ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութենէ ներս չեն խաղաղիր
կիրքերը: Արամ Աթէշեան, իր ետին ունենալով պետական իշխանութիւնները, անգամ
մը եւս պարտադրուեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին ու եկեղեցականութեան, որ
մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ պաշտօնապէս պաշտօնանկ ըրած էր զայն՝ հեռացնելով
պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն եւ առհասարակ վերացնելով նման պաշտօն մը
պատրիարքարանի երդիքին տակ: Կուսակալութենէն անցեալ շաբաթ հասած
պաշտօնաթուղթը սակայն կը յայտարարէր, թէ տակաւին կը շարունակէ որպէս
փոխանորդ ճանչնալ Աթէշեանը: Կրօնական Ժողովը, որ կրնար հաստատուն մնալ իր
դիրքորոշման մէջ, ինչ որ պատահած էր 1998-ին՝ Մեսրոպ Բ պատրիարքի
ընտրութեան նախորդող շրջանին, հապճեպ որոշումով մը զիջեց իր դիրքերը եւ
Աթէշեանը դարձեալ հռչակեց պատրիարքական փոխանորդ:
Երեւանի ուսանողական
տարիներուս, որպէս կողմնակի աշխատանք, «Ժամանակ» օրաթերթին Երեւանի
ներկայացուցիչն էի: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը դեռ նոր ընտրուած եւ հազիւ ամիս
մը առաջ գահակալած էր: Պոլսէն հեռաձայնեց թերթին խմբագիրը ու ըսաւ, թէ
հետեւեալ շաբաթավերջին Մայր Աթոռի մէջ եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրուի
Երուսաղէմի լուսարարապետ Նուրհան Մանուկեան վարդապետը (այժմու պատրիարքը):
Կը խնդրէր, որ երթամ ու հարցազրոյց մը ընեմ հետը: Յաջորդ օրն իսկ գացի Մայր Աթոռ, ուր վանատան մէջ հանդիպեցայ Նուրհան վարդապետին, որ խօսակցութեան
ընթացքին ըսաւ, թէ իրեն հետ եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրուի նաեւ Արամ Աթէշեանը,
որ նոյնպէս լուսարարապետի պաշտօն կը վարէր: Անակնկալ մըն էր ասիկա ինծի
համար, քանի որ Պոլսէն այս մասին ոչինչ ըսուած էր: Այժմ հանգուցեալ
Գրիգորիս Բունիաթեան եպիսկոպոսը, որ այդ պահուն ներկայ էր մեր զրոյցին,
հաստատեց լուրը: Անմիջապէս հեռաձայնեցի Պոլիս ու հաղորդեցի նորութիւնը:
Յաջորդ օրը թերթին մէջ հրատարակուեցաւ ո՛չ միայն Նուրհան Մանուկեանի հետ
հարցազրոյցս, այլ նաեւ Արամ Աթէշեանի շաբաթավերջին եպիսկոպոս
ձեռնադրուելու ցնցիչ լուրը:
Այդ շրջանին բաւական
իմաստ վերագրած էի այս ձեռնադրութեան: Նորընտիր կաթողիկոսը պիտի կատարէր իր
առաջին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը՝ օծելով Երուսաղէմի ու Պոլսոյ
աթոռներուն լուսարարապետերը: Գաղտնիք մը չէ, որ այդ շրջանին Մեսրոպ Բ.
պատրիարքը վերապահութեամբ կը մօտենար նորընտիր կաթողիկոսին եւ մօտաւոր
ապագային ծագելիք լուրջ տարաձայնութիւններուն նախանշանները սկսած էին
երեւան գալ արդէն իսկ (գոնէ ուշադիր աչքերուն համար): Ուրեմն, կը մտածէի,
եպիսկոպոսական այս ձեռնադրութեամբ Մեսրոպ Բ. կերպով մը կը ճանչնար նորօծ
կաթողիկոսին իշխանութիւնը եւ հաշտութիւն կը կնքէր իրեն հետ: Շուտով պիտի
հասկնայի, որ սխալած եմ ենթադրութիւններուս մէջ, սակայն ատոնք այլ
պատմութեան մը գլուխներն են:
Եկաւ հասաւ
ձեռնադրութեան օրը՝ դեկտեմբերի 19-ը: Պատարագիչն է կաթողիկոսը, որուն
կ՚առընթերակայեն ԱՄՆ-էն Խաժակ Պարսամեան ու Վիգէն Այգազեան եպիսկոպոսները:
Ձեռնադրեալներուն խարտաւիլակն է Արժանթինի Գիսակ Մուրատեան եպիսկոպոսը:
Արարողութիւնը կը վերջանայ, կաթողիկոսը ի պատիւ նորոգ ձեռնադրեալ
եպիսկոպոսներուն ճաշկերոյթ կը սարքէ մայրավանքի սեղանատան մէջ, անոնց
պանակէ կը նուիրէ: (Ի մէջ այլոց... Աթէշեանը իրեն նուիրուած պանակէէն քար
մը պակաս է ըսելով կաթողիկոսին հետ հակաճառութեան իսկ պիտի մտնէր վերջինիս
աշխատասենեակին մէջ, որուն ականատեսն ըլլալու դժբախտութիւնը ունեցայ: Քանի
մը ժամ առաջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու խանդավառութիւնը զինքը լքած էր ու
պանակէին քարերը կը համրէր, անոնց հաշիւը կ՚ընէր խեղճը):
Ճաշէն
ետք, սեղանատունէն վեհարան կը քալէինք: Աթէշեանը շնորհաւորեցի, իրեն
կարողութիւն մաղթեցի: Իսկ ան վրդովուած էր, որ խանգարած էինք Մեսրոպ
պատրիարքին ծրագրած անակնկալը: «Այսօր Եշիլգիւղի եկեղեցիին մէջ, քարոզի
պահուն, պատրիարքը պիտի յայտարարէր ձեռնադրութիւնս, բայց դուն աւրեցիր այս
անակնկալը», ըսաւ ժպիտը դէմքին: Ժպտեցանք, անցանք այդ պահուն, սակայն մէջս
որդի մը պէս կը կրծէին հետեւեալ հարցումները՝ ո՞ւր էին պոլսեցի
ուխտաւորները, Պոլսէն վերջին ձեռնադրուած եպիսկոպոսը Մեսրոպ Մութաֆեանն էր,
1986-ին, 13 տարի վերջ առաջին անգամ Պոլսէն հոգեւորական մը Մայր Աթոռ կու
գար եպիսկոպոսանալու, սակայն մինակ էր, առանձին, հոգեւորական մը իսկ չէր
ընկերացած իրեն, նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ ոչ ոք լուր ունէր, իբր թէ անակնկալ
պիտի ըլլար...
Հայ եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսներու
ընտրութեան ատեն աշխարհականներու մասնակցութիւնը նոյնպէս կը պահէ իր
ժողովրդավար բնոյթը. Լուսաւորիչէն առաջ եւ յետոյ եպիսկոպոսները կ՚ընտրուին
թեմին, իշխաններուն ու ժողովուրդին կողմէ, մինչեւ իսկ բոլորովին
երկրորդական նշանակութիւն տալով կղերին: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան
ընթացքին ալ ժողովուրդին բոլոր դասակարգերը՝ հոգեւորականները, իշխանները,
աղքատները, կը մասնակցին արարողութեան՝ հրապարակաւ յայտնելով իրենց
հաւանութիւնը: Երուսաղէմի 1651 թուի մասնաւոր ժողովը կը սահմանէ հետեւեալ
կանոնը՝ «Թարց խնդրանաց ժողովրդեան եւ վկայական թղթոյ մի ձեռնադրեսցի ոք
յեպիսկոպոսութիւն», այսինքն՝ ոչ ոք եպիսկոպոս ձեռնադրուի առանց ժողովուրդի
խնդրանքին եւ վկայաթուղթի:
Մեսրոպ պատրիարքը, որ
1986-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր բազմաթիւ թաղային խորհուրդներու
ստորագրութեամբ ու վկայութեամբ, ինչպէս նաեւ նոյնինքն Շնորհք պատրիարքին
մասնակցութեամբ, անկասկած աններելի ու մեծ սխալ մը գործած էր Արամ Աթէշեանի
ձեռնադրութեան նախորդող շրջանին՝ գաղտնի պահելով իր մտադրութիւնը,
չդիմելով հասարակութեան վկայութեան: Թերեւս այդ պահուն ամբարտաւանացաւ,
կարծեց, թէ ինք կրնայ հսկողութեան տակ պահել Աթէշեանը, թերեւս ուզեց որպէս
պատրիարք եպիսկոպոս մը աւելի ունենալ իր քով, երբեք չմտածեց, թէ կրնայ օր
մը ամէն ինչ գլուխն ի վայր շրջիլ եւ իր ձեռնասունը փորձանք դառնալ
համայնքին ու եկեղեցիին համար: Եւ կաթողիկոսը, որ մինչ այդ չէր ճանչնար
Արամ Աթէշեանը, կուրաբար կը վստահէր Պոլսոյ պատրիարքին եւ առանց քննելու
ենթական, եպիսկոպոսական աստիճան կը շնորհէր իրեն (հետաքրքրական է որ
Գարեգին Բ.ի առաջին ձեռնասունները՝ Նուրհան Մանուկեան եւ Արամ Աթէշեան,
երկուքն ալ հետագային փորձանք պիտի դառնային իրեն համար եւ երկուքին հետ ալ
պիտի ունենար լուրջ խնդիրներ):
Այսօր
պոլսահայութեան ու համայն հայութեան աչքին առջեւ, Արամ Աթէշեան՝ հակառակ
կաթողիկոսին, հակառակ եկեղեցական օրէնքին՝ ապօրինաբար առաջնորդական պաշտօն
կը վարէ տեղ մը, ուր օրինաւորապէս ընտրուած այլ իշխան մը գոյութիւն ունէր:
Եւ Աթէշեանը հազար ու մէկ խաղերով, պետական իշխանաւորներուն հետ ունեցած
մութ ու կասկածելի յարաբերութիւններուն «շնրոհիւ» ամէն ջանք գործ դրաւ
տապալելու համար օրինաւոր իշխանութիւնը եւ «յաջողեցաւ» ալ:
1651-ի
Երուսաղէմի ժողովի եօթներորդ կանոնը յստակ է, պարզ ու մեկին. «Զի
եպիսկոպոս թէ ոչ հրամանաւ կաթողիկոսին իւրոյ՝ այլ կաշառօք եւ այլազգեաց
բռնութեամբ համարձակեալ իշխեսցէ այլոց վիճակի. լուծցի ի կարգէն»:
Թարգմանութիւնը հետեւեալն է.
«Եթէ
եպիսկոպոսը ո՛չ կաթողիկոսի հրամանով, այլ կաշառքով եւ այլազգիներու
բռնութեամբ կը համարձակի վիճակի առաջնորդ ըլլալ՝ կարգալոյծ կ՚ըլլայ»:
Կաթողիկոսն
ու հոգեւոր վերին իշխանութիւնը կոչուած են սրբագրելու 18 տարի առաջ գործած
իրենց սխալը: Մանաւանդ որ թրքահայութիւնը, որու հաւանութիւնը չէր առնուած
ժամանակին, եւ ողջ հայութիւնը, որուն անծանօթ չէ Աթէշեանի հայ
եկեղեցականին անյարիր վարքուբարքը, այսօր կամ մօտ ապագային այդ է որ պիտի
խնդրէ կաթողիկոսէն...
«Ազգ», 16 Փետրուար 2018
No comments:
Post a Comment