26.7.17

Սեւան Նշանեանէն նոր բացատրութիւններ. “Զգացուցին, որ պիտի շարունակեն հոգիս ցաւցնել”

Անցեալ շաբաթ բանտէն փախած պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան թրքական եւ հայկական զանազան լրասփիւռներու հետ զրոյցներուն՝ նոր բացատրութիւններ կու տայ բանտային պայմաններուն, փախուստի դրդապատճառներուն մասին:
Այսպէս, «Ակօս»-ի հետ զրոյցին՝ Նշանեան սապէս բացատրած է իր փախուստին պատճառները. «Մէկ-երկու տարի բանտը պառկիլը աչքի առած էի։ Երեք ու կէս տարի արգելափակումը քիչ մը յոգնեցուց։ Դեռ կը մնար երեք տարի եւ պարզ դարձաւ, որ անկէ ետք ալ զիս ազատ արձակելու նպատակ չունին»։
Ի տարբերութիւն լրասփիւռներու նախապէս հաղորդած աւելի շփոթ լուրերուն, այս անգամ «Ակօս» յստակ կերպով կը յայտարարէ, թէ մտաւորականը արտասահման մեկնած է, բայց քանի մը տող անդին ալ կը գրէ. «Թուրքիա՞ կը գտնուի, թէ արտասահման հարցումին՝ Նշանեան պատասխանեց. “Ո՛ւր եմ՝ ես ալ չեմ գիտեր” ու արտասահման իր մեկնումին առնչութեամբ ըսաւ. “Տարոսը բոլոր չարչարեալներուն”»։
Պետութեան կողմէ իր փախուստի գնահատականին մասին հարցումին պատասխանելով՝ լեզուաբան մտաւորականը ըսած է. «Շիրինճէի մէջ իմ տարած պայքարը ընկալուեցաւ որպէս “պետութեան ընդդիմացում” Այդ պատճառով ալ “պետութիւն” կոչեցեալ դիւանակալական սակաւապետութեան անվերջ ոխին եւ ատելութեան առարկայ դարձայ։ Յաւելեալ՝ երբ մահմետական որոշ զգայուն լարերու դպչելու հարց ծագեցաւ, այդ կողմի ղեկավարները որոշեցին զիս “կախաղան բարձրացնել”։ Շինարարութեան վերաբերող դատերը գործին ծածկոյթն են միայն։ Իսլամը նախատելու պատճառով դատապարտուեցայ։ Բայց քանի որ ատիկա այնքան ալ նպատակայարմար չէր զիս բանտարկելու որպէս դրդապատճառ, կուտ ու կորկոտ չունեցող պատրուակներով՝ թղթածրարներ սարքեցին դէմս»։ Նշանեան աւելցուցած է. «Կարծեմ՝ ուզեցին, որ երթամ։ Ինծի զգացուցին, որ պիտի շարունակեն հոգիս ցաւցնել։ Ասիկա թրքական պետութեան դասական քաղաքականութիւնն է։ Հարիւր տարի է չէ փոխուած։ Ահաբեկէ՝ որ փախին։ Անշուշտ, որ կը փորձես դիմադրել. բայց մինչեւ ո՞ւր»։
Նշանեանի փաստաբաններէն Կիւլչին Աւշար ալ «Ակօս»-ին տուած է հետեւեալ բացատրութիւնները. «Ապրածները, երկար ժամանակ բանտը մնալը եւ արդարադատութեան կողմէ անիրաւուած ըլլալու զգացումը —որքան որ գիտենք՝ ան միակն էր, որ բանտարկուած էր նման յանցանքի մը համար,— զինք այս քայլին առաջնորդած կրնան ըլլալ։ Երբ կը մտածէք, որ Սեւան տասնամեակներով զբաղեցաւ, որպէսզի Շիրինճէ ունենայ շինարարական կարգին ծրագիր մը…։ Ոչ միայն այդտեղի պատմական կառոյցին վնաս չհասցուց ան, այլեւ ընդհակառակն՝ կրնանք ըսել, որ այդ գիւղը վերածեց զբօսաշրջական հրաշալիքի մը։ Չեմ գիտեր, սակայն, թէ բանտէն ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ փախած է։ Բայց կ՚ենթադրեմ, թէ ուզած ըլլալու է ազատութիւնը վերագտնելով՝ շարունակել իր գրական աշխատանքները»։

«ԲԱՆՏԱՊԱՏՈՒՄ»

Միւս կողմէ, Նշանեան իր կայքագրին (blog) մէջ Հինգշաբթի, Յուլիս 20-ին զետեղած է գրութիւն մը, ուր «Բանտապատում» խորագրին տակ կը հիւսէ իր արգելափակման երեք ու կէս տարիներու պատումը:
Կը գրէ. «2014 Յունուար 2-ին մտայ Թորպալըի բաց դրութեամբ բանտը։ Այդպիսի բանտեր համեմատաբար հանգիստ են, սակայն ատոր փոխարէն ստիպուած ես կողք-կողքի ապրիլ սահմռկեցուցիչ կրթութեան մակարդակով եւ բարոյական արժէքներով քանի հարիւր մարդու հետ։ Ստիպուած ես հանդուրժել գրեթէ անոնց մակարդակին գտնուող ղեկավար կազմի վիրաւորանքներուն եւ ստորացումներուն»։
Այնուհետև մտաւորականը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իր կենցաղը անախորժ էր բանտի ղեկավարութեան համար եւ ամիս մը ետք ան փոխադրուեցաւ փակ դրութեամբ բանտ: Հոն՝ Պուճայի փակ բանտին մէջ ծանօթ մտաւորականը 40 հոգիի համար նախատեսուած բանտախուցը կը բաժնէր 120 բանտարկեալի հետ: Այնուհետեւ կը տեղափոխուի Շաքրանի փակ բանտը, ուր ամիս մը կը մնայ զանգուածային սպանդի պատճառով 56 տարի բանտարկութեան դատապարտուած տիգրանակերտցի կալուածատիրոջ մը եւ անոր մեղսակիցին հետ նոյն բանտախուցին մէջ:
2014 Յուլիսին Նշանեանը կը փոխադրեն Այտընի Ենիփազար փակ բանտը: Հոն, ան կ՚ունենայ ազատ բանտախուց եւ շաբաթը 5 օր, 6-ական ժամ համակարգիչէ եւ համացանցէ օգտուելու կարելիութիւն: Այդպէս, 14 ամիս այդ պայմաններուն մէջ կ՚աշխատի իր հեղինակած բառարանին վրայ, կ՚ուսումնասիրէ թրքերէն եւ օսմաներէն հարիւրաւոր աղբիւրներ: Այդ ընթացքին իր դէմ յարուցուած դատերը կը շարունակուին եւ իրեն տրուած պատիժը կ՚աւելնայ՝ նախ հասնելով 11, ապա՝ 17 տարուան:
2015 Օգոստոսին բաց դրութեամբ Սէօքէի բանտը կը տեղափոխուի: Սեպտեմբերին եւ Դեկտեմբերին երկու անգամ արձակուրդ ի իրաւունք կը ստանայ: «Առաջինին, “Նոքթա” հանդէսէն հարցազրոյցի եկան։ Հրատարակեցին այնպիսի նկարով մը, ուր կը ստացուէր այն տպաւորութիւնը, թէ մեր յարգելի ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարութեան ձեռքի տգեղ նշան կ՚ընեմ: Իսկ երկրորդ արձակուրդը կը զուգադիպէր տարեդարձիս։ Որոշեցի ընկերներու, բարեկամներու հետ խնճոյք կազմակերպել։ Չեմ գիտեր ուրկէ՞ պորտախաղի պարուհի մը յայտնուեցաւ, նաեւ՝ լրագրող մը, որ նոյնպէս չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ հոն կը գտնուէր. անմիջապէս լուսանկարեց մեզ։ Եւ չեմ հասկցած ինչո՞ւ, այս ոչնչութիւնը մեծցուց եւ իր թերթին մէկ անկիւնը հրապարակեց այդ նկարը», կը պատմէ Նշանեան:
Ատկէ քանի մը շաբաթ ետք բանտին մէջ Նշանեանը «կը բռնեն» համակարգիչ գործածելու ընթացքին եւ կը խզեն համացանցային կապը: Ապա, ան կրկին կը տեղափոխուի փակ բանտ ու կ՚ենթարկուի կարգապահական բազմաթիւ եւ շատ խիստ պատիժներու:
2016 Մարտին կը տեղափոխուի Մենեմէնի փակ բանտ, ուր անհաւատալիօրէն խճողուած բանտախուցերու մէջ՝ սինլքորներու հետ կենակցելու կը պարտադրուի: Շատ դժուար օրեր կ՚ապրի: Նամակներու տեսքով գիրք մը կը գրէ իր փոքր աղջկան՝ Անահիտին, եւ ա՛յդ է, որ զինք կը փրկէ ընկճախտէն, որու մէջ մխրճուած էր:
2017 Փետրուարին տեղի ունեցած օրէնքի փոփոխութիւններուն շնորհիւ, Մարտ 25-ին հայ մտաւորականը կը տեղափոխուի Ֆոչայի բաց բանտ: «Նախկիններուն հետ համեմատած՝ հոն շատ հանգիստ ու յարմարաւէտ էր։ Ինծի շատ նեղութիւն չէին տար։ Ես ալ, ի հարկէ, կ՚օգտուէի առիթէն։ Նոյնիսկ ազատօրէն տեղափոխուելու համար հեծանիւ ձեռք ձգեցի եւ դարձայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ հեծանիւով առաջին դատապարտեալը», կը պատմէ ան:
Ի վերջոյ, Նշանեանի համբերութիւնը կը սպառի: Ան կը հասկնայ, որ ոչ ոք տրամադրութիւն ունի զինք ազատ արձակելու: Աւելի՛ն, տարիներ առաջ հեռատեսիլի յայտագրերէ իր այս կամ այն արտայայտութեան համար դեռ նորանոր դատեր կը յարուցուին եւ պատիժը հետզեհետէ կ՚աւելնայ:
«Իրականութեան մէջ, երկու տարի առաջ արդէն յստակ էր, որ ատոր վերջը այսպէս պիտի ըլլայ։ 2015 Դեկտեմբերին ես արդէն պատրաստ էի փախելու։ Բայց ընկերներս թելադրեցին քիչ մը եւս սպասել, համբերատար ըլլալ, լաւ պատրաստուիլ… Մինչդեռ, այդ ամէնը զուր էր։ Իրականութեան մէջ, եթէ կ՚ուզես առնել որեւէ կտրուկ քայլ՝ երբեք ականջ պիտի չկախես իմաստուն մարդոց խորհուրդներուն։ Նման քայլ առնելու համար պէտք է խենթ ըլլալ, չմտածել սկիզբին ու աւարտին մասին», կը գրէ Նշանեան:
Վերջաւորութեան մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր հեռու-մօտիկ, ծանօթ ու անծանօթ անձերուն, որոնք այս կամ այն ձեւով զօրակցեցան իրեն՝ բանտարկութեան ամբողջ ընթացքին եւ փախուստի ժամանակ։

«Նոր Յառաջ», 25 Յուլիս 2017

No comments:

Post a Comment