ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
«Մայր Հայաստան»-ը` Երեւանի թերեւս ամենաբարձր արձանը, իր բարձունքէն
ուշի-ուշով կը հետեւի թրքական սահմանին: Ազգային այս խորհրդանիշը նոյն
պազալթէ պատուանդանին վրայ փոխարինեց դաժան բռնապետ Եոսիֆ Ստալինի արձանը,
վերջինին մահէն ետք: Յուշարձանը, որ իր մէջ կը կերպարանաւորէ խաղաղութիւն`
ուժի միջոցով, կարծես Հայաստանի կանացի մարմնաւորումն է: Ան նաեւ դիտողին
կրնայ յիշեցնել աւելի քան մէկ դար առաջ երկարատեւ եւ արիւնալի հայկական
ազատագրական շարժման մէջ կիներուն ունեցած դերին մասին: Պայքար, որ 1375-էն
սկսեալ դարեր շարունակ պետականութենէ զուրկ ըլլալէ ետք, ի վերջոյ
յանգեցուց 1918 մայիս 28-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման:
Այսօր Հայաստանի Ազգային Ժողովի 105 պատգամաւորներէն 19-ն կիներ են:
1919 թուականին Ա. Հանրապետութեան 80 հոգինոց խորհրդարանին մէջ եւս կային
կին պատգամաւորներ` Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը, Կատարինէ
Զալեան-Մանուկեանը եւ Վարվառա Սահակեանը: Ա. Հանրապետութիւնը նաեւ տուած է
արդի ժամանակաշրջանի առաջին կին դեսպանը (դիւանագէտ)… Տիանա Աբգարը եղած է
Ճափոնի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը:
Այս յօդուածը նպատակ ունի ընդգծել «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ
ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան մասին» օրէնքին
նախագիծին կարեւորութիւնը` որպէս կիներու հզօրացման ուղղուած առաջին
քայլերէն մէկը. թեմա, որ առաջնային դեր ունի 21-րդ դարուն Հայաստանի
զարգացման հարցով: Օրինագիծը մշակուած է անցեալ տարի Հայաստանի
Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ եւ վերջերս
ներկայացուած` խորհրդարան: Կ’ակնկալուէր, որ քուէարկութեան դրուի մինչեւ
2017 թուականի տարեվերջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ եօթը պատգամաւոր ունեցող Հայ
յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) իր աջակցութիւնը յայտնած է օրինագիծին
ընդունման` ակնկալուող որոշակի շտկումներէն ետք: ՀՅԴ-ն առաջարկուած
օրինագիծը կը համարէ հասարակական արժէքային համակարգի կարեւոր մէկ մասը, որ
անհրաժեշտ է առողջ հասարակութեան համար: Վերջերս ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը,
ներկայ գտնուելով Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ընկերվարական
կիներու միջազգայնականի (Ընկերվարական միջազգայնականին կից
կուսակցութիւններու` ընկերվարական, ընկերվարական-ժողովրդավարական եւ
աշխատաւորական կուսակցութիւններու կիներու կազմակերպութիւններու միջազգային
կազմակերպութիւն) խորհուրդի համագումարին, հաստատեց իր աջակցութիւնը`
ամէնուր կիներուն նկատմամբ բռնութեան վերացման:
Այս յօդուածը ժամանակակից հայկական ֆեմինիստական մանիֆեստ հիմնելու կամ
հայկական կեանքին «ինքնութեան քաղաքականութեան» մէջ ներգրաւուելու փորձ չէ:
Եթէ հայերը կը ձգտին հաստատելու արդար հասարակութիւն, ապա անոնք պէտք է
անտարբեր չըլլան անարդարութեան նկատմամբ եւ համակրանք դրսեւորեն փոխադարձ
յարգանքի նկատմամբ: Թէեւ հայ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու օրակարգը
ընդհանուր առմամբ կը մնայ չսահմանուած, բաւականին մասնատուած եւ երբեմն
անտեսուած, դէպի հայ կիներու հզօրացում տանող ուղին հայկական քաղաքական
օրակարգին անբաժանելի մասն է: Այս պարունակին մէջ ժամանակակից հայ
քաղաքական միտքը սեռային անհաւասարութիւնը պէտք է դիտարկէ որպէս ուժերու
անհաւասար բաշխման ուղղակի հետեւանք: Ան նաեւ պէտք է ներգրաւուած ըլլայ`
առաջին հերթին կեդրոնանալով կիներու եւ աղջիկներու հանդէպ բռնութեան վերջ
տալու վրայ:
ԵՐԵՔ ՆԿԱՏԱՌՈՒՄՆԵՐ
Նախ` ակնյայտ է, որ հասարակութեան մէջ խնդիր կայ, եւ Հայաստանի մէջ
առկայ օրէնսդրական կարգաւորման դաշտը բաւարար չէ անոր համարժէք
անդրադառնալու համար: Ընտանեկան բռնութեան դէմ ճշգրիտ օրէնքը անհրաժեշտ է`
լրացնելու ընտանեկան օրէնսգիրքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական
օրէնսգիրքին առկայ դրոյթները: Այս պարունակին մէջ մարդկային իրաւունքներու
պաշտպանութիւնը կարեւոր է ոչ միայն այն պարագային, երբ թեման բուռն
քննարկումներու առիթ կը դառնայ, այլեւ առաւել կարեւոր է, երբ անոր շուրջ
քննարկումներ չկան:
Երկրորդ` կիներու իրաւունքները պէտք չէ դիտարկուին
աշխարհաքաղաքականութեան տեսանկիւնէն (այսինքն` տարածաշրջանային ուժերն ու
Արեւմուտքը), որոնք երբեմն սխալ երանգ կը հաղորդեն այս հարցերուն:
Հայաստանի յետխորհրդային հասարակութեան մէջ շատերը դեռեւս կիներուն
հասարակական կազմակերպութիւններու ջանքերը կը դիտարկեն որպէս օտարերկրեայ
պետութիւններու կողմէ ֆինանսաւորուող օրակարգ:
Հակառակ արեւմտեան կառավարութիւններէն ոմանք եւ ոչ կառավարական
նուիրատուները զգալի դրամական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի վտանգի
ենթարկուած կիներու աջակցող հայաստանեան հասարակական
կազմակերպութիւններուն, սակայն միեւնոյնն է, ան չի տար պատկերին
ամբողջութիւնը: Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Հայաստանի հետ
եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեանն ու ընդլայնման
բանակցութիւններուն: Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան
եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար
Եոհաննէս Հանը վերջերս յայտարարած է, որ Եւորպական Միութիւն-Հայաստան
համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի
նոյեմբերի սկիզբը Պրիւքսելի մէջ [համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ]:
Յանձնակատարը շեշտեց, որ առաջին անգամ Եւրասիական Միութեան անդամ
հանդիսացող երկիրը հեռահար համաձայնագիր կը ստորագրէ Եւրոմիութեան հետ: Ան
աւելցուց. «Ատիկա ցոյց կու տայ, որ համակեցութիւնը հնարաւոր է, եւ անիկա
կրնայ օրինակ ծառայել միւսներուն համար»:
Թէեւ Հայաստանի ներառական արտաքին քաղաքականութիւնը ողջունելի է, սակայն
հայ քաղաքական միտքը պէտք է տարբերակէ սեռային քաղաքականութիւնը
աշխարհաքաղաքականութենէն:
Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ կիներու շարժման փոքր,
բայց դրական աճի միտում կը նկատուի: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը դեռեւս կը
գտնուի տնտեսական անցման փուլի մէջ, եւ քիչեր կրցած են ֆինանսական միջոցներ
յատկացնել` աջակցելու կիներու հզօրացման ուղղութեամբ աշխատող հասարակական
կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան բռնութեան զոհերու համար
ապաստանարաններ կառուցելուն: Այսօր ընդամէնը քանի մը նման ապաստանարաններ
գոյութիւն ունին:
Այստեղ դեր ունի նաեւ հայկական սփիւռքը: Այն կազմակերպութիւնները,
ինչպիսին է Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), որ հանդէս եկած է ընտանեկան
բռնութեան օրինագիծին լիովին աջակցող յայտարարութեամբ, կրնայ աւելին ընել:
Ան կրնայ, օրինակ, վերանայիլ իր ծրագիրները Հայաստանի մէջ եւ, ի լրումն
մանկապարտէզի եւ մանկատան աւանդական ծրագիրներուն, միջոցներ յատկացնել
այնպիսի ծրագիրներու, ինչպիսիք են տարածաշրջանային ապաստանարանները, որոնք
անհրաժեշտ են նոր օրինագիծին աջակցելու համար:
Հայ հասարակութիւնը չի կրնար փոխակերպուիլ, եթէ չփոխէ այդ հասարակութեան մէջ կիներուն դիրքը:
Երրորդ` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ նշուած
արժէքներու համաձայն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած միջազգային
պայմանագիրներով սահմանուած կարգով, այսպիսի օրինագիծ մը լիովին օրինական
է:
Հայաստանը ստորագրած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ընդհանուր Ժողովին կողմէ 1979 Դեկտեմբեր 18-ին ընդունուած «Կիներու նկատմամբ
խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին պայմանագիրը», որ կը գործէ
որպէս «Կիներու իրաւունքներու միջազգային օրինագիծ»: Որպէս Հայաստանի
վերաբերեալ ՄԱԿ-ի յանձնաժողովներու հինգերորդ եւ վեցերորդ պարբերական
զեկոյցներու մաս` առաջարկութիւններ եղած են արագացնելու «յատուկ կիներու
նկատմամբ սեռային բռնութիւնը քրէականացնող համընդգրկուն օրէնքի
ընդունումը»:
Նման օրէնք մը նաեւ համահունչ է ՀՅԴ-ի տեսակէտներուն եւ արժէքներուն:
Դեռեւս 1909-ի սկիզբը, իսկ յետոյ նաեւ` Ա. Հանրապետութեան ընթացքին, ՀՅԴ-ն
պաշտօնապէս կ’աջակցէր կիներու եւ տղամարդոց հաւասարութեան, կիներու
քուէարկելու եւ ընտրուելու իրաւունքին եւ աշխատավայրերու մէջ կիներու եւ
երեխաներու վերաբերող այլ իրաւունքներուն:
Հակառակ ներկայիս իշխող Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան հետ
քոալիսիոնի մէջ ըլլալուն` ՀՅԴ-ն իր պատմութեան մէջ բազմիցս աչքի ինկած է
յառաջադէմ արժէքներու պաշտպանութեամբ: Ան կ’արժեւորէ Հայաստանի ստանձնած
պարտաւորութիւնները միջազգային հանրութեան առջեւ, քանի որ հասկցեր է, որ
քաղաքակիրթ հասարակութիւններուն մեծ մասը ընդունած է ընտանեկան բռնութեան
կանխարգիլման դէմ գործընթացներ (տե՛ս ՀՅԴ խորհրդարանական դաշինքի
ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը. «Մեր դաշինքը կ’աջակցի այս օրէնքին
ընդունման, քանի որ մենք աշխարհի մէկ մասն ենք»):
Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ ազգային
ճառի սահմաններուն մէջ: «Armenian Weekly»-ի 2014-ին լոյս տեսած յօդուածին
մէջ քննարկուած էր խնդրին լրջութիւնը` եզրափակելով. «Այս սարսափելի
յանցանքին դէմ պայքարող նուիրեալ կիներ եւ տղամարդիկ օգնութեան կարիք
ունին»: Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի
ներդրումը Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շերտերուն հնարաւորութիւն կու
տայ մասնակցելու այս գործընթացին: Այս վէճը պէտք է ներառէ նաեւ Հայաստանի
սփիւռքը:
Ջանքերը` Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան, որ անցեալ տարի
մշակած է այս օրինագիծը, պէտք է ողջունուին յարատեւ արժէքներու յարող
կուսակցութիւններուն կողմէ, ինչպիսին է ՀՅԴ-ն: ՀՅԴ-ի համար ընտանեկան
բռնութեան մասին օրէնքը իր հիմքով կրնայ դիտարկուիլ որպէս ընկերային
արդարութեան հարց: Եթէ ընտանեկան բռնութեան Հայաստանի մէջ շարունակաբար
բաւականաչափ ուշադրութիւն չդարձուի, կը նշանակէ, որ հայ հասարակութիւնը կը
թերագնահատէ կիները, (որոնք կը կազմեն Հայաստանի բնակչութեան
մեծամասնութիւնը)` որպէս քաղաքացիներ եւ մարդ արարած եւ ուղերձ կը յղէ, որ
անոնք տղամարդոցմէ աւելի քիչ արժէք ունին: Այս մէկը իր հերթին կը խարխլէ
ամբողջ հայ հասարակութեան հիմքերը:
ԵԶՐԱՅԱՆԳՈՒՄՆԵՐ
Արդի հայ քաղաքական միտքը պէտք է վերակառուցէ 1991 թուականէն ետք
յետխորհրդային համայնավարական անցումէն ի վեր այս հարցին շուրջ գոյութիւն
ունեցող պահպանողական զրոյցը: Թէեւ հայաստանեան հասարակութեան մէջ սեռային
անհաւասարութեան խնդիրը բաղկացած է բազմաթիւ ենթախնդիրներէ, սակայն
հեղինակը վճռականօրէն կը հաւատայ, որ վերաբերմունքի փոփոխութիւնը պէտք է
որեւէ տեղէ սկսիլ: Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին
օրէնքը կրնայ այդ առումով կարեւոր մեկնակէտ դառնալ: Ի հարկէ, ոչ մէկ
օրինագիծ ի սկզբանէ կատարեալ է, բայց ատիկա պէտք չէ պատճառ հանդիսանայ զայն
մերժելու համար:
Հայ պետական ազգայնականութեան նեղ, յետխորհրդային տարբերակը ի զօրու չէ
փոխարինելու ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ճշգրտօրէն արտացոլելու հայկական
աւանդական արժէքները: Սեռային հաւասարութիւնը պէտք է արժեւորուի հաւասար
հնարաւորութիւններու պարունակին մէջ: Միջազգային հանրութիւնը «Կիներու
նկատմամբ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին համագումար»,
հազարամեակի զարգացման նպատակներու եւ այլ պայմանագիրներու եւ
պարտաւորութիւններու միջոցով, որոնց ստորագրեալ կը հանդիսանայ նաեւ
Հայաստանը, ճանչցած է սեռային հաւասարութեան ապահովման կարեւորութիւնը:
Հայկական պետականութեան հարիւրամեայ յոբելեանին ընդառաջ` արդի հայ
քաղաքական միտքը պէտք է այս օրինագիծէն այն կողմ աւելի խորքային հարցերու
լուծում տայ, օրինակ` ինչո՞ւ Հայաստանը աշխարհի վրայ Չինաստանէն ու
Ատրպէյճանէն ետք երրորդ տեղը կը զբաղեցնէ պտուղի սեռով պայմանաւորուած
վիժումներու թիւով: Արդեօք Հայաստանի կենսաթոշակային համակարգը պատշաճ
ուշադրութիւն կը դարձնէ՞ կիներուն: Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ գործազրկութեան
մակարդակը աւելի բարձր է կիներու շրջանակներուն մէջ: Ինչպէ՞ս հայ կիներուն
հետ հասարակական կազմակերպութիւնները աւելի սերտ կրնան փոխգործակցիլ իրենց
գործունէութեան տարածքներուն մէջ եւ նպաստել կիներուն հզօրացման ու
ինքնակառավարման գիւղական համայնքներուն մէջ, ուր արտերկիր աշխատանքի
մեկնելու պատճառով կը բացակային մեծ թիւով տղամարդիկ:
2018-ի շեմին հայկական քաղաքական միտքը պէտք է աւելի լայնախոհ ըլլայ եւ
տեսնէ` ինչպէ՛ս կրնայ կիներուն աւելի լայն ներգրաւուածութիւնը նպաստել հայ
հասարակութեան զարգացման:
Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան 55 տոկոսը կազմող կիները անտեսուած են
որպէս կենսունակ տաղանդի աղբիւր: Հայ կիները անցեալին աշխատած են
տղամարդոց կողքին, եւ նման աշխատանք նուիրապետական չէր, քանի որ
նախարդիւնաբերական շրջաններուն մէջ տղամարդիկ եւ կիներ կ՛աշխատէին
տուներուն մէջ ու յարակից տնտեսութիւններով: Հայ կիները աշխատած են
հագուստի, օճառի, մոմերու եւ այլ անհրաժեշտ կենցաղային ապրանքներու
արտադրութեան մէջ: Արդիւնաբերական յեղափոխութենէն ետք արտադրութիւնը տնային
տնտեսութիւններէն տեղափոխուեցաւ գործարաններ, հայ կիները խորհրդային
ժամանակաշրջանին հաւասար իրաւունքներ ունեցան թէ՛ աշխատանքի, թէ՛ կրթութեան
բնագաւառներուն մէջ, ունենալով նաեւ արտօնութիւններ (օրինակ` նախածննդեան
եւ յետծննդեան արձակուրդ, ինչպէս նաեւ վիժումներու օրինական իրաւունք`
1920-էն ի վեր): Խորհրդային Հայաստանի մէջ կիները չափազանց «նուրբ» չէին
գործարաններուն մէջ աշխատելու, յաջողակ ճարտարագէտներ ըլլալու կամ Բ.
Համաշխարհային պատերազմին մասնակցելու համար:
1991-էն ետք Հայաստանի կիներուն ընկերային-տնտեսական վիճակը կտրականապէս
փոխուեցաւ, քանի որ Հայաստանի տնտեսութիւնը անկում ապրեցաւ Խորհրդային
Միութեան փլուզման հետ, նուազեցան աշխատատեղերն ու բարձրացաւ աղքատութեան
մակարդակը: Շատ առումներով, նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հապշտապ, անկանոն
(եւ ի վերջոյ` աղէտալի) սեփականաշնորհման ջանքերը խորացուցին Հայաստանի
ապարդիւնաբերականացումը: Որպէս Հայաստանի յետխորհրդային քլանային
նոր-դրամատիրութեան հետեւանք` շատ կիներ կը շարունակէին կորսնցնել
աշխատանքը, որ նպաստեց հայ հասարակութեան մէջ կիներուն այսօրուան տէ ֆաքթօ
ցած կարգավիճակին:
Բացի ասկէ` գոյութիւն ունին տարբեր այլ հանգամանքներ, որոնք այսօր կը
խոչընդոտեն կիներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին: Անոնց
կարգին` սեռային կարծրատիպերը, սեռային դերերը, կիներուն տնտեսական
անկախութեան եւ ընկերային դրամագլուխին պակասը, ինչպէս նաեւ` երկրին մէջ
գերակշռող քաղաքական մշակոյթը: Հայ կնոջ դերը հասարակութեան մէջ կարծես
նուազած է վատ կառավարման, սակաւապետներու ղեկավարման եւ անցնող 25
տարիներու սին պետական ազգայնականութեան ազդեցութեան ներքոյ:
Հայ ժողովուրդը արժէքաւոր հաւաքական նախագիծ է: Եւ կը ներառէ
հասարակութեան բոլոր անդամները: Մենք պէտք է ճիշդ հիմա գործենք, որպէսզի
ըստ արժանւոյն, գնահատենք այն զգալի եւ ակնյայտ փոփոխութիւնը, որ կիները
կրնան կատարել Հայաստանի մէջ: Մենք չենք կրնար արդարացումներ փնտռել կամ
նահանջել: Մենք չենք կրնար պարզապէս հաւասարութիւն հռչակել եւ ակնկալել, որ
խնդիրը լուծուի: Մենք պէտք է ստեղծենք անհրաժեշտ միջավայր, ուր կրնայ
ծաղկիլ հաւասարութիւնը:
Հայաստանի մէջ կիներուն օրակարգին վերակենդանացումը կրնայ մեր կին
խորհրդարանականներուն եւ մեր Առաջին Հանրապետութեան մատուցելիք յարգանքին
լաւագոյն տուրքերէն մէկը ըլլալ: 2018-ը հայերուն համար ոչ միայն իրենց
պետականութեամբ հպարտանալու տարի է: 2018 թուականին հայերը նաեւ պէտք է
նշեն Հայաստանի մէջ կիներու քուէարկութեան իրաւունքի 100-ամեայ յոբելեանը:
Ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը լուրջ եւ ուշագրաւ համազգային վէճի առիթ է
բոլոր դասերու ու ծագման հայերու համար: Ան կրնայ նաեւ խթան հանդիսանալ`
զբաղելու մշակութային եւ ընկերային այն կանոններու հարցով, որոնք այլեւս
դրական դեր չունին հայ հասարակութեան համար:
«Ազդակ», 26 Յունուար 2018
No comments:
Post a Comment