28.10.17

«Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագրով միջազգային գիտաժողովը Երեւանի մէջ

Հոկտեմբեր 24-ին, Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ սկսած է «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը:
Բացման խօսքը արտասանած է ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան: Ան նշած է, որ գիտաժողովը, կազմակերպուելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կարեւոր հայագիտական կառոյցներուն կողմէ, ունի գիտական մեծ կարեւորութիւն: Շնորհակալութիւն յայտնած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հետ աշխոյժ համագործակցութեան համար:
Ողջունելով ներկաները, Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս ըսած է. «Ամէն անգամ, երբ ոտք եմ դնում Սուրբ Ղազար կղզի, համակւում եմ երախտագիտութեան զգացումով, անսպառ հիացմունքով, քանզի 300 տարի առաջ Հայերը կարողացան անմարդաբնակ այդ փոքրիկ կղզեակը դարձնել հոգեւոր, կրթամշակութային հզօր կենտրոն, որն այսօր ամբողջական ուսումնասիրութիւնների կարիք ունի»։
Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծած է, որ այս գիտաժողովը ոչ միայն յարգանքի նշան է, այլեւ խոր բարեկամութեան, որ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունի Մխիթարեան միաբանութեան եւ հայաստանեան գիտական կառոյցներուն միջեւ:
Ողջոյնի խօսք արտասանած են նաեւ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան:
Այնուհետեւ զեկուցումներ ներկայացուցած են Լեւոն արք. Զէքիեան («Մխիթար` խորհուրդ եւ մարտահրաւէր. հայ հոգեւորութեան եւ մշակոյթի ռահվիրայ մը, համաքրիստոնէական, համամարդկային տարածքով»), ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան («Ղուկաս Ինճիճեանի աւանդը Հայաստանի պատմաաշխարհագրական հարցերու ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ»), ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհիի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան («Մխիթարեանները Միքայէլ Նալպանտեանի գնահատմամբ»), ԳԱԱ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան («Հայ միջնադարեան գրականութեան պատմութեան պարբերացման Մխիթարեաններու սկզբունքները»):
Գիտաժողովը շարունակած է իր աշխատանքները «Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ», «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ», «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» նիւթերով:
Յաջորդ օրուան առաջին նիստին զեկուցումներով հանդէս եկած են «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի խմբագիր Հայր Սերովբէ վրդ. Չամուրլեան («Մխիթար Աբբահօր մուտքը Սուրբ Ղազար կղզի»), ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի Քրիստոնեայ Արեւելքի բաժնի գլխաւոր գիտաշխատող Ազատ Բոզոյեան («Բիւզանդական նոմոկանոնի վենետիկեան ձեռագիրը»), Վանաձորի Պետական համալսարանի պատմաշխարհագրական բաժանմունքի պատմութեան ամպիոնի վարիչ Ֆելիքս Մովսիսեան («Վենետիկի Մխիթարեանները նափոլէոնեան տիրապետութեան դէմ եւրոպական ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարի մասին»), Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօսներ Նորայր Պօղոսեան («Մխիթարեան միաբաններու նամակները 18-րդ դարուն Երուսաղէմի կացութեան մասին») եւ Լուսինէ Ս. Սահակեան («Վենետիկի Մխիթարեան մատենադարանին մէջ պահուող՝ Համշէնի մէջ օրինակուած երկու ձեռագիրի մասին (հմր. 114, հմր. 52)»), «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան («Մխիթարեան միաբանութեան բնագիտական ժառանգութեան շուրջ»), ԳԱԱ Փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ իրաւունքի հիմնարկէն Ռիմա Միրումեան («Մխիթարեաններու քաղաքակրթական մեծ սխրանքը»):
«Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ» թեմայով նիստին իրենց զեկուցումները ներկայացուցած են «Խ. Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Հայ գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ Աելիտա Դոլուխանեան («Վիքթոր Լանկլուան Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մասին»), «Մ. Աբեղեան» Գրականութեան հիմնարկի գիտական հարցերու փոխտնօրէն Հերիքնազ Որսկանեան («Հայ միջնադարեան տեսիլներու Մխիթարեաններու հրատարակութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները»), «Մ. Աբեղեան» Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող Ալբերտ Մուշեղեան («Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեան Հայրեր Յովսէփ Գաթըրճեանը եւ Բարսեղ Սարգիսեանը` Նիկիական Հանգանակի ակնառու մեկնաբաններ (եւրոպացի մասնագէտներու գնահատմամբ)»), Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Ռուզաննա Տէր-Գրիգորեան («Ռուս դասական գրականութիւնը Մխիթարեաններու գնահատմամբ»), ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Բեքարեան («Պայրընի հայագիտական ուսումնասիրութիւնները Մխիթարեան մայրավանքին մէջ»), ԳԱԱ Լեզուի հիմնարկի ընդհանուր եւ համեմատական լեզուաբանութեան բաժնի վարիչ եւ Հայոց լեզուի եւ դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ Վազգէն Համբարձումեան («Մխիթարեան միաբանութեան լեզուամշակութային դերը հայերէնի ուղղագրութեան դասական կանոնարգման գործին մէջ»), Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս Լիլիթ Պետրոսեան («Հին հայերէնի հնչիւններու մասին դիտարկումները Դ. Թրակացիի «Քերականական արուեստ»-ի մեկնիչներու երկերուն մէջ»), լեզուաբան, Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի դասախօս Լաւրենտի Միրզոյեան («Մխիթարեաններու մանկավարժական ժառանգութիւնը»):
«Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» ընդհանուր խորագրով երկրորդ նիստին՝ զեկուցումներ ներկայացուցած են «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու հիմնարկ-մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Արուսեակ Թամրազեան «Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան “Մանրուսման” ձեռագրերը», Չեխիոյ Չարլզ համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի պատուոյ անդամ, համալսարանի նուագախումբի եւ երգչախումբի գլխաւոր խմբավար Հայկ Իւթիւջեան («Վենետկոյ Մխիթարեան Ս. Հարց երաժշտական վաստակը»), ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի տնօրէնի տեղակալ, երաժշտութեան բաժնի վարիչ Աննա Ասատրեան («Հայ երաժշտութիւնը “Գեղունի”-ի էջերուն մէջ»), Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի երաժշտութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Լուսինէ Զ. Սահակեան («Կոմիտաս վարդապետը եւ Մխիթարեան միաբանութիւնը»), ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Բաղդասարեան («Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնները Պիետրօ Բիանկինիի բազմաձայն մշակմամբ»), «Ալ. Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի հիմնադիր-տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան («Հայկական պաշտամունքային կառոյցներու յօրինուածքային նախատիպերու եւ տիպերու ծագման ու զարգացման նախապայմաններու մեկնութիւնները, ըստ Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններու ուսումնասիրութիւններու»), ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի գիտաշխատող Դաւիթ Քերթմենջեան («Հայկական քաղաքաշինութեան պատմութեան նիւթերը Մխիթարեաններու գիտական ժառանգութեան մէջ»):
Բոլոր բաժանմունքներուն մէջ տեղի ունեցած են քննարկումներ։ 

«Նոր Յառաջ», 28 Հոկտեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment