ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Անցնող շաբաթներուն Հայաստանի մէջ ծայր առած քաղաքական, տնտեսական եւ
իրաւական խոր ու հիմնական բարեկարգումներ առաջադրող համատարած ժողովրդային
շարժումը ինչպէս կ՚աւարտի ու ինչի կը յանգի դժուար է նախատեսել այսօր:
Նորանշանակ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ներկայացուցած պարտադրեալ հրաժարականը
ժողովրդական շարժման համար խիստ կարեւոր իրագործում մըն է անկասկած:
Անշուշտ, բացորոշ է, որ ասիկա ընդամէնը դրական հանգրուան մը պէտք է
համարել դէպի համակարգային արմատական բարեփոխումներու երկար ճանապարհին
վրայ: Այս իմաստով ալ տակաւին ի զօրու կը մնայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի յայտարարութիւնը, ուր կոչ կ՚ուղղուի Հայաստանի քաղաքական բոլոր
ուժերուն երկխօսութեան նստելու: Յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն պէտք է
սպասել՝ տեսնելու համար որ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն եւ ժողովրդային
շարժման ներկայացուցիչներուն միջեւ ակնկալելի երկխօսութիւնը համակարգային
լուրջ բարեփոխումներու ճանապարհային ի՞նչ քարտէս պիտի գծէ, բաղձալի
նպատակներուն հասնելու համար:
Անցնող օրերուն, գետնի վրայ զարգացող իրադարձութիւններուն հետեւելով,
այնպէս էր տպաւորութիւնը որ իշխանական ուժերը խուլ ականջ կը ձեւացնէին
Գերագոյն Մարմինի երկխօսութեան հրաւիրող յայտարարութիւններուն հանդէպ:
Իշխանական ուժերու «արձագանգը» այս յայտարարութիւններուն երես ճերմկցնող
յաւուր պատշաճի խօսքեր կը մնային միայն: Ասիկա կը վկայեն օրէ օր սաստկացող
ոստիկանական եւ իշխանամէտ աւազակապետական ուժերու բռնութիւնները խաղաղ
ցուցարարներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ կամայական լայնածաւալ
ձերբակալութիւնները, որոնց մէջ ընդգրկուեցան նաեւ ժողովրդային շարժման
գլուխը կանգնող շարք մը քաղաքական գործիչներ: Իսկ ամէնէն զգայացունցը ասոնց
կողքին՝ նորանշանակ վարչապետ Սարգսեանի Մարտ մէկեան դէպքերու նմանօրինակը
տեսնելու ազդարարութիւնն էր Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանին,
իրենց կարճատեւ հանդիպումին ընթացքին: Հակառակ բոլոր այս միջոցառումներուն,
ժողովուրդը, ինչպէս տեսանք, մնաց անդրդուելի: Իսկ ցուցարարներու առաւել
բարձրացող ալիքը մղեց առաջին հերթին վարչապետի դաշնակից ուժերը, որոնց
շարքին նաեւ Դաշնակցութիւնը, զգաստութեան հրաւիրելու պարոն Սարգսեանը եւ
յորդորելու որ հրաժարի:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս բոլորը: Նախ պէտք է ընդունիլ, եթէ անշուշտ մատի
ետեւ պահուըտելու փորձեր չընենք, որ առաջին հերթին վարչապետ Սարգսեանի
հրաժարականի պահանջով սկսած ժողովրդային այս շարժումը խորքին մէջ շարժում է
ընդդէմ իշխանութիւնը բաժնեկցող եւ այդ համակարգը ոտքի վրայ պահող բոլոր
քաղաքական ուժերուն, դժբախտաբար ներառեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Եթէ ոմանց ականջին «ժողովրդային շարժում Դաշնակցութեան դէմ» միտքը քիչ մը
ծանր կը հնչէ, ապա եկէք ըսենք որ ժողովրդային այս շարժումը նաեւ
անվստահութեան ձայն է վերջին տարիներուն Դաշնակցութեան վարած
քաղաքականութեան հանդէպ: Աւելի պարզացնելու համար ըսենք, որ ներկայ
համակարգին մէջ մտնելով, այնտեղ տիրող ուժերուն հետ դաշինք կնքելով,
խայտառակ խորհրդարանի մը մէջ խորհրդարանական ճանապարհներով համակարգ
բարեփոխելու Դաշնակցութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը որեւէ արժէք չի
ներկայացներ ժողովուրդի աչքին, ոչ ալ հաւաստիութիւն կը ներշնչէ:
Կը յուսամ, որ այս կարծիքն ալ նկատի կ՚առնեն Գերագոյն Մարմինի
յայտարարութիւններուն մէջ հայրենիքի փրկութեան միակ փարոսի կառուցումը
(երբեմն մեծամտական հովերով) տեսնողները կամ մետասաներորդ վայրկեանի
միջնորդութիւններ հրաշք համարողները:
Վերի մատնանշումներու տրամաբանութեան հետեւելով, թելադրելի է նաեւ
մտածել այն մասին, որ Հայաստանի այսօրուան բարդ ու ճգնաժամային իրավիճակին
մէջ, ուր ամբողջ քաղաքական համակարգ մը բարեփոխելու ժողովրդային
յեղափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ, ինչպէ՞ս կարելի է զայն հեռուէն դիտել եւ դեռ
դուն քեզ յեղափոխական կուսակցութիւն համարել: Այս բոլորը ի մտի ունենալով,
ես այն կարծիքին չեմ որ երկխօսութեան կոչի յայտարարութիւն մը կամ վերջին
վայրկեանի միջամտութիւն բաւարար են քաղաքական ու բարոյական վարկանիշ
ապահովելու Դաշնակցութեան:
Եւ իսկապէս, ինչպէ՞ս կարելի էր համոզել Հայաստանի քաղաքացին քու
յայտարարութիւններով ու միջամտութիւններով, երբ տակաւին քաղաքական
դաշնակիցը կը մնաս ուժերու, որոնք դեռ երէկ միայն բռնանալու, ծեծելու,
խոշտանգելու, ձերբակալելու ու դեռ Մարտ մէկեան ակնկալութիւններով խօսելու
լեզուն կը գործածէին:
Բարեբախտաբար, դեռ մեզի վիճակուեցաւ Մարտ մէկեան օրինակով վատագոյնը
չտեսնել: Համաձայն երկու կուսակցութիւններուն միջեւ կնքուած դաշնագիրի
տրամադրութիւներուն, Դաշնակցութիւնը պարտաւոր էր Հանրապետական
կուսակցութեան հետ հաւասարապէս պատասխանատուութիւն կրելու կառավարութեան
բոլոր գործունէութեան մէջ: Այլ խօսքով, քաղաքացիական անհնազանդութեան
ժողովրդային այս շարժումը բռնի ուժով եւ ի հարկին արիւնահեղութեամբ ճնշելու
պարագային, նոյնքան պատասխանատու պիտի համարուէր Դաշնակցութիւնը: Ասիկա ոչ
միայն աննախադէպ երեւոյթ պիտի ըլլար Դաշնակցութեան ամբողջ պատմութեան մէջ,
այլեւ Դաշնակցութեան Anti Christ-ի ժամանումը պիտի «աւետէր»:
Յամենայնդէպս, այսօրուան իրադարձութիւններուն լոյսին տակ կը յուսամ որ
Դաշնակցութեան եւ Հանրապետական կուսակցութեան միջեւ կնքուած
դաշնագիրը պատմութեան գիրկը նետուած ըլլայ: Մօտ ապագային կ՚իմանանք այս
մասին:
Ասիկա պատահելու պարագային, հեգնականը այն պիտի ըլլայ, որ ժողովուրդը
եղաւ այս զինակցութիւնը ջլատողը, երբ զայն կեանքի կոչողներուն ամէնէն
հիմնական թէզը ժողովուրդի չգոյութիւն էր:
Աննախնթաց ժողովրդային այս շարժումի պատմական իրադարձութենէն դասեր
քաղելու աջին ու ձախին յորդորներ տուողները նախ պահ մը պէտք է կանգ առնեն
այս իրականութեան առջեւ: Օրին, Հանրապետական կուսակցութեան հետ դաշնագիր
կնքելու ջատագովներուն բոլոր թէզերուն գլխագիր արդարացումներն էին
ժողովուրդին վրայ գրաւ չկարենալ դնելու «փաստը», քանզի, ինչպէս կը
վստահեցնէին մեզի, ժողովուրդը յուսաբեկ, ընկճուած, կրաւորական ու անտարբեր
վիճակի մէջ կը գտնուի: Ժողովուրդին յենակը ունենալու ու անոր վստահելով
բարեփոխական շարժումներ զարգացնելու միտքը անիրականալի կը համարէին դաշնագիր
կնքելու գաղափարը պաշտպանողները: Հետեւաբար, Հանրապետական կուսակցութեան
հետ սերտ գործակցութիւնը միակ իրական միջոցը կը համարէին դէպի համակարգային
խորքային բարեփոխում: Այսօրուան իրադարձութիւնները առաջին հերթին եկան
ապացուցելու, որ որքան թերի եղած են անոնց գնահատումը ժողովուրդին: Սխալ
մը, որուն մասին դեռ պէտք է երկար խօսիլ ու խորհրդածել:
24 Ապրիլ 2018
«Ասպարէզ», 25 Ապրիլ 2018
No comments:
Post a Comment