ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Ժողովրդավար երկիրներու մէջ ընդունուած է, թէ ցած եկամուտ ունեցողները
պէտք չէ եկամտահարկ վճառեն: Հետեւաբար, այս երկիրներուն մէջ, բոլորին
եկամուտներէն որոշ գումար մը կը զեղչուի, եւ մնացածին վրայ եկամտահարկ կը
գանձուի: Օրինա՛կ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընտանիքի մը
եկամուտէն մօտաւորապէս 24,000 ամերիկեան տոլար կը զեղչուի, ապա մնացած
գումարը կը կազմէ «հարկուող» եկամուտը, որուն որոշ տոկոսէ մը եկամտահարկ կը
գանձուի:
Հայաստանի նախկին եւ նոր եկամտահարկին մէջ կայ հսկայ անարդար երեւոյթ
մը, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ: Եթէ աշխատաւոր մը ամսական կը ստանայ
օրինակ՝ 10 հազար դրամ, ապա այդ աշխատաւորէն կառավարութիւնը կ՛առնէ 23
տոկոս հարկ, այսինքն՝ 2300 դրամ: Այլ խօսքով, այս ծայրայեղ աղքատ
աշխատաւորը, իր կերակուրէն պիտի կտրէ եւ եկամտահարկ վճարէ, ինչ որ
անգթութիւն է:
Հայաստանի մէջ, աղքատութեան շեմը մօտաւորապէս 40 հազար դրամ է,
հետեւաբար, եկամուտներուն առաջին 40 հազարէն պէտք չէ՛ հարկ գանձուի: Այս
կ՛ենթադրէ, որ, օրինակ, երբ անձի մը եկամուտը ամսական 200 հազար դրամ է,
առաջին 40 հազարին վրայ հարկ պէտք չէ վճարէ: Եկամուտէն 40 հազար զեղչելով՝
հարկուող եկամուտը կ՛ըլլայ 160 հազար դրամ: Կամ՝ եթէ ամսական եկամուտը
70,000 դրամ է, 40 հազար զեղչելէ ետք՝ մնացած միայն 30,000ին վրայ
եկամտահարկ պէտք է վճարէ: Այլ խօսքով, անձի մը իսկական եկամուտը եւ
հարկուող եկամուտը կ՛ըլլան տարբեր գումարներ:
Այս առաջարկին դէմ եղողներուն գլխաւոր առարկութիւնը այն է, որ ասոր
գործադրութիւնը պետութեան համար շատ ծախսալից է: Եթէ որդեգրուի այս դրոյթը,
ապա բոլոր եկամուտ ստացողներուն, այսինքն՝ մօտաւորապէս 550 հազար անձերու,
հարկուող եկամուտը պիտի պակսի 40 հազար դրամով՝ նուազեցնելով հարկերու
քանակը եւ բարձրացնելով պետական պիւտճէի բացը:
Սակայն այս առարկութեան համոզիչ պատասխան գոյութիւն ունի՛: Եկամուտներու
առաջին 40 հազարին համար հարկ չվճարելէն միա՛յն ցած եկամուտ ունեցողները
պէտք է օգտուին, օրինակ՝ մինչեւ 150 հազար դրամ եկամուտ ստացողները:
Որպէսզի 150 հազարէն աւելի եկամուտ ունեցողները չօգտուին այս քայլէն եւ
պետական պիւտճէին բացը շատ մեծ չըլլայ, երբ որդեգրուի եկամուտի առաջին 40
հազարէն հարկ չգանձելու գաղափարը, պէտք է 150 հազարէն աւելի եկամուտ
ունեցողներուն եկամտահարկի տոկոսը բարձրացնել այնքան, որ, իբրեւ խումբ՝
իրենց վճարած հարկերը չպակսին եւ անոնք չօգտուին: Մանրամասնութիւնները, թէ
այս վերջիններուս տոկոսները որքանո՞վ պէտք է բարձրանան՝ մենք հոս պէտք
չունինք եւ չենք ալ կրնար հաշուել: Տնտեսութեան եւ ֆինանսներու
նախարարութիւնը ունի յատուկ բաժանմունքներ, որոնք համակարգիչներու միջոցաւ
կրնան ընել այդ հաշիւները։
Ոեւէ մէկը չի կրնար արդարացնել եկամտահարկի ներկայ այս անարդար դրոյթը,
ուր նոյնիսկ ամսական 10,000 կամ 20,000 դրամ եկամուտ ունեցողէն՝
կառավարութիւնը կը գանձէ 2300 կամ 4600 դրամ եկամտահարկ: Կասկած չունիմ, որ
օր մը, Հայաստանի մէջ այս փոփոխութիւնը պիտի պատահի, եւ բոլորին
եկամուտներէն որոշ գումարէ մը հարկ պիտի չգանձուի, ինչին իբրեւ արդիւնք՝
աղքատները եկամտահարկ պիտի չվճարեն: Ոեւէ մէկը, որ խիղճ ունի, չի կրնար
սկզբունքի հիման վրայ այս առաջարկին հակառակ ըլլալ: Ժողովրդավար երկիրի մը
մէջ այս տեսակ անարդար հարկ պէտք չէ՛ գոյութիւն ունենայ: Պէտք է պայքարիլ,
որպէսզի ներկայ եկամտահարկի այս ծայրայեղ անարդար դրութիւնը փոխուի:
«Ասպարէզ», 23 Յունուար 2018
No comments:
Post a Comment