փակուած հայրս, անյայտ դառնութեան մէջ ամփոփուած։
Թերեւս 1980-ականներու սկիզբներուն սկսած էր հաշտուիլ իր արժանթինեան ճակատագրին, Պոսթընի «Հայրենիք» թերթի խմբագրութիւնը ստանձնելու առաջարկը մերժած ըլլալէ ետք, թէեւ օրուան խմբագիր Գէորգ Տօնապետեանը, որուն հետ «Քարէն Եփփէ» ճեմարանին մէջ պաշտօնակից եղած էր, փորձած էր համոզել: Պոսթընի (Ուոթըրթաունի, աւելի ճիշդ) ամայի փողոցները, ցուրտ փողոցները, ինքնաշարժերուն գերի դարձած մարդոց կենցաղը սրտին չէին խօսած: Արժանթինի ընկերները ու կեանքը «ուրիշ» էին, ինչպէս ատենին երազային Հալէպն ալ «ուրիշ» եղած էր: Եւ անոր փոքր եղբայրն ալ, Հմայեակը, որ անողոք քաղցկեղի զոհ մեզմէ հեռացաւ 1983-ի անժամանակ մէկ օրը «եղբա՜յր, եղբա՜յր» կանչելով, գուցէ շատ կարեւոր դեր խաղաց հօրս Արժանթին վերջնական արմատ նետելուն մէջ, քանի որ Հմայեակի շնորհիւ Պետրոսը սկսաւ կիրքով հետեւիլ ֆութպոլին՝ ամէն տղու առաջին սէրը, եւ դարձաւ Ռիվէր Փլէյթ խումբի հաւատարիմ երկրպագու, շատ Կիրակիներ իր մանչ զաւակները դաշտ տանելով:
Մանկութեանս շատ գիշերներ, երբ «Արմենիա» թերթին հին խմբագրատունէն կը վերադառնայինք, հօրս կը հարցնէի, եթէ անկախ Հայաստան երբեք մեր կենդանութեան պիտի տեսնէինք, եւ հայրս կը բացատրէր, թէ ինչո՞ւ անկարելի պիտի ըլլար նոյնիսկ հեռաւոր ապագային: «Թերեւս թոռնիկներդ տեսնեն»:
Երբ Հաճեանի առաջին թոռնիկը ծնաւ, հայրենիքը արդէն 15 տարի անկախ էր: Աշխարհը աննախատեսելի եւ հիմնական կերպով փոխուած էր: Ղարաբաղը վերադարձած էր մայրենի ծիրին, ու ան ալ տասը գիրք տպած էր, երբ ցաւալի բաժանումը կուսակցութենէն --Արամ Մանուկեանի, Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի կուսակցութիւնը (Վրացեան հօրս պնդած էր 1960-ականներուն, որ Արժանթին երթար)-- անոր գրական ստեղծագործութեան դարպասը բացած էր:
Երբ Չիլէ կը մեկնէի, օդանաւին մէջ, Մարտ 19-ին, կը մտածէի խորունկ ու խորհրդաւոր պատճառներուն մասին, որոնք մեր կեանքը չսպասուած հունի մէջ կը դնեն եւ ուժգին ալիքներու բարկութեամբ մեր կեանքը յառաջ կը քաշեն: Մտքիս յատակը «մահ» բառը կը հնչէր, առանց որ կարենայի լռեցնել: Հասկցայ, որ Չիլէ մահուան համար կ'երթայի, բայց երբեք չերեւակայեցի, որ հօրս անվերադարձ մեկնումին համար: Օդանաւին մէջ յիշեցի հօրս նկարագրած պատկերը իր հօր՝ սրճեփ Աւտիսի մահուան, երբ 1948-ի մէկ օրուան վերջալոյսին տուն կը վերադառնար եւ տեսաւ, որ խողովակէն արիւնախառն ջուր կը հոսէր փողոց՝ իրենց սենեակին արտաքին պատին ջրմուղէն:
Թէեւ հայրս կեանքին մեծ մասը անցուց Արժանթին եւ այն պատեանը, զոր իր շուրջ քաշած էր այս օտար ափերուն մէջ այսուհանդերձ վերջին տասնամեակներուն մեծ մասամբ կծկուած էր, անոր գրիչը միշտ մնաց յարած Կարկեմիշին ու Հալէպին: Երբեք արժանթինեան նիւթով արձակ, տիպար անգամ չմշակեց: Եւ հայրս մնաց հայ՝ հարազատ իր գաղափարներուն, բայց հայ, դրօշակի եւ կուսակցական գոյներէ վեր, մեր քաղաքակրթութեան պատմութեան ընթացքին կուտակուած եւ զտուած արժէքները իւրացնելով եւ սորվեցնելով, ընտանեկան տան դռները միշտ բաց ամէն գաղափարախօութեան ու կարծիքի ընկերներու եւ հիւրերու, գրադարանին դարակներուն մէջ Նարեկի կողքին Լենինի ամբողջական, եւ անընթեռնելի, հայերէնի թարգմանուած հատորները իրենց տեղը ունենալով:
Ճակատագրի վերջին խաղով, Պետրոս Հաճեան մահացաւ իր ամուսնութեան 45-րդ տարեդարձէն մէկ օր ետք, երբ կը պատրաստուէր Հայաստան երթալ Արժանթին ծնած առաջին մանչ զաւակին ամուսնութեան, եւ իր առաջին աղջիկը՝ Արազը, որ Հալէպ ծնած էր երբ արդէն հայրս Արժանթին ստիպուած էր մեկնիլ, հօր մահուան ժամանակ կը գտնուէր Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, անտեղեակ գոյժին, ու հօր նուիրուած մոմ կը վառէր:
Հայրս վերջին անգամ տեսայ Չիլէի մէջ իր մահէն մօտ մէկ ամիս առաջ, ուր խօսեցանք Հալէպի մասին, յիշեց առաջին պատմուածքը, զոր յանձնած էր Անդրանիկ Ծառուկեանին, որ տեղւոյն վրայ սրբագրած էր մէկ-երկու չնչին փոփոխութիւն ընելով եւ «Նայիրի»ի մէջ հրատարակած: Եւ տեսայ հայրս, խաղաղ ու բարի մարդ մը, իր ճակատագրին հետ հաշտ, հարաւային բեւեռի Խաղաղականի ազնիւ ալիքները դիտելով: Չէինք գիտէր այդ պահուն, որ Անտեան լեռնաշղթան կտրած էր իր անդրանիկ զաւկէն հրաժեշտ առնելու:
Հոկտեմբեր 7, 2012
Նիւ Եորք
«Սարտարապատ», Հոկտեմբեր 17, 2012

No comments:

Post a Comment