Showing posts with label Արկադի Ղուկասեան. Show all posts
Showing posts with label Արկադի Ղուկասեան. Show all posts

25.1.14

Հայաստանի նախագահը՝ առողջապահական զբօսաշրջիկ Գորէայի մէջ

Յունուար 7-ին Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը մեկնած էր «կարճատեւ» արձակուրդի, «որը կ՚անցնի արտերկրում»: Գորէական զբօսաշրջային նորութիւններու «Չոսուն» կայքը Յունուար 24ին անգլերէն յօդուած մը հրապարակած է՝ «Հայաստանի նախագահը՝ առողջապահական զբօսաշրջիկ Գորէայի մէջ» խորագրով: Նախագահին ուղեկցած են «խորհրդային նախկին արբանեակային երկրի մը նախկին նախագահը» եւ «ռուսահայ մեծահարուստ մը»։ Վերջինս՝ Ռուսաստանի Հայերի Միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, կ՚երեւի Յունուար 9 թուագրուած ու յօդուածին ընկերացող լուսանկարին մէջ, իսկ ըստ հայաստանեան մամուլի հրապարակումներուն, նախագահին ընկերացած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Արկադի Ղուկասեանը: Յօդուածը թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.