ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովրդային պոռթկումներուն իբրեւ արձագանգ, անցեալին հնչած են եւ հիմա
եւս կը լսենք այնպիսի մեղադրական արտայայտութիւններ, ինչպիսին է՝ փոխանակ
ցոյցի դուրս գալու, ցուցարարները ժամանակին թող տասը հազար դրամ կամ ինչ որ
ուրիշ գումար կաշառք չվերցնէին ու իրենց նախընտրած թեկնածուներուն ի նպաստ
քուէարկէին:
Առաւել եւս, այսօրուան ցոյցերուն երիտասարդներու մեծաթիւ մասնակցութիւնը
կարելի է նկատել նոյն այդ նուաստացման դէմ պոռթկալու պահանջ: Արդարեւ, այս
երիտասարդներն են, որոնք իրենց ծնողներուն, իրենց անմիջական
հարազատներուն, իրենց հարեւաններուն աչքերուն մէջ տեսած են անզօրութեան
զգացումը, ամբողջակա՛ն բարոյալքումը, երբ անոնք իրենց ընտանիքի օրուան հացը
ապահովելու համար ձեռք մեկնած են ստանալու հազար դրամը:
Այս երիտասարդները այսօր կը պայքարին յանուն իրենց խեղճացած ծնողներուն,
յանուն անոնց արժանապատուութեան: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի ծաղրելու մեր
ծնողները՝ կը յայտարարեն նուաստացման խարանէն ազատագրուած երիտասարդները.
անոնք զոհեր են, զոհեր են անարդա՛ր համակարգին, զոհեր են անյագ
կաշառակերութիւնը սկզբունք դարձուցած իշխանաւորներու: Ամէն կաշկանդումէ
ազատագրուած ա՛յս երիտասարդներն են, որոնք պիտի բուժեն մեր ժողովուրդը
համակերպումի, անյուսութեան, անզօրութեան խոցերէն եւ պիտի ապահովեն մեր
երկրին, մեր անկախ հանրապետութեան փայլուն ապագան:
Յարգա՛նք մեր երիտասարդներուն:
«Ասպարէզ», 19 Ապրիլ 2018
No comments:
Post a Comment