ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անցեալ շաբաթ գումարած իր հերթական նիստի աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մանրամասնութիւնները կարելի է ընթերցել առցանց կամ տպագիր մամլոյ միջոցներէն։ Հոն կար հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մեր ակնկալութիւնն է Թուրքիայի իշխանութիւններից, որ ընդառաջեն Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնների կազմակերպման հայ համայնքի արդար պահանջին»։
Արդեօք Մայր Աթոռը իր այս ակնկալութիւնը պաշտօնապէս փոխանցա՞ծ է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, թէ ան ընթացիկ յայտարարութեան մը տողերուն մէջ անտեսումի դատապարտուած պարզ մաղթանք մըն է. չե՛նք գիտեր, քանի որ այդ ուղղութեամբ որեւէ այլ տեղեկութիւն տրուած չէ հանրութեան։
Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հիմնադրումի շրջաններէն սկսեալ մինչեւ Ի դարու կէսերը Ս. Էջմիածնի հայրապետական աթոռը յարաբերութիւն մշակած է կամ, ըսենք, ջանացած է կապ հաստատել օսմանական եւ ապա թրքական իշխանութիւններուն հետ։ Տարաբնոյթ հարցեր կազմած են օրակարգը այդ յարաբերութիւններուն, որոնցմէ հերթականը եղած է 1950-ին։
Թրքահայութեան տարեգրութեանց մէջ որպէս արսլանեանական պայքարի շրջան յիշատակուող իրադարձութիւնները, որոնց ժամանակ պատրիարքական աթոռը առանց գահակալի մնացած ու եղած էր տեղապահական երկար շրջան մը (բայց ո՛չ երկար այնքան, ինչքան որ հիմա է), հետզհետէ կը հանգուցալուծուէին 1950-ի վերջին ամիսներուն։
Հոկտեմբեր 1950-ին Պոլսոյ կուսակալ Ֆահրետտին Քերիմ Կէօքայ Անգարայէ վերադարձին կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ իրենց պատրաստած կանոնագրութիւնը վաւերացուած է կեդրոնական իշխանութեան կողմէ։ «Ընտրութիւնը այս կանոնագրին համաձայն տեղի պիտի ունենայ», կը յայտարարէ ան։
Հանրապետութեան նախագահ Ճելալ Պայարի կողմէ ստորագրուած կառավարութեան որոշումն ու կուսակալութեան հրահանգը մինչ այդ կիրարկուող Հայց. եկեղեցւոյ աւանդական կանոններուն ու Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեան հակասող կէտեր կը պարունակէր։ Ամենավիճելի պարագան անշուշտ կը վերաբերէր պատրիարքի ընտրութեան։ Ըստ նոր հրահանգին, իւրաքանչիւր թաղէ ընտրուած հոգեւորական ու աշխարհական պատգամաւորներ պատրիարքութեան յարմար հինգ հոգի պիտի որոշէին եւ ապա պիտի ընտրէին նաեւ տասնչորս հոգիէ բաղկացեալ կրօնական ժողով մը։ Վերջինս ալ հնգանուն ցուցակէն պիտի առանձնացնէր երկուքը եւ զանոնք պիտի հաղորդէր կուսակալութեան, որպէս պատրիարքութեան ընտրելի։ Կուսակալութիւնն ալ անոնցմէ մէկը պատրիարք պիտի հռչակէր։
«Միթէ այս ձեւին կարելի՞ է «ընտրութիւն» անունը տալ։ Եկեղեցիները հիմ ունենալով ընտրուած պատուիրակներ եւ եկեղեցիի թիւին համապատասխան քահանաներ, անուն իսկ չունեցող ժողով կամ հաւաքոյթ մը կ՚ունենան եւ «հինգ թեկնածուներ» կ՚ընտրեն։ Ի վերջոյ այս հաւաքոյթէն ընտրուած 14 հոգինոց կրօնական մարմինը, ընտրութեամբ կամ աւելի ճիշդը զտումով 5 թեկնածուներէն 2-ը կ՚ընտրէ, որոնք, աւելորդ է ըսել, դարձեալ թեկնածու կը մնան եւ այս վերջիններուն անունները կը տեղեկագրուի կուսակալութեան որ յարմար տեսածը պատրիարք կը նշանակէ»։
«Այս ձեւով ո՞վ ընտրած կ՚ըլլայ պատրիարքը։ Հայ համայնքին պատուիրակներէն ու կրօնականներէն կազմուած ժողո՞վը թէ ոչ կուսակալութիւնը», հարց կու տայ պոլսահայ մամուլի այդ շրջանի թերթերէն «Փարոս»։
Այս ձեւով հայ հասարակութիւնը փաստօրէն կը զրկուէր պատրիարք ընտրելու իրաւունքէն։ Կուսակալութեան այս հրահանգը կը հակասէր նաեւ երկրի աշխարհավար վարչաձեւին հետ, որ երբեք միջամուխ պէտք չէ ըլլար կրօնական հարցերու։
Հոկտեմբեր 1950-ին հրապարակուած կուսակալութեան այս հրահանգը ընդդիմութեան կ՚արժանանայ ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ թրքական մամուլին կողմէ։ Այդ օրերուն Միացեալ Նահանգներու ու Սովետական Միութեան միջեւ ծայր առած Պաղ պատերազմի մթնոլորտին բերմամբ արդէն քանիցս Պոլսոյ պատրիարքութեան վերաբերեալ միջոցառումներու ձեռնարկած ու նախապէս ալ այս նիւթով յայտարարութիւններ կատարած Գէորգ Զ. կաթողիկոսը 6 Նոյեմբեր թուակիր բողոքի հետեւեալ հեռագիրը կ՚ուղարկէ հանրապետութեան նախագահ Ճելալ Պայարին.
«ԹԻՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊՐԵԶԻԴԵՆՏԻՆ
Պարո՛ն Պրեզիդենտ,
Ստամբուլի կուսակալի արձակած նոր հրահանգը Պոլսի Հայ Պատրիարքարանի ընտրութեան վերաբերեալ, հակասում է Հայ Եկեղեցու կանոններին եւ պատմականօրէն սրբագործուած իրաւունքներին, ինչպէս եւ Թիւրքիոյ Պետութեան կողմից հաստատուած պատմական բնոյթ ստացած 1862 թուականի Ազգային Սահմանադրութեան. միաժամանակ նշանակում է միջամտել Հայ Եկեղեցու ներքին գործերին, որ թոյլատրելի չէ։ Ուստի եւ որպէս Պետ Հայաստանեայց Առաքելական միասնական Եկեղեցու՝ բողոքելով բողոքում ենք եւ վստահութիւն ենք տածում, որ Դուք կը բարեհաճիք չեղեալ յայտարարել Ստամբուլի կուսակալի ընտրական նոր հրահանգը եւ կը կարգադրէք ղեկավարուել Հայ Եկեղեցու Ազգային Սահմանադրութեամբ, որով ղեկավարուել են 1927 թուին Նարոյեան Պատրիարքի ընտրութեան ժամանակ եւ որով ղեկավարուելու տնօրէնութիւն է արուած Կառավարութեան կողմից Պատրիարքական Տեղապահ Ամենապատիւ Արսլանեան Արքեպիսկոպոսին՝ առաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան նկատմամբ։ Այլապէս ստիպուած պիտի լինենք պատրիարքական ընտրութիւնը անվաւեր ճանաչել եւ ընտրեալին չհաստատել։
ԳԷՈՐԳ Զ.
Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց»։
Կաթողիկոսը հանրապետութեան նախագահին յղած բողոքի հեռագիրի մէկ պատճէնը կ՚ուղարկէ նաեւ տեղապահ Գէորգ արք. Արսլանեանին եւ միեւնոյն ժամանակ կը պատուիրէ, որպէսզի պատրիարքական ընտրութիւնը կատարուի ըստ կաթողիկոսական կոնդակի (հաւանաբար նկատի ունի 25 Մայիս 1950 թուակիրը) եւ Ազգային սահմանադրութեան։
Կաթողիկոսին այս հեռագիրը չենք գիտեր թէ ինչ ազդեցութիւն ունեցած է պատկան իշխանութիւններուն վրայ, սակայն քանի մը օր ետք՝ 10 նոյեմբերին պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած «Ընդհանուր ժողովի կազմութեան եւ պատրիարքական ընտրութեան հրահանգ» զեկոյցը կը հաստատէր, թէ պատրիարքական ընտրութիւնը պիտի կայանայ կառավարութեան որոշմագիրին, «Հանր. Վսեմ. Նախագահին, Պետական Աւագանիին եւ Իսթանպուլի Կուսակալութեան մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումներու արդիւնքին եւ 1862-ի Սահմանադրութեան կանոնաց եւ օրինաց», եւ ո՛չ թէ կուսակալ Ֆահրետտին Քերիմ Կէօքայի հանրային խռովութեան պատճառ դարձած հրահանգին համաձայն։
Շուրջ 60 տարի առաջ կաթողիկոս մը հանրապետութեան նախագահին հեռագիր ուղարկելու, կոնդակ հրապարակելու աստիճան հետամուտ էր թրքահայութեան անցուդարձին։ Իսկ այսօ՞ր… Ակամայ կը ծագի հարցումը… Հայրապետական աթոռը ինքզինք ո՞ւր կը տեսնէ այս ամբողջ անցուդարձին մէջ։
«Ակօս», 28 Փետրուար 2018
No comments:
Post a Comment