Ա. Դ.
Թրքական բանակին Աֆրինի մէջ ձեռնարկած ռազմական գործողութեան
առթիւ՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հրապարակած զօրակցական
հաղորդագրութեան լուրին կից, հայկական կարգ մը լրասփիւռներ,–
հաւանաբար իրարմէ առնելով,– գրած են նաեւ, որ «պոլսահայ համայնքը
կը դատապարտէ» այս հաղորդագրութիւնը։
Հոս, իմ խնդիրը վերաբերելով միայն ու միայն պարկեշտ
լրագրութեան, մէկդի կը ձգեմ թրքական ռազմական գործողութեան
վերլուծումը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի առած քայլին
սխալ կամ ճիշդ ըլլալու դատումը։
Բայց, ինչպէ՞ս կարելի է յայտարարել «պոլսահայ համայնքը կը
դատապարտէ», երբ լուրին մէջ շօշափելի ոչ մէկ տուեալ յիշուած է, այլ
միայն գրուած է՝ «Պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան
արձագանգած է պոլսահայութիւնը եւ խիստ քննադատած։ Պոլսահայոց մեծ մասը
(ընդգծումը իմն է - քանի մը տասնեակ հազար հոգի՞) համոզուած է, որ
պատրիարքարանը ստիպուած չէր նման յայտարարութիւն տարածելու եւ
կրնար լռել՝ այս հարցի առընչութեամբ մնալով անկողմնակալ»։
Եթէ նոյնիսկ, ըստ իս, ոեւէ բանիմաց հայ պէտք է բաժնէ այս տողերուն
մէջ արտայայտուած միտքը, ճի՞շդ է, լրագրութի՞ւն է միայն այդքանէն
մեկնելով եւ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած քանի մը
գրառումներու վրայ հիմնուելով՝ երեւոյթին տալ պաշտօնական
հանգամանք, գործելով նախ այն տպաւորութիւնը, որ՝
- պոլսահայ համայնքը,– հոգեւորականին կից (որու պարզած
պատկերն ալ արդէն ծանօթ է բոլորիս),– ունի նաեւ աշխարհական ղեկավար
ներկայացուցչական մարմին մը, որ որոշումներ կը կայացնէ,
դիրքորոշում կը ճշդէ,
- ապա նաեւ՝ այդ կարծեցեալ մարմինը, այս առթիւ, յանուն
համայնքին դիրքորոշում ճշդած է եւ քննադատած է Պատրիարքարանին
քայլը։
Եւ դեռ կայ աւելին։ Որպէս անլրջութեան գերագոյն փաստ՝ խնդրոյ
առարկայ լրատուութեան մէջ յիշուած է միակ անուն մը, եւ այն ալ –չար
բախտէն– կը պատկանի անձի մը, որ այլեւս Պոլիս չի բնակիր։
Ասիկա լրագրական լուրջ մօտեցում չէ։ Նոյն այդ Պոլսոյ մէջ ասիկա
կը կոչէին «ղազէթաճիութիւն», այսինքն հոգ չէ թէ տրուած լուրը ճիշդ
կամ ստոյգ չըլլայ, այլ բաւ է որ ըլլա՛յ ուշագրաւ, հետաքրքրաշարժ,
զգայացունց։
(Յատուկ «Հայկականք»ի համար)
No comments:
Post a Comment