27.7.17

Հարցազրոյց համացանցային «Նայիրի» կայքէջի թուայնացած բառարանները պատրաստող Սէրուժ Ուրիշեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Սէրուժ Ուրիշեան ծնած է Լիբանան եւ երեք տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ՝ Գալիֆորնիա։ Յաճախած է Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը, ապա Էնսինոյի Ֆերահեան ազգային դպրոցը։ Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Կլենտէյլի ամերիկեան հանրակրթարանին մէջ։ Արհեստով համակարգիչի ճարտարագէտ է։ Մայրենի լեզուն արեւմտահայերէնն է։ Անոր հետաքրքրութիւններէն մէկը լեզուաբանութիւնն է՝ յատկապէս հայերէնի եւ լատիներէնի ուսումնասիրութիւնը։
Ուրիշեան աշխատած է «NASA»-ի «Jet Propulsion Laboratory» (JPL), «Oracle Corporation», «Integrien» եւ «eHarmony» ընկերութիւններուն համար։ Շրջանաւարտ է Գալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանէն, ուր ան 2004-ին ստացած է գիտութեանց պսակաւորի տիտղոսը (Bachelor of Science), մասնագիտանալով ելեկտրոնային ճարտարագիտութեան եւ համակարգիչի գիտութեան մարզերուն մէջ։

«Նոր Յառաջ» - Ձեր մէջ ինչպէ՞ս ծագած է բառարաններու նկատմամբ այդքան մեծ սէրը եւ հետաքրքրութիւնը։
Սէրուժ Ուրիշեան - Բառապաշարս հարստացնելու համար նկատեցի որ բառարաններու պէտք ունիմ։ Բնականաբար խօսքը ելեկտրոնային բառարաններուն կը վերաբերի, քանի միւս լեզուները այդ ձեւը կ՚օգտագործեն։ 2004-ին սկսայ այդ գործով զբաղիլ։ Նախ ինծի համար, բայց յետոյ մտածեցի, թէ կարելի է տարածել այդ աշխատանքը, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ օգտուիլ անկէ։ Մեծածաւալ բառարանները ընտրեցի՝ կատարեալ գործի հեռանկարով։

«ՆՅ» - Առաջին անգամ ո՞ր բառարանը տեղադրեցիք կայքէջի վրայ։
Ս.Ու. - Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի բառարանով սկսայ եւ գրեթէ վեց տարի միակն էր կայքի վրայ՝ վրան փոքրիկ ուղղագրիչով մը։ Առաջին անձը որ հետս կապ հաստատեց Ֆրանսայէն Ֆիլիփ Փիլիպոսեանն էր։ Յետոյ 2008-ին մտադրեցի անվճար ուղղագրիչ մը ստեղծել հիմնականին մէջ «Firefox» եւ «OpenOffice» համակարգերուն համար։ Այն ատեն ալ ֆիզիկոս, մաթեմաթիկոս եւ ծրագրաւորող Հարօ Մհերեանը կապուեցաւ հետս, ըսելով, թէ զինք ալ կը հետաքրքրէ այդ աշխատանքը եւ համագործակցութեան առաջարկ ներկայացուց։ Այնուհետեւ տուեալներու փոխանակում ըրինք եւ այսպէսով աշխատանքը ծաւալեցաւ։ 2010-ին «Նայիրի»-ի առաջին տարբերակը հրապարակեցինք՝ անցնելով զանազան փուլերէ։ Բառարաններու բառապաշարը ընդարձակուելով աւելի ամբողջական դարձաւ, անշուշտ միշտ թարմացուած տարբերակով։

«ՆՅ» - Ընդհանրապէս բառարան մը կայքէջի վրայ տեղադրելը որքա՞ն ժամանակ կը պահանջէ։
Ս.Ու. - Կռանեանի բառարանի պարագային այդ ամբողջ համակարգը՝ թուայնացնելը եւ բուն կաղապարը ստեղծելը, շուրջ մէկ տարի տեւեց։ Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան (www.hamazkayin.com) հովանաւորութեամբ առաջին տարին Մեսրոպ Կ. Գույումճեանի (մօտ 1000 էջնոց) անգլերէն-հայերէն ընդարձակ բառարանը թուայնացուցինք, իսկ երկրորդ տարին դարձեալ Գույումճեանի այս անգամ հայերէն-անգլերէն բառարանը կայքէջի վրայ տեղադրեցինք։ Միաժամանակ Ֆրանսայի «Մաշտոց» (www.dictionnaires-machtotz.org) բառարաններու կաճառը հրատարակիչէն արտօնութիւն առաւ եւ մենք կրցանք Գրիգոր Շահինեանի հայերէն-ֆրանսերէն գործնական բառարանն ալ թուայնացնել։ Յետոյ մտածեցի փոխանակ տառ առ տառ թուայնացնելու՝ մարդոց 95 առ հարիւրին սպասումներուն գոհացում տալ պատկերահանուած բառարաններու միջոցաւ։ Այս գործողութիւնը քանի մը ամիս տեւեց եւ այդ համակարգով աշխատելով կարճ ժամանակուան ընթացքին 5 բառարանէն հասանք 102 բառարանի։ Այսօր «Նայիրի»-ի կայքին վրայ 102 բառարան կայ՝ մօտաւորապէս 100 հազար էջերով։

«ՆՅ» - Այսօր բոլոր բառարանները կայքի վրայ տեղադրուա՞ծ են։
Ս.Ու. - Գրեթէ կարեւոր բոլոր բառարանները հոն են։ Կը պակսին որոշ գրաբարեան, երկլեզու եւ մասնագիտական բառարանները։ Ընդհանուր առմամբ կ՚ենթադրեմ հայերէնի շուրջ 750 բառարան գոյութիւն ունեցած է՝ տարբեր չափերու եւ տարբեր նպատակներու համար, ներառեալ՝ հանրագիտարանը։ Հայաստանի մէջ շատ մասնագիտական բառարաններ տպուած են զանազան թեմաներու շուրջ՝ փիլիսոփայական, մաթեմաթիկական, հայերէնագիտական, լեզուաբանական եւ այլն։ Բայց այդ 750-ին մէկ երրորդը կարեւոր բառարաններ են, որոնք ունին իրենց ընթերցողները։

«ՆՅ» - Ո՞ր կազմակերպութիւնները ձեր աշխատանքին նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերեցին։
Ս.Ու. - Սկիզբը պատկերահանուած բառարանները Համազգայինի աջակցութեամբ տեղադրուեցան։ Իսկ վերջին երեք տարիներուն Կիւլպէնկեան հիմնարկը մօտաւորապէս 50 բառարանի տեղադրման ծախսերը հովանաւորեց։

«ՆՅ» - Ներկայիս կրկին բառարաններու վրայ կ՚աշխատի՞ք։
Ս.Ու. - Այսօր ուղղագրիչները հանրամատչելի, անվճար դարձնելու ծրագրեր մշակած ենք։ Այսինքն առանց դրամ ներմուծելու կարելի է քոտերը բանալ։ Այդ ըրած ենք նաեւ ապագայի հեռանկարով, որպէսզի գալիք սերունդները կարենան դիւրութեամբ համակարգերը յարմարցնել յետագայի համակարգչային հարթակներուն։ Ըսեմ, թէ այս ծրագրերուն միջուկը կարելի է նորէն գործածել, օրինակ՝ խաղեր կազմելու, լեզուաբանական հետազօտութիւն ընելու եւ այլն։

«ՆՅ» - Հիմա ո՞ր ծրագրերը պատրաստ են։
Ս.Ու. - Սա պահուս ուղղագրիչը արդէն անվճար հասանելի է «Firefox»-ի, «OpenOffice»-ի, Email-ի եւ «Microsoft»-ի՝ «Word»-ը եւ «Outlook»-ը, միա՛յն «Windows» համակարգին համար։ Ընթացիկ տարուան մէջ կ՚ուզենք թողարկել «Google Chrome»-ի համար հայերէնի ուղղագրիչը։ Ի դէպ ուղղագրիչը երկու տարբերակ ունի. երբ կ՚ուզենք ներբեռնել կամ տեղադրել պէտք է ուղղագրութեան եւ լեզուի ընտրութիւնը կատարենք՝ դասական թէ աբեղեանական, արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն։ Յառաջիկայ տարուան համար կը նախատեսենք «I-phone»-ներու եւ «I-pad»-ներու համար ուղղագրիչ պատրաստել։ Միաժամանակ «Android» համակարգին համար ալ ուղղագրիչը յարմարցնելու ծրագիր ունինք։ Կայ նաեւ արեւմտահայերէնի «texte opus»-ի ծրագիրը։
Գրեթէ բոլոր կարեւոր համակարգերը եւ հեռաձայներու 99 տոկոսը հասանելի են։

«ՆՅ» - Ուղղագրիչը բացի ուղղագրութենէն արդեօք քերականական սրբագրութիւններ ալ կ՚ընէ՞։
Ս.Ու. - Ո՛չ ամբողջական ձեւով։ Օրինակ՝ հոլովումի սխալները կը սրբագրէ։

«ՆՅ» - Հայաստանեան կարգ մը համակարգեր ալ նմանատիպ ծրագրերու վրայ կ՚աշխատին։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք երեւոյթը։
Ս.Ու. - Բարեբախտաբար «Digilib»-ը՝ որ Ամերիկեան համալսարանի ընկերակցութիւն մըն է, թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ գրաբարեան որոշ բնագրեր թուայնացուցած է եւ մենք անվճար կրնանք օգտագործել զանոնք, ինչ որ դրական երեւոյթ մըն է։


«Նոր Յառաջ», 27 Յուլիս 2017

2 comments:

  1. I use the Nayiri dictionary site almost every day. Thank you Serouj Ourishian for this wonderful and much useful site.

    ReplyDelete
  2. Անչափ շնորհակալ8յուններս այս Բառահրաշքի՛ ստեղծման համար։
    Հարգանքներով՝ Վանեցի

    ReplyDelete