ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Որ եւ թէ ստորադասական մեկնական շաղկապներ
1. Ասոնք հայերէնի ամէնէն աւելի օգտագործուող ստորադասական շաղկապներն
են. գրեթէ կարելի չէ խօսք կազմել առանց ասոնցմէ մէկին կամ միւսին անխուսափելի
գործածութեան: Իսկ այս գործածութիւնը ունի իր օրէնքները, որոնք հետզհետէ աւելի կ’անտեսուին
նոր,-- եւ ոչ միայն նոր,-- սերունդներուն կողմէ:
Ճիշդ է, որ յաճախ ասոնք կը
շփոթուին, եւ դժուար է վճռել, թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը պէտք է նախընտրել, այսուհանդերձ
ժամանակին հետ ասոնք ստացած են կիրառական ու
նրբերանգային զգալի տարբերութիւններ եւս
, որոնց գոնէ մէկ քանիին կ’արժէ տեղեակ ըլլալ:
Նիւթը աւելի լայն ու խոր ըմբռնելու եւ մանաւանդ իւրացնելու համար պէտք է շատ եւ ուշադիր ընթերցում կատարել
ընտիր հեղինակներէ:
2. Արդի
հայերէնի մէջ որ եւ թէ շաղկապներուն
հիմնական տարբերութիւնը ա՛յն է, որ որ շաղկապը կը յատկացուի այնպիսի նախադասութիւններու, որոնց տուած տեղեկութիւնը
հաւաստի, ստոյգ, անվիճելի է, մինչ թէ շաղկապը կը յատկացուի
այնպիսիներուն, որոնց տուած տեղեկութիւնը ուրիշէն կը ստացուի, ոչ-հաւաստի, ենթադրելի, երկբայական կամ
տարակուսելի է կամ այդպէս կը թուի. արդէն թէ-ական
ածականն ալ,-- որ կը նշանակէ ոչ-հաւաստի, երկբայական, վիճելի,-- հիմնուած է այս վերջին
կիրարկութեան վրայ:
Օրինակներ որ-ով՝
- Տնօրէնը յայտարարեց, որ
դասը յետաձգուած է:
- Պանդուխտը գրած էր, որ շուտով կը վերադառնայ:
- Տանտէրը հրաւիրեց օտարականը,
որ իր տան մէջ գիշերէ:
- Խորապէս կը հաւատանք, որ կացութիւնը պիտի
բարելաւուի:
- Չեն թելադրեր, որ կապ հաստատեմ իրենց հետ:
Ասոնք բոլորը կ’ակնարկեն հաստատ ու հաւաստի կամ խօսողին կողմէ իբր այդպիսին ընկալուած իրողութեանց, այս պատճառով ալ անպատեհ պիտի ըլլար,
օրինակ, ըսել՝ «Չեն ուզեր, թէ կապ հաստատեմ իրենց հետ»,-- քանի որ ամէն ինչ
յստակ ու որոշ է:
Ըստ այնմ հակասական են, ուրեմն՝ մերժելի, հետեւեալները.
« Դուն գիտես, Տէ՛ր, թէ
ես մեռած եմ արդէն...
«Ու ես գիտեմ, թէ երկնքիդ
խորէն գոց...»(Մ.Իշխան, « Մահացում»):
Գիտնալ բային հետ թէ շաղկապը
համատեղելի չէ: Երբ բան մը գիտեմ, ալ ի՞նչ
թէականութիւն կը մնայ:
Առաւել եւս՝ համոզուած-ին. «Համոզուած ենք մինեւ այսօր, թէ Դուրեան սրբազանին խիղճը երբեք չէր թոյլատրեր...»
(Քասիմ, «Օրուան մտածումներ», էջ 87):
Օրինակներ թէ-ով՝
- Կ’ըսեն, թէ այստեղ անցեալին արջեր ապրած են:
- Լուրեր կը շրջին, թէ ոճիր գործած
է:
Ըսողները ուրիշներ են, կա՛մ
ճիշդ է, կա՛մ ճիշդ չէ:
- Կը պատմուի, թէ ատենօք հսկաներ գոյութիւն ունէին:
Հին ու անստոյգ զրոյց մըն
է, և պատմողները ուրիշներ են...:
- Կը թուի,
թէ շատ գոհ չմնաց այս կարգադրութենէն:
Ստոյգ չէ. կը թուի միայն:
- Կը կարծէ, թէ շատ դիւրաւ
պիտի ընդունուի:
- Այն կարծիքին է, թէ պիտի ընդունուի:
Կարծիք մըն է. կա՛մ կ’ընդունուի,
կա՛մ չ’ընդունուիր:
- Բժիշկը կ’ենթադրէ, թէ ջերմութիւնը կրնայ վերադառնալ:
Կրնայ վերադառնալ կամ չվերադառնալ:
-
Բոլորս ալ կը յուսայինք, թէ ան պիտի յաջողի:
Վերջին նախադասութենէն զօրութեամբ կ’իմացուի, որ
խնդրոյ առարկայ անձը չէ յաջողած: Եթէ յաջողած ըլլար, ապա նախադասութիւնը պիտի ստանար
հետեւեալ կառոյցը. « Բոլորս ալ կը յուսայինք, որ ան պիտի յաջողի» (ինչպէս որ
իրապէս ալ յաջողած է):
Ըստ այսմ ալ՝ բացառուած չէ,
որ ունենանք սապիսի տարբերակներ.
- Ուսուցիչդ
կ’ըսէ, որ շատ պարտաճանաչ ես:
- Ուսուցիչդ կ’ըսէ, թէ շատ պարտաճանաչ ես:
Առաջին տեղեկագրողը լիովին
իւրացուցած է ուսուցիչին վկայութիւնը, երկրորդը որոշ վերապահութիւն ունի անոր հանդէպ: Եւ խօսողը այս զանազանութիւնը գիտակցաբար չի կատարեր,
այլ բոլորովին բնական հակումով թարգմանելով
իր ներաշխարհը:
Գլխաւոր նախադասութեան նոյն
բային հետ շաղկապի ընտրութեան վրայ կրնայ ազդել
բային դէմքը եւս. օրինակ՝
- Ես կ’ենթադրեմ, որ ձեր
զաւակը պիտի յաջողի:
- Ան կ’ենթադրէ, թէ
ձեր զաւակը պիտի յաջողի:
Այստեղ կը գործէ անձնական
եսը. ենթական՝ առաջինը, իր ենթադրութեան աւելի
մեծ հաւաստիք կը վերագրէ, քան այն միւսին՝
երկրորդը, որ իրը չէ:
3. Ուրեմն
հոն, ուր խօսողը կամ գրողը համոզուած է ըսածին,
ստոյգ գիտէ կամ կը կարծէ գիտնալ, ապա կը կիրարկէ
որ շաղկապը, իսկ հոն ուր ստոյգ չի գիտեր, այլ կը շփոթի, տատանումներ ունի, ապա կը կիրարկէ թէ
շաղկապը:
Բանաւոր խօսքի մէջ ասոնք զանազանելը միշտ
ալ դիւրին չէ, սակայն անհամեմատօրէն դիւրին
է գրաւոր խօսքին մէջ, ուր կարելի է աւելի ուշադիր ըլլալ: Իսկ գրաւոր խօսքի մէջ ձեռք
բերուած հմտութիւնը իր կարգին կը նպաստէ բանաւոր խօսքի ազնուացումին:
*
*
*
Ստորեւ աւելի մօտէն տեսնենք
այս շաղկապներուն կիրառական բաշխումը արդի հայերէնի մէջ:
4. Գրեթէ միայն որ կը կիրարկուի՝
ա) Երբ գլխաւոր նախադասութեան ստորոգիչը աղաչել, ըղձալ, թելադրել, խնդրել, հարկադրել, հրամայել, մաղթել, յանձնարարել, ուզել, պահանջել, պատուիրել, պաղատիլ, պարտադրել, ստիպել, ցանկալ բայերէն մէկն է, ինչպէս նաեւ հետեւեալ բաղադրեալ բայերէն մէկը՝ ակնկալելի է, անհրաժեշտ է, հարկաւոր է, ընդունելի է, մաղթելի է, ցանկալի է, փափաքելի է եւ այլն. ասոնք կ’արտայայտեն գլխաւոր նախադասութեան ենթակային կամ խօսողին հաստատ կամքն ու ցանկութիւնը եւ իբր այդպիսին՝ չեն կրնար թէական ըլլալ: Այս պարագային ստորադաս նախադասութեան բայը կը դրուի ըղձական եղանակ. օրինակ՝
- Կը թելադրեմ, որ հրաժարիս այս պահանջէդ:
- Մաղթենք, որ օր առաջ վերադառնայ հարազատներուն:
- Պատուիրեցին, որ փոխնորդ մը ունենամ հետս:
- Պարտադրեցին,
որ ստանձնեմ գիշերային հերթը:
- Ցանկալի է, որ արձակուրդդ յետաձգես ամիսով
մը:
- Անհրաժեշտ է, որ քեզ փոխարինող մը գտնես:
- Ընդունելի չէ, որ միշտ անոնք վճարեն:
Բերուած օրինակները կարելի
չէ պատկերացնել թէ ստորադասական շաղկապով՝
որ-ի փոխարէն:
բ) Երբ գլխաւոր նախադասութեան ստորոգիչը բացայայտել, բացատրել, գիտնալ, զգալ, եզրակացնել,
իմանալ, լսել, համոզուիլ, հասկնալ, հաստատել, հաւատալ, հպարտանալ,
նկատել, տեսնել եւ այս կարգի բայ
մըն է, քանի ասոնց իմաստը չի կրնար անստոյգ,
անիրական, անորոշ ըլլալ ենթակային համար. օրինակ՝
- Ես լաւ գիտեմ,
որ այս փորձը ձախողութեամբ պիտի աւարտի:
- Հիմա ալ
կը հպարտանամ, որ անմնացորդ կը սիրէ զիս:
- Ու հաւատա՛,
կրանիտեայ ո՛վ աստուած, որ կը հասնինք կատարիդ:
Որ կը կիրարկուի նաեւ լաւ է, ճիշդ է, յայտնի է, բացայայտ է, որոշ է, ստոյգ է, ցաւալի է եւ նման բաղադրեալ բայերուն հետ, որոնց իմաստին հետ հաշտ է ենթական
եւ իւրացուցած է զանոնք, ուստի չի կրնար թէ-ով կազմել իր խօսքը. օրինակ՝
- Լաւ է,
որ դէպքերը այս ընթացքը ունեցան:
- Ճիշդ է,
որ ես չգիտցայ զինք գնահատել:
- Յայտնի
է, որ պիտի ի վերջոյ ընդունի մեր առաջարկը:
- Ցաւալի
է, որ կը շարունակէ յամառիլ:
գ) Երբ գլխաւոր նախադասութիւնը
կը բովանդակէ այնպիսի, այնպէս, այնչափ, այնքան, այն աստիճան յարաբերեալներէն մէկը. օրինակ՝
- Իրեն այնպիսի
դաս մը տամ, որ ամբողջ կեանքը յիշէ:
- Այնպէս
մը դաստիարակէ զիրենք, որ այլեւս չշեղին
բնաւ:
- Այն աստիճան
թախանձեց, որ ստիպուցանք զիջիլ:
Ծանօթ.--
Արեւելահայերէնի եւ կարգ մը օտար լեզուներո ազդեցութեան բերումով հետզհետէ արեւմտահայերէն
կը թափանցեն անոր համար, այն բանի համար, այն
նպատակով, այն պայմանով, այն պատճառով յարաբերեալները, որոնց նմանապէս որ շաղկապը կը յաջորդէ ստորադաս նախադասութեան մէջ: Ասոնք արեւմտահայերէնին համար էապէս խորթ կառոյցներ են: Օրինակ՝
***Զինք ամբաստանեցին
անոր համար, որ իրենց օձիքը ազատեն:
***Զինք ամբաստանեցին,
որպէսզի իրենց օձիքը ազատեցին:
5. Գրեթէ միայն թէ կը կիրարկուի՝
ա) Երբ գործողութիւն մը, որոշում մը,
կարգադրութիւն մը ուրիշին կը վերագրուի կամ, ինչպէս կ’ըսենք, «ուրիշին բերնով» կը ներկայացուի.
այս պարագային հակում ունինք կիրարկելու թէ
շաղկապը՝ անկախ բայիմաստէն, քանի որ մեր սեփական միտքերը կամ տեսակէտը չէ որ կը մէջբերենք,
ուստի բոլորովին հաւաստի կամ ստոյգ չեն անոնք մեզի համար. օրինակ՝
-
Տիկինը ներողութիւն խնդրեց՝ առարկելով,
թէ շատ զբաղած է:
-
Անակնկալօրէն իմացած է , թէ զինք պիտի չհրաւիրեն հանդէսի:
-
Ընդհանուր կարծիքը այն է, թէ ազնիւ մարդիկ են:
-
Գաղթականները կը պնդէին, թէ իրենք ողորմութիւն չեն խնդրեր:
-
Տիրող տպաւորութիւնը այն է, թէ
պատերազմը աւարտին կը մօտենայ:
Նման պարագաներու եւս շեղումներ կրնան պատահիլ, նայած թէ խօսողը որքա՛նով
կը բաժնէ այդ՝ ուրիշին վերագրուած միտքը կամ կարծիքը. այսպէս՝ վերջին օրինակի տեղեկագրողը,
իր կողմէ այնքան ալ յուսալի չի գտներ պատերազմի
աւարտին վերաբերող տեղեկութիւնը: Սակայն բացառուած չէ, որ ան ըսէ՝ «Տիրող տպաւորութիւնը
այն է, որ պատերազմը աւարտին կը մօտենայ»,-- եւ այս պարագային արդէն զգալի է,
որ խօսողը իր կարգին համակուած է նման տպաւորութեամբ մը, ձեւով մը համակարծիք է այդպէս
մտածողներուն, եւ այս տպաւորութիւնը մեքենականօրէն կը փոխէ շաղկապի ընտրութիւնը՝ թէ-ի
փոխարէն որ:
Ծանօթ.--Մեր լեզուն թէականութիւն, վերապահութիւն, ընդհուպ մինչեւ անհաւանականութիւն արտայայտելու ուրիշ միջոցներ եւս ունի. բաղդատել՝
-
Կ’ըսեն, թէ անցեալին արջեր կ’ապրէին այստեղ:
-
Անցեալին արջեր ապրած կ’ըլլան այստեղ:
-
Անցեալին արջեր կ’ապրին եղեր այստեղ:
-
Անցեալին իբրեւ թէ արջեր կ’ապրէին
այստեղ:
բ)
Երբ ստորադաս նախադասութեան մէջ կայ հարցական բառ մը՝ ո՞վ,
ի՞նչ, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, ո՞ւր, ե՞րբ, քանի՞...այս
պարագային թէ շաղկապին կիրարկութիւնը պարտադիր է. օրինակ՝
- Կարելի չեղաւ հաստատել, թէ ո՛վ էր պարագլուխը:
- Իրեն բացատրէ՛, թէ ի՛նչ կ’ուզես:
- Հոտ հասկցայ, թէ ի՛նչ յենարանի վրայ կը բարձրանայ
մեր վարկը:
- Եւ աշխարհին չյայտնեմ, թէ քեզ ինչպէ՛ս
սիրեցի:
- Չկրցայ ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ լացած էր մեր
առջեւ:
- Հասկցած եմ նաեւ, թէ ինչո՛ւ չկրցաւ խօսիլ:
- Ոչ ոք գիտցաւ, թէ զինքը որքա՛ն սիրեցի:
- Ոչ ոք անդրադարձաւ, թէ ո՛ւր անհետացաւ վարժապետը:
- Չի գիտեր,
թէ ո՛ւր կ’երթայ:
- Ամէն հայ քաջ կը սպասէր, թէ ե՛րբ պիտի նետուի ռումբը:
- Անհամբեր կը սպասէինք, թէ ե՛րբ պիտի ելլէ
կոյրը:
- Պէտք է ճշդէք, թէ քանի՛ հատ կ’ուզէք:
- Ու գիտե՞ս, գիտե՞ս, թէ կան մեր դիմաց...
Քանի՜
ուղիներ մթին ու խարդախ:
Այս պարագային հարցական բառերուն
պարոյկը կը վերածուի շեշտի, որովհետեւ ասոնք անուղղակի հարցումներ են: Այս նոյն
նախադասութիւններէն ոմանք կարելի է գրել շրջուած
շարադասութեամբ՝ պահելով շեշտը, ինչ որ ունի
ոճական բաւական կարեւոր նշանակութիւն մը, քանի
նախադաս հարցական ստորադաս նախադասութիւնը շատ աւելի կը շեշտէ հարցումին տարողութիւնը՝ յատուկ լուսարձակի տակ առնելով զայն..
օրինակ՝
- Թէ ո՛վ էր պարագլուխը, կարելի չեղաւ հաստատել:
- Թէ ի՛նչ կ’ուզես, բացատրէ՛ իրեն:
- Թէ ո՛ւր անհետացաւ վարժապետը, ոչ ոք անդրադարձաւ:
- Թէ ի՛նչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովէն...:
Նաեւ՝
- Թէ ջլապինդ մշակն ինչպէ՛ս կը փարի
իր չոր մաճին, կը պատռէ
լանջն հողերուն...:
Թէ շիկագոյն ցորեանն ինչպէ՛ս կալին մէջ
կը բրգանայ,
եւ աղօրիք կը մռնչեն...(Դ.Վարուժան):
- Թէ
ինչպէ՛ս անցան այդ հինգ-վեց օրերը...(ԱԾ):
- Թէ
ինչպէ՛ս Օննիկը կրնար ինձմէ առաջ գիտցած ըլլալ...(Ա. Ծառուկեան):
Կրնայ պատահիլ, որ այս վերջին
պարագային ջնջուի թէ շաղկապը. օրինակ՝
«[Թէ] Ո՛վ է, ի՛նչ է.-- չես գիտեր»: «[Թէ] Ի՞նչ կը փնտռէ այստեղերը,-- ի՛նք ալ չի գիտեր»:
Թէ կը կիրարկենք նաեւ,
երբ ստորադաս նախադասութիւնը այլապէս հարցական երանգ ունի. օրինակ՝
« Կը դժուարանամ ճշդել,
թէ մեր հողերը գերուա՞ծ են» (Բ.Թաշեան):
«Կը խորհիմ, թէ աւելի լաւ
չէ՞ ամերիկացի ծնիլ» (Լալա Միսկարեան, «Սուրիահայ
օրագիր»):
« Եւ կը մտածէի, թէ պիտի գոհանա՞ր այս համեստ պայմաններով»:
Գլխաւոր նախադասութեան բային
երանգը իր կարգին կրնայ թելադրել թէ շաղկապը. օրինակ՝
- Դուն վստահ
ես, որ ան այլեւս պիտի չվերադառնայ:
- Դուն վստա՞հ
ես, թէ ան այլեւս պիտի չվերադառնայ:
«Ի՜նչ փոյթ»-ին լրացումը ընդհանրապէս
թէ-ով կը սկսի.
- Ի՛նչ փոյթ թէ ես ազնուական կը
թուիմ,
Ունիմ ձեռքեր քնքշենի,
Եւ ի՛նչ փոյթ թէ դուն աղջիպ մ’ես ջլեբաց,
Որ բանուորներ կ’ընդունի...(ԴՎ):
- Ինծի ի՛նչ փոյթ, թէ շրթունքներդ են
խածեր
Նաւաստիները կոպիտ...(ԴՎ):
Այս բոլոր կիրարկութեանց հասարակաց
գիծը ա՛յն է, որ հարցական նախադասութիւնը ինքնին անորոշութիւն,
անստուգութիւն, թէականութիւն կ’ենթադրէ, այս պատճառով ալ ան կը սկսի թէ
շաղկապով:
Երբ հարցական բառ բովանդակող մէկէ
աւելի համադաս նախադասութիւններ կը յաջորդեն նոյն գլխաւոր նախադասութեան, հարկ չկայ
թէ շաղկապը ամէն անգամ կրկնելու. այսպիսիները
կը կոչուին համաստորադասական բարդ նախադասութիւն.
օրինակ. «Պապուկը կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս օձը խաբեց Եւան, որ խնձոր ուտէ, ինչպէ՛ս Կայէնը սպանեց իր Աբէլ եղբայրը, ինչպէ՛ս
Աբրահամը կ’ուզէր զոհել իր Իսահակ որդին, ինչպէ՛ս
փարաւոնին աղջիկը Նեղոսի ջուրերէն ազատեց Մովսէս մանուկը եւ այլն (Սարգիս Ոսկերչեան): «Պէտք է ժամ առաջ որոշենք, թէ ինչպէ՛ս դուրս պիտի գանք այս ծուղակէն, զո՛վ պիտի կաշառենք, որքա՛ն պիտի
վճարենք եւ ո՛ւր պիտի իջեւանինք» (ԵՕ):
Ծանօթ.-- Երբ հարցական դերանունին երանգը կը կորսնցնէ իր ուժգնութիւնը,
ապա թէ շաղկապը իր տեղը դիւրաւ կը զիջի
որ-ին. օրինակ՝ «Պատմականօրէն գիտենք,
որ 4-րդ եւ 5-րդ դարերուն Սասանեան Պարսկաստանը
եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը ինչպիսի ճնշումներու
տակ էին պահած Հայաստանը» (Համբիկ Պիլալեան): Այստեղ մանաւանդ միջամտած է գլխաւորի
գիտենք բայը եւս:
գ) Երբ որ շաղկապով սկսող ստորադաս
նախադասութեան կը ստորադասուի ուրիշ նախադասութիւն մը: Այսպիսիները կը կոչուին ենթաստորադասական բարդ նախադասութիւն. օրինակ՝
- Ժաք Ֆոր յայտարարեց, որ
կը յուսայ, թէ հարցը կը կարգադրուի դիւանագիտութեամբ (մամուլ):
- Իրեն բացատրեցի, որ
այլեւս պէտք է ըմբռնէ, թէ այսպէս կարելի չէ շարունակել:
- Կ’ուզեմ այնպիսի նուէր մը
ընել, որ ամէն մարդ համոզուի, թէ շատ կը սիրեմ զինք:
- Ես չեմ ուզեր, որ ծանօթներս իմանան, թէ նիւթական տագնապի մէջ եմ:
- Ժամանակն է, որ անոնք
անդրադառնան, թէ այլեւս չենք կրնար
հոգալ իրենց կարիքները:
- Ես համոզուած եմ, որ
կինս պիտի անդրադառնայ, թէ ամէն կապ խզուած է մեր միջեւ:
- Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը մաղթէ, որ ժողովուրդը
գիտակցի, թէ ամէն ինչ կախեալ չէ իրմէ:
- Նաւապետը կը շարունակէր
պնդել, որ կարելի չէ ակնկալել, թէ կը փրկուի նաւը:
- Այնքան պնդեց, որ
հիւրը խոստովանեցաւ, թէ անօթի է:
- Ես շատ լաւ գիտէի, որ դուն պիտի առարկէիր, թէ ուշացած ենք:
- Երբեք չեմ զարմանար, որ չընդունիս, թէ սխալ գործած ես:
Այս պարագային թէ
շաղկապի կիրարկութիւնը թելադրուած չէ միայն զինք կանխող բայի իմաստէն, այլ նաեւ
թելադրուած է ոճաբանական մտահոգութենէ.
լեզուն պարզապէս կը խուսափի կրկնելէ որ շաղկապը. բաղդատել վերջին օրինակը հետեւեալին հետ. «Երբեք չեմ զարմանար,
որ չընդունիս, որ սխալ գործած ես»,– որքան ծանծաղ ու տափակ կը հնչէ որ-ին կրկնութիւնը:
Կրնայ պատահիլ, որ ստիպուինք
ենթաստորադասութեան վերջին բաղադրիչը սկսիլ որ-ով, այս պարագային պարտինք առաջինը վերածել թէ-ի. օրինակ՝ «Խոստովանինք, թէ
առաջին անգամ չէ, որ գաղութահայ մեր կեանքին
մէջ կ’արձանագրուին նման երեւոյթներ» (Համբիկ
Պիլալեան): Այստեղ կիրարկուած որ-ին փոխարէն կարելի չէ թէ դնել, ուստի «խոստովանինք» ստորոգիչին կը յաջորդէ թէ շաղկապը, որ այլապէս խրախուսելի կիրրակութիւն մը պիտի չըլլար:
Ուշադրութի՛ւն.-- 1) Որ-ը
չի կրնար թէ դառնալ, եթէ յարաբերական դերանուն է. օրինակ՝ « Տղաս յայտարարեց, որ կը փափաքէր հրաւիրել ընկերը,
որ ձկնորսի զաւակ էր: 2) Կը պատահի, որ որպէսզի շաղկապին փոխարէն կիրարկենք
որ շաղկապը՝ նպատակի պարագայ երկրորդական նախադասութեան սկիզբը. ա՛յս եւս չի
կրնար թէ դառնալ. օրինակ՝ «Ան յայտնեց, որ կը փափաքէր հրաւիրել ընկերը, որ
միասին սերտէին (այսինքն՝ որպէսզի) միասին սերտէին»:
6. Ոճաբանական մտահոգութենէ թելադրուած՝
ա) թէ
շաղկապը որ-ի կը վերածենք, երբ իրեն կը յաջորդէ կամ պէտք է յաջորդէ եթէ շաղկապը
(կամ որեւէ այլ նմանաձայնութիւն)՝ խուսափելու համար անբարեհնչութենէ եւ կրկնաբանութենէ. օրինակ՝
- Թղթակիցի այն հարցումին,
թէ եթէ ինք ըլլար վարչապետ...:
Թղթակիցի այն հարցումին,
որ եթէ ինք ըլլար վարչապետ...:
- Իրեն կը թուէր, թէ եթէ
վերադառնայ, հայրը պիտի ընդունի զինք:
Իրեն կը թուէր, որ եթէ վերադառնայ, հայրը պիտի ընդունի զինք:
- Պատմութենէն մեզի ծանօթ
է, թէ նոյնիսկ աղանդաւորներուն...(Վահէ-Վահեան):
Ուրեմն՝ ...ծանօթ է,
որ նոյնիսկ աղանդաւորներուն...:
- Անգամ մը Փիքասոն ըսած է
իրեն, թէ եթէ ինք ուզէր ներկել...:
Ուրեմն՝ որ եթէ ինք ուզէր ներկել:
- Ան ըսաւ, թէ եթէ
Ֆրանսա չի կրնար առանձին աշխատիլ...:
Ուրեմն՝ որ եթէ Ֆրանսա
չի կրնար առանձին աշխատիլ...:
- Իշխանը կ’ըսէ, թէ եթէ
նկատի առնենք, թէ անոնք մէկ օրուան մէջ...:
Ուրեմն՝ որ եթէ նկատի
առնենք, թէ...:
- Հիւանդը միամտաբար կը կարծէր,
թէ թերեւս բուժուի:
Ուրեմն՝ կը կարծէր, որ թերեւս բուժուի...:
- Չէր հասկնար, թէ դէպի
ո՛ւր կ’ընթանար այդ ալիքը (Ազգ):
Պէտք է ըլլայ՝ ...որ
դէպի ո՛ւր...:
- Թէեւ գիտենք, թէ թերի են այս գործերը...:
Պէտք է ըլլայ՝ Թէեւ գիտենք, որ թերի են...:
- Կը կարծեմ, թէ գրեթէ տարի մը առաջ հասած է:
Կը կարծեմ, որ գրեթէ ...:
բ) նոյն կացութեան մէջ գտնուող որ շաղկապն
ալ կը վերածենք թէ-ի կամ կու տանք այլ լուծում մը. օրինակ՝
- Նկատելի էր, որ որեւէ միջամտութիւն
անօգուտ էր:
Նկատելի էր, թէ որեւէ միջամտութիւն անօգուտ
էր:
Ծանօթ.-- Վերջինիս
որեւէ բառը նախընտրելի է փոխարինել
ամեն-ով. ուրեմն՝ «Նկատելի էր, թէ ամէն միջամտութիւն անօգուտ էր»:
- Նկատելի էր, որ որակը չէր գոհացներ զիրենք::
Նկատելի էր, թէ որակը...:
- Օր մըն ալ տեսանք, որ որթատունկը չորցեր է:
Օր մըն ալ տեսանք, թէ որթատունկը...:
- Ի յայտ եկաւ, որ որոշ
կէտեր սխալ էին:
Ի յայտ եկաւ, թէ որոշ
կէտեր սխալ էին:
- Ան կ’ըմբռնէր, որ որպէս
մեծաւոր՝ պարտէր ներել:
Ան կ’ըմբռնէր, թէ որպէս մեծաւոր՝ պարտէր ներել:
Վերջին օրինակին անբարեհնչութիւնը կարելի է
դարմանել այլապէս եւս. «Ան կ’ըմբռնէր, որ
իբրեւ մեծաւոր՝ պարտէր ներել»: Ուրեմն
տեղին համեմատ լեզուն կը նախընտրէ քերականութեան
դէմ մեղանչել՝ յանուն բարեհնչութեան, ոճական նկատառումով:
Այս ծիրէն ներս տակաւին կարելի է տարածուիլ՝ հասնելու
համար եւ շակապին, որ կրնայ իր կարգին
անբարեհնչութեան տեղիք տալ. օրինակ՝
- Ան խնոցին հարեց եւ նաեւ
կթեց ոչխարները...
- Ան խնոցին հարեց ու նաեւ կթեց ոչխարները...
- Ան խնոցին հարեց ու կթեց ոչխարները...
7. Երբեմն առաջին նուագ կ’ունենանք այն տպաւորութիւնը, թէ անելի առջեւ
ենք եւ կարելի չէ նման փոխարկում իրապէս կատարել. օրինակ՝ սա՛պիսի նախադասութիւն մը.
« Քանի որ որքան ալ եղբայրական՝այսուհանդերձ Ատրպեյճանը
եւ Թուրքիան տարբեր երկիրներ են»: Սակայն շուտով կ’անդրադառնանք, որ լուծումները
չեն պակսիր. ահաւասիկ՝
- Քանի որքան ալ եղբայրական՝ այսուհանդերձ...տարբեր
երկիրներ են:
- Որքան ալ եղբայրական՝ այսուհանդերձ...տարբեր երկիրներ
են:
- Թէկուզ եղբայրական՝ այսուհանդերձ...տարբեր երկիրներ
են:
- Եղբայրական ըլլալով հանդերձ՝ ...տարբեր երկիրներ
են...եւ այլն:
8. Արդի արեւմտահայերէնի
մէջ շատ տարածուած է սխալագրութիւն մը, որ բոլորովին ֆրանսաբանութիւն կամ անգլիաբանութիւն է հաւասարապէս. այդ՝ եթէ շաղկապի գործածութիւնն է (անգլ.
if, ֆր. si) թէ-ի փոխարէն: Ահաւասիկ օրինակներ՝
Հարցուցէ՛ք
իրեն, եթէ պիտի գայ:
Ask him, if he
will come.
Demandez-lui, s’il
viendra.
Պէտք է հաստատէ, եթէ կ’ընդունի:
He must confirm, if he
accepts.
Il doit confirmer, s’il
accepte.
Այս ազդեցութեան տակ ալ մեր
օրաթերթերէն մէկը կը գրէ. « Մենք վստահ չենք, եթէ այս ռումբերը Սուրիայէն կը
ղրկուին»,-- ուր պէտք էր գրել՝ վստահ չենք, թէ...: Նաեւ՝ «Մանաւանդ կ’ուզէր իմանալ, եթէ ան սիրական մը ունէր», որ պէտք է տայ՝ իմանալ, թէ...:
«Միթէ ինծի համար տարբերութիւն ունի՞, եթէ սուլթանական գահուն վրայ նստողը Համիտ կը կոչուի կամ Կարապետ» (Փարամազ),-- որ պէտք է ըլլայ՝ տարբերութիւն
ունի՞, թէ սուլթանական գահուն վրայ նստողը...: Նաեւ՝ «Կը հարցնէ, եթէ երբեք գրականութեան սեմէն ներս ոտք դրած եմ» (Ե. Քասունի, Կամար, թիւ
21, էջ 5): Որ պէտք է ըլլայ՝ Կը հարցնէ, թէ
...:
Բերուած բոլոր օրինակներուն
մէջ եթէ-ով
սկսող ստորադաս նախադասութիւնները ունին մեկնական բնոյթ, հետեւաբար կը պահանջեն թէ
մեկնական շաղկապը, մինչդեռ եթէ շաղկապը
աշխարհաբարի մէջ կը կազմէ պայմանի պարագայ
երկրորդական նախադասութիւն մի՛այն:
Ըստ այսմ պարզ է, որ այս եւ
նման կառոյցներու մէջ պէտք է դրուի թէ շաղկապը: Ասոնցմէ առաջինը օժտուած է հարցական
երանգով մըն ալ, որ հետեւանք է հարցուցէք բայի բառային իմաստին: Այս պարագային արեւմտահայերս սովորաբար գայ բայը կ’օժտենք պարոյկով մը. « Հարցուցէ՛ք իրեն, թէ պիտի գա՞յ»:
9. Որ թարմատար
Այս բառը կրնայ ընկերանալ
խօսքի զանազան մասերու, յատկապէս դերանուններու, շաղկապներու, այլեւ ածականներու եւ
այլնի՝ առանց քերականական դեր մը կատարելու՝
խօսքին որոշ եղանակաւորում, որոշ ուժգնութիւն ու հաւաստիութիւն տալու համար միայն հոն, ուր նոյն խօսքերը կարելի է կազմել առանց անոր ալ. օրինակ՝
- Ով (որ)
դէմը ելաւ, խառնեց խումբին:
- Ինչ (որ)
ցանես, այն կը հնձես:
- Դուն պիտի յաջողիս, ինչպէս (որ) եղբայրդ յաջողեցաւ:
- Վերադարձի՛ր այն դպրոցը, ուրկէ (որ) վկայուած էիր:
- Մինչեւ
(որ) աստղերը սիրտդ այրեն, շարունակէ՛ դուն այդ ճամբան:
- Չնայած
(որ) հետեւիլ կը ձեւացնէր, միտքը ուրիշ տեղ էր:
- Եթէ զաւակը գաղթէ, անկասկած (որ) մայրը պիտի հետեւի անոր:
- Այս ձեռագործը իրաւ (որ) իր աշխատածն է:
- Պտուղները իսկապէս (որ) հասունցած են:
Այս բոլոր օրինակներուն մէջ
կարելի է ջնջել որ շաղկապը՝ առանց քերականական
որեւէ անհարթութիւն յառաջացնելու: Հաւանաբար
թեթեւօրէն կը տուժեն անոնք ոճականօրէն միայն:
No comments:
Post a Comment