8.12.18

Թումանեանը՝ ուշացած, բայց ո՛չ ուշ...

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»-ի 6 Դեկտեմբերի թիւէն ուրախութեամբ իմացանք Հայաստանի Մշակոյթի փոխնախարար Տիգրան Գալստեանի յայտարարութիւնը, թէ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի զետեղուի Հռոմի Villa Borghese-ին մէջ, որ Յաւերժական Քաղաքի երեք ամենամեծ հանրային զբօսայգիներէն մէկն է։
Վիլլա Պորկեզէն, որ կը գտնուի Հռոմի համբաւաւոր Սպանիա հրապարակին մերձակայքը եւ ըստ մեզի կը գերազանցէ Նիւ Եորքի հռչակաւոր Սենթրալ Փարքը, իր անհատնում տեսարժան վայրերուն շարքին կը յատկանշուի գրողներու արձաններով զարդարուած քանի մը ծառուղիներով, ուր կը հանդիպինք, օրինակ, Վիքթոր Հիւկոյի, Կէօթէի, Պայրընի, Փուշկինի, Կոկոլի, Ֆիրտուսիի եւ բազմաթիւ այլ համաշխարհային դէմքերու տպաւորիչ ներկայութեան։
Մեր ուրախութիւնը յատուկ էր, քանի որ անցեալ Սեպտեմբերին առիթը ունեցած էինք քանի մը ժամով զբօսնելու Վիլլա Պորկեզէի գեղատեսիլ այգիին մէջ, հեռու մնալով անոր գեղարուեստական արժանիքներն ու վայրերը սպառելու փորձութենէն իսկ, եւ զարմանքով անդրադարձանք, որ... գրողներու խնճոյքին հայ բանաստեղծները ուշացած հրաւիրեալներ էին։
Սակայն՝ ո՛չ իրենց մեղքով, ըստ երեւոյթին։
Տարօրինակ, բայց իրաւ, ինչպէս պիտի ըսէր Անդրանիկ Ծառուկեան։
Արդարեւ, 2010 թուականին, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն Վիլլա Պորկեզէի մէջ զետեղած էր վրացի ազգային բանաստեղծ Շոթա Ռուստաւելիի արձանը՝ «Shota Rustaveli / Grande poeta georgiano / XII secolo» մակագրութեամբ։ Արեւմտահայ ընթերցողին այնքան ծանօթ չէ ԺԲ. դարուն ապրած, իրաւամբ «վրացի մեծ բանաստեղծ» Ռուստաւելիի անունը, որուն «Ընձենաւորը» կամ «Վագրենաւորը» գործը (կան երկու վերնագրերով հայերէն թարգմանութիւններ) վրացական ազգային դիւցազներգութիւնը կը նկատուի։
2012-ին, մեր հիւսիսային դրացիի քայլերուն հետեւած է արեւելեան մեր դրացին, նախաձեռնելով պարսիկ շատ յայտնի բանաստեղծի մը՝ Նիզամիի (1141-1209) հսկայական (հաւանաբար՝ Հայտար Ալիեւի արձաններու չափերով) արձանի տեղադրումին։
Ընթերցողը նկատեց, որ գրեցինք «պարսիկ», քանի որ Նիզամի ստեղծագործած է պարսկերէնով, ծնած է Գանձակի մէջ (մականունը «Գեանջաւի» է), որ ըստ Կիրակոս Գանձակեցիի՝ մեծաւ մասամբ պարսկաբնակ քաղաք մըն էր ԺԳ. դարուն, եւ կը համարուի պարսիկ գրականութեան ամենամեծ դիւցազներգակ քերթողը։
Այս բոլորը ընթացիկ կարծիքն է աշխարհի ամէն տեղ, բացի... Ատրպէյճանէն, ուր արդէն խորհրդային շրջանին՝ 1930-ական թուականներէն, արշաւ մը սկսած էր ազգային արմատներ ստեղծելու եւ Նիզամին շահագործելով՝ ազէրպայճանական կեղծ ինքնութիւն մը կերտելու համար։ Մի՛ զարմանաք ուրեմն, որ Ատրպէյճանի գրականութեան թանգարանը, գրականութեան հիմնարկը (ինստիտուտ), Պաքուի պողոտայ մը, գետնուղիի կայարան մը եւ այլեւայլ բաներ կը կոչուին Նիզամիի անունով, զոր դարձուցած են... Ազէրպայճանի ազգային բանաստեղծը, ընդ որում՝ «թաթարական» ծագում վերագրելով։
Վիլլա Պորկեզէի «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ նուէրը», ինչպէս գրուած է աւելի փոքր կարմիր գիրերով մարմարին վրայ, մեծամեծ սեւ գիրերով կը պոռայ Նիզամիի «ազգային» պատկանելիութիւնը՝ Poeta azerbaigiano Nizami Ganjavi (1141-1209)։ Բայց, ինչպէս շրջանի պատմութեան նախնական գիտելիքներ ունեցող որեւէ լուրջ անձ գիտէ, Ատրպէյճան անունով ո՛չ երկիր եւ ո՛չ ալ ժողովուրդ գոյութիւն ունէր Գանձակի մէջ ԺԲ. դարուն։ Հարկաւ, «Հռոմ քաղաքին» տրուած այս խեղաթիւրուած նուէրը ընդունուած է առանց այլեւայլի ու առարկութեան պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Չէ՞ որ նուէր ձիուն ատամներուն չեն նայիր։
Իսկ ո՞ւր էր հայ բանաստեղծը, հարցուցինք մենք մեզի, մինչ կը լուսանկարէինք Վրաստանի ու Ազէրպայճանի կառավարութիւններուն նուէրները, ինչպէս եւ ուրիշներ։ Կարելի՞ էր մտածել, որ Այսրկովկասի միւս երկու երկիրները օր մը արթնցած ըլլային՝ Հռոմի այդ հռչակաւոր ծառուղիներուն մէջ իրենց գրականութեան իսկական ու երեւակայական խորհրդանիշերը յաջորդաբար զետեղելու համար, իսկ Հայաստանը ապշած-մնացած էր, սպասելով, որ Սասունցի Դաւիթը գար ըսելու՝ «— Ով քընած էք՝ արթուն կացէ՜ք, / Ով արթուն էք՝ ելէ՜ք, կեցէ՜ք»։
Չենք գիտեր, թէ հռոմէացիք ի՞նչ կարգ ու սարքի կը հետեւին՝ Վիլլա Պորկեզէի մէջ համաշխարհային գրագէտներու (կամ ազգային հերոսներու) մուտքը թոյլատրելու համար։ Հրաւէ՞ր կ՚ուղղեն, առաջարկի՞ կը սպասեն։ Եթէ հրաւէր ուղղած էին, վստահաբար Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն պէտք է ուղղուած ըլլար միաժամանակ, իսկ եթէ առաջարկի կը սպասէին՝ ուրեմն կա՛մ հայկական դիւանագիտութիւնը խոր թմբիրի մէջ մնացած էր, կա՛մ իր առաջարկը գզրոցի մը խորերը կորսուած կամ «կորսուած» էր։
Այսուամենայնիւ, լաւ է, որ, հակառակ տասնամեակի մը ուշացումին, «Սասունցի Դաւիթ»-ի հեղինակ Թումանեանը երթայ բազմելու այդ ծառուղիներուն մէջ։ Թէեւ գիտենք, որ Եղիշէ Չարենցի խօսքերով, «այս հմուտ, հանճարեղ Լոռեցին / Հոմերի, Գէօթէի հետ մի օր՝ հաւասար՝ նստել է քէֆի, / Եւ թաս է բռնել նրանց հետ, մեծարանք տուել ու առել», դժուար է պատկերացնել, որ Թումանեանը տեղ գտնէ գերմանացի հռչակաւոր բանաստեղծին մերձակայքը, որ առանձինն կանգնած է իր անունով կոչուած ծառուղիին սկիզբը՝ երկու հաւասար կողմերով եռանկիւնի մը սուր ծայրը։ Աւելի հաւանական է, որ ան տեղադրուի իր կովկասեան գրչեղբայրներուն մօտերը։
Մաղթենք միայն, որ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»-ը ուշ չմնայ Լոռիէն մինչեւ Իտալիա ճանապարհին եւ մա՛նաւանդ՝ զինք ներկայացնող արձանը արժանի ըլլայ իր անունին ու համբաւին...։

«Նոր Յառաջ», 8 Դեկտեմբեր 2018

No comments:

Post a Comment