Յունուար 7-ին Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը մեկնած էր «կարճատեւ» արձակուրդի, «որը կ՚անցնի արտերկրում»: Գորէական զբօսաշրջային նորութիւններու «Չոսուն» կայքը Յունուար 24ին անգլերէն յօդուած մը հրապարակած է՝ «Հայաստանի նախագահը՝ առողջապահական զբօսաշրջիկ Գորէայի մէջ» խորագրով: Նախագահին ուղեկցած են «խորհրդային նախկին արբանեակային երկրի մը նախկին նախագահը» եւ «ռուսահայ մեծահարուստ մը»։ Վերջինս՝ Ռուսաստանի Հայերի Միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, կ՚երեւի Յունուար 9 թուագրուած ու յօդուածին ընկերացող լուսանկարին մէջ, իսկ ըստ հայաստանեան մամուլի հրապարակումներուն, նախագահին ընկերացած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Արկադի Ղուկասեանը: Յօդուածը
թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.
Գորէայի ծաղկող բժշկական
զբօսաշրջութիւնը առաջին անգամ հրապուրած է օտարերկրեայ պետութեան ղեկավար մը.
վերջերս Հայաստանի նախագահը վերականգնողական բուժումներ ստացած է:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար
9ին սեւ ինքնաշարժներու շարասիւնի մը կողմէ եւ ոստիկանական մեքենաներու ուղեկցութեամբ տարուեցաւ Կանկնամի Չաում բժշկական կեդրոնը:
Չաումը երիտասարդացման դարմանատուն մըն է, զոր կը տնօրինէ CHA Health Systems
ընկերութիւնը։
Սարգսեանի ընկերակցողներու շարքին էին խորհրդային նախկին
արբանեակային երկրի մը նախկին նախագահը եւ ռուսահայ մեծահարուստ մը: Վերջինը
նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ անցյալ տարի Գորէա կատարած պետական այցի ժամանակ անոր պատուիրակութեան կազմին մէջ էր եւ այդ ժամանակ դարմանատան ծառայութիւնը փորձարկած էր։
Մէկշաբաթեայ այցին ընթացքին, խումբը Չաում
կեդրոնը այցելած է ամէն օր եւ բուժումներ ստացած, ներառեալ՝ ցօղունային
բջիջներու բուժում, spa եւ երիտասարդացման բուժումներ, մարմնի հարթեցում եւ
մերսում (massage), եւ կշեռքի վերահսկման ծրագրեր:
Դարմանատան անձնակազմը
նշած է, որ ոստիկանութիւնը եւ Ազգային Հետախուզական Ծառայութիւնը Սարգսեանը ուղեկցած են անոր կեցութեան ընթացքին։ Խումբը վճարած է 200 միլիոն գորէական վոնի ընդհանուր գումար մը [մօտ 186.000 տոլար] բուժման համար եւ մեկնած է Յունուար 17ին։
2010ին բացուելէ ի վեր, Չաում դարմանատունը աշխարհի տարբեր կողմերէ բազմաթիւ հարուստ մարդիկ ներքաշած է, որոնք իրենց անձնական օդանաւերով Սէուլ կու գան։ Անոնց շարքին էին չինացի եւ գանատացի մեծահարուստ գործարարներ, Ղազախստանի վարչապետը եւ Սէուտական Արաբիոյ ու
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արքայական ընտանիքի անդամներ:
Բժշկական զբօսաշրջութեան պատճառները բազմապիսի են։ Վերջերս, Գորէայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիչ Կուս Հիտինկը Սէուլի հիւանդանոց մը այցելած էր ծունկի վիրաբուժութեան համար:
Անցեալ տարի, աւելի քան 200.000 օտարազգիներ Գորէա այցելած են բուժման համար։ Առողջապահութեան նախարարը կ՚ակնկալէ, որ բժշկական զբօսաշրջիկներու թիւը մէկ միլիոնի հասնի 2020ին։
"Chosun Ilbo", Յունուար 24, 2014 (english.chosun.ilbo)
No comments:
Post a Comment