ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«Պայքար»-ի 7 Մայիսի խմբագրականը՝ «Մեր կրթական կեանքի հեռանկարները»
խորագրով, նուիրուած էր ամերիկահայ կրթական գործի քննակումին։ Ան բաւական
իրապաշտ ու իրազեկ կերպով, երբեմն՝ առանց բառեր ծամծմելու, ներկայացուցած է
մեր համայնքի կրթական գործունէութեան հիմնական գծերը, շեշտը դնելով նաեւ
հետեւեալ վէրքին վրայ.
«Քառորդ դար մը առաջ հայ դպրոցը մամուլի եւ ազգային խօսակցութեանց մէջ հրատապ նիւթ
մըն էր։ Այսօր ընդհանուր լռութիւն մը եւ անտարբերութիւն կը տիրէ, հակառակ որ հայ կրթական
կեանքը աւելի տագնապալի հանգրուանի մը հասած է»։
Ողջունելի է այս կեցուածքը եւ կը մաղթենք, որ դպրոցը խօսակցութեան առանցքին վերադառնայ, քանի որ, եթէ համայնքին մէկ մասը (ամերիկածին կամ ոչ, դժբախտաբար) յաճախ ազգային առաջնահերթութիւններու հարկ եղած գիտակցութիւնը չի ցուցաբերեր, տակաւին չեն պակսիր տարրեր, որոնք այդ գիտակցութեամբ առաջնորդուելով կը շարունակեն այդ աշխատանքը։ Այդ գիտակից զանգուածին աշխատանքն ու նեցուկն են, որոնք կը պայմանաւորեն շաբաթօրեայ թէ ամէնօրեայ դպրոցներու գոյութիւնը Միացեալ Նահանգներու տարածքին։
Յօդուածը գնահատանքով կ՚արտայայտուի արեւմտեան ափի Կիլիկեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի պատրաստած դասագիրքերուն մասին, չմոռնալով ակնարկութիւն մը անոնց ցոլացուցած աշխարհահայեացքին։ Այդ ակնարկութիւնը, ինչպէս եւ ներկայացուած քաղաքական հայեացքները (պառակտումի հարց, կողմնակալական աշխարհահայեացքներ) չենք հարցադրեր, քանի որ մեր նպատակը ո՛չ քաղաքական հարցեր յարուցանել է եւ ո՛չ ալ այս կամ այն կողմի ի պաշտպանութիւն դուրս գալ, այլ՝ ճշդում մը կատարել փաստերու լոյսին տակ։ Կու տանք խնդրոյ առարկայ պարբերութիւնը ամբողջութեամբ.
Ողջունելի է այս կեցուածքը եւ կը մաղթենք, որ դպրոցը խօսակցութեան առանցքին վերադառնայ, քանի որ, եթէ համայնքին մէկ մասը (ամերիկածին կամ ոչ, դժբախտաբար) յաճախ ազգային առաջնահերթութիւններու հարկ եղած գիտակցութիւնը չի ցուցաբերեր, տակաւին չեն պակսիր տարրեր, որոնք այդ գիտակցութեամբ առաջնորդուելով կը շարունակեն այդ աշխատանքը։ Այդ գիտակից զանգուածին աշխատանքն ու նեցուկն են, որոնք կը պայմանաւորեն շաբաթօրեայ թէ ամէնօրեայ դպրոցներու գոյութիւնը Միացեալ Նահանգներու տարածքին։
Յօդուածը գնահատանքով կ՚արտայայտուի արեւմտեան ափի Կիլիկեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի պատրաստած դասագիրքերուն մասին, չմոռնալով ակնարկութիւն մը անոնց ցոլացուցած աշխարհահայեացքին։ Այդ ակնարկութիւնը, ինչպէս եւ ներկայացուած քաղաքական հայեացքները (պառակտումի հարց, կողմնակալական աշխարհահայեացքներ) չենք հարցադրեր, քանի որ մեր նպատակը ո՛չ քաղաքական հարցեր յարուցանել է եւ ո՛չ ալ այս կամ այն կողմի ի պաշտպանութիւն դուրս գալ, այլ՝ ճշդում մը կատարել փաստերու լոյսին տակ։ Կու տանք խնդրոյ առարկայ պարբերութիւնը ամբողջութեամբ.
«Դասագիրքերու պարագային շնորհաշատ գործ մը կը կատարէ Արեւմտեան ափին Կիլիկեան
թեմը, պատրաստելով հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր, մանկավարժական հմուտ
հիմքերով, հոգ չէ թէ որոշ կողմնակալութեամբ։ Կիլիկեան թեմը ծուռ նստած՝ շիտակ կը գործէ։
Տակաւին այսօր Կիլիկեան թեմի մը գոյութիւնը ժամանակավրէպ է եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ
պառակտեալ վիճակը կը տեւականացնէ։ Այսուհանդերձ, Կիլիկեան թեմի պատրաստած
դասագիրքերը օգտագործողները երախտապարտ կը մնան այդ դասագիրքերը պատրաստողներուն։ Անշուշտ,
այդ թեմն ալ ունի ի՛ր աշխարհահայեացքները որոնք ցոլացում կը գտնեն այդ դասագիրքերուն
մէջ. օրինակ, հայ գրականութեան նուիրուած դասագիրքերուն մէջ անյայտ գրչակներ յանկարծ
կը բազմին Վարուժաններու եւ Սիամանթոներու կողքին, անտեսելով այլ մեծութիւններ որոնք
գիրքերու հեղինակներուն գաղափարական համակրութիւնը չեն վայելեր»։
Այստեղ մեզ շահագրգռողը պարբերութեան վերջաւորութեան
բերուած օրինակն է։ Կ՚ակնարկուի «հայ գրականութեան» դասագիրքերու, ուր «անյայտ գրչակներ
յանկարծ կը բազմին Վարուժաններու եւ Սիամանթոներու կողքին», իբրեւ թէ գաղափարականօրէն
ոչ-համակրելի «այլ մեծութիւններ» անտեսելու գնով։
Պարբերութեան սկիզբը կ՚ակնարկուի հայերէնի եւ
հայոց պատմութեան դասագիրքերու, իսկ յետոյ խօսքը կը կեդրոնանայ հայ գրականութեան դասագիրքերու
վրայ։ Շահեկան է նշել, սակայն, թէ որքան որ մեզի յայտնի է, իբրեւ հայեցի դաստիարակութեան
մէջ ներգրաւուած անձ, «Արեւմտեան ափի Կիլիկեան թեմ»ի կողմէ հրատարակուած հայ գրականութեան
նուիրուած դասագիրքեր գոյութիւն չունին։
Կ՚ենթադրենք, այլ տուեալներու բացակայութեան լոյսին
տակ, որ խօսքը կը վերաբերի 2001 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ Յարութիւն Քիւրքճեան եւ
Մարօ Գալայճեան-Քիւրքճեան մանկավարժներու ամոլի (Աթէնք) հեղինակութեամբ ու Ազգ. Առաջնորդարանի
կողմէ հրատարակուած «Մեր լեզուն. հայոց լեզու եւ գրականութիւն» դասագիրքերու շարքին՝
Զ., Է. եւ Ը. դասարաններուն համար։
Այս դասագիրքերու շարքը վերամշակուած ու, կարելի
է ըսել, ամերիկեան պայմաններուն յարմարցուած տարբերակն է 1990-ական թուականներուն նոյն
հեղինակներուն պատրաստած «Հայրենի աղբիւր. ձեռնարկ լեզուի եւ բացատրեալ ընթերցանութեան»
քառահատոր շարքին։
Մենք առիթը ունեցած ենք 2000-2010 թուականներուն
թէ՛ «Հայրենի աղբիւր»ը (մինչեւ 2002) եւ թէ՛ «Մեր լեզուն» օգտագործելու ուսուցչական
աշխատանքներու մէջ, վերջինի գործածութիւնն ալ դէպքէ դէպք շարունակելով հետագային։ Մանկավարժական
ու լեզուական բծախնդիր մօտեցումով պատրաստուած այս շարքերը մինչեւ այսօր ուսուցիչի
լաւագոյն օժանդակ կը մնան՝ ըստ դասարանային պայմաններու։
Ոեւէ մէկը, որ առիթը ունեցած է յիշեալ շարքերը
եւ, մասնաւորապէս, «Հայ լեզուն» կարդալու եւ գործածելու, պիտի համոզուի առանց այլեւայլի,
որ այս շարքը հայ գրականութեան դասագիրք մը չէ՛, այլ՝ հայ գրականութեան նմոյշներու ընդմէջէն լեզու սորվեցնելու, բայց նաեւ աշակերտին
կեանքի մարդկային ու ազգային օրինակ ու նկարագիր փոխանցելու ձեռնարկ՝ քննական մտածողութեան
զարգացումով։
Նման համոզում գոյացնելու համար, կը բաւէ նկատի
ունենալ, որ դասագիրքերը ո՛չ հայ գրականութեան պատմութեան կամ նկարագրի մասին յատուկ
բացատրութիւններ կու տան (եթէ բացառենք ներկայացուած հեղինակներուն մասին կարճառօտ
կենսագրականներ եւ բնութագիրներ), ո՛չ յատկանշական նմոյշներու հաւաքածոյ մըն են եւ
ո՛չ ալ կը հետեւին ժամանակագրական կարգի մը։ Ուրե՞մն։
Յ. Քիւրքճեան եւ Մ. Գալայճեան-Քիւրքճեան երեք
հատորներուն նիւթերը ենթարկած են եռաբաժին ներկայացումի մը, որ որեւէ ձեւով «գրական»
չէ, հետեւեալ ենթախորագիրներուն տակ.
«Պատահած են… կը պատահին» «Այսպէս կ՚ապրէին... կ՚ապրին»
«Դիտէ՛... մտածէ՛»
Յստակ է, որ այս բաժանումը չի հետեւիր հայ գրականութեան
ընթացիկ ներկայացումի որեւէ ձեւի։ Այս դասագիրքերը ուղղուած են ո՛չ թէ 12-14 տարեկան
պատանիին հայ գրականութիւն սորվեցնելու՝ այսպէս կոչուած «ակադեմական» ձեւով, այլ պարզապէս
անոր գոյութեան աւելի ընտելացնելու՝ լեզու սորվեցնելու գործողութեան ընդմէջէն (*)։
Այս հարցը քիչ թէ շատ պարզաբանելէ ետք, կը մնայ
տեսնել, թէ ի՞նչ է «Վարուժաններու եւ Սիամանթոներու կողքին» բազմած «անյայտ գրչակներ»ու
հարցը։ Կարելի՞ է ենթադրել, որ հայ գրաքննադատութեան մէջ յիսնամեայ փորձառութիւն ունեցող
եւ որոշ վաստակի տէր Յարութիւն Քիւրքճեանը կարողացած չըլլայ զանազանել Վարուժաններու
եւ գրչակներու միջեւ՝ հայ նոր սերունդին ուղղուած դասագիրքերու պատրաստութեան գործին
մէջ։
Այս հարցին պատասխանելու համար, անհրաժեշտ է անդրադառնալ
յիշեալ դասագիրքերուն մէջ ներկայացուած հեղինակներու անուններուն։ Մեր ձեռքի տակ ունինք
«Հայ լեզուն»ի Զ. եւ Է. դասարաններու դասագիրքերը միայն։ Ահա այդ ցանկը.
«Հայ լեզու», Զ. դասարան՝ Զապէլ Եսայեան, Մուշեղ Իշխան, Աւետիք Իսահակեան,
Ժագ Փրեվէր, Վախթանգ Անանեան, Ժիւլ Վեռն, Երուանդ Օտեան, Զարեհ Խրախունի, Արա Աբէլեան,
Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Բենիամին
Նուրիկեան, Սարմէն, Կարօ Սասունի, Յովհաննէս Թումանեան, Յակոբ Պարոնեան, Յ. Գեղարդ,
Արամ Հայկազ, Համաստեղ, Մալխաս, Վրթանէս Փափազեան։
«Հայ լեզու», Է. դասարան՝ Արմէն Գարօ, Վահան Թէքէեան, Արամ Հայկազ, Կարօ
Սասունի, Սիմոն Վրացեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Րաֆֆի, Դանիէլ Վարուժան, Զարեհ Խրախունի,
Ակսել Բակունց, Պարոյր Սեւակ, Աւետիս Ահարոնեան, Էռնեստ Հեմինկուէյ, Սիմոն Ֆէլէկեան,
Մուշեղ Իշխան, Համաստեղ, Շահան Շահնուր, Մելքոն Կիւրճեան, Բենիամին Նուրիկեան, Լեւոն Շանթ, Անդրանիկ Ծառուկեան,
Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Տէրեան, Երուանդ Օտեան, Անթուան տը Սէնթ-Էքսիւփերի։
Առ ի հետաքրքրութիւն, Ը. դասարանի դասագիրքին
փոխարէն, պիտի տանք անոր նախորդին՝ «Հայրենի աղբիւր»ի թիւ 3 հատորին հեղինակներու ցանկը,
որուն մեծ մասը ընդգրկուած է «Հայ լեզու»ի մէջ։ Անոնք խմբուած են չորս բնաբաններու
տակ՝ «Մարդը եւ ընկերային հիմնահարցը», «Ձգտում եւ իրագործում», «Ժամանակ եւ կեանք»,
«Կանչեր...».
Յովհաննէս Թումանեան, Արփիար Արփիարեան, Աւետիս
Ահարոնեան, Յակոբ Պարոնեան, Պարոյր Սեւակ, Ի. Եֆրեմով, Գրիգոր Զօհրապ, Լեւոն Շանթ,
Վահան Թէքէեան, Րաֆֆի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Կոստան Զարեան, Խաչատուր Աբովեան, Վահէ
Օշական, Գրիգոր Պըլտեան, Վահէ-Վահեան, Զօրայր Խալափեան, Վազգէն Շուշանեան, Արշակ Չօպանեան,
Դանիէլ Վարուժան, Զապէլ Եսայեան, Պետրոս Դուրեան, Յակոբ Օշական, Սայաթ-Նովա, Նիկոլ
Աղբալեան, Կարէն Սիմոնեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Ինտրա։
Ինչպէս ընթերցողը պիտի նկատէ, որոշ հեղինակներ
ներկայացուած են մէկէ աւելի հատորներու մէջ (երբեմն՝ մէկէ աւելի գրութիւններով), իսկ
որոշ հեղինակներ օտար գրականութեան կը պատկանին։ Այս երկու իրողութիւնները ինքնին արդէն
կը բաւեն ցոյց տալու, լրացուցիչ կերպով, որ հայ գրականութեան դասագիրքի մը մասին չէ
խօսքը։ Եթէ ընթերցողը մօտէն քննէ հատորին ընդգրկած գրութիւնները, անմիջապէս պիտի հասկնայ,
որ անոնք անպայման տուեալ հեղինակի մը ամենէն ներկայացուցչական գործը չեն ցոլացներ,
ինչպէս պիտի ակնկալուէր գրականութեան դասագիրքէ մը։ Անոնք ընդգրկուած են ո՛չ թէ գրական,
այլ վերը յիշուած մանկավարժական նպատակներով։ Ուրեմն՝ եթէ համահեղինակները որոշած ըլլային
Վարուժաններ եւ «գրչակներ» քով-քովի բերել՝ վասն իրենց մանկավարժական սկզբունքին, դարձեալ
իրենց իրաւասութիւնը պիտի ըլլար, առանց խախտելու որեւէ գաղափարախօսական կամ գրական
սահման։
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ ո՞վ են գրչակները։
Նկատի ունենալով «Պայքար»ի քաղաքական կողմնորոշումը եւ «գաղափարական համակրութիւնը»,
պէտք է ենթադրել, որ ակնարկութիւնը ուղղուած է այնպիսի անուններու, ինչպիսիք են, օրինակ,
Ռուբէն Տէր Մինասեան, Արմէն Գարօ, Մալխաս կամ Կարօ Սասունի, թերեւս նաեւ ուրիշներ,
որոնք կը պատկանին «հակառակորդ ճամբար»ին կամ պարզապէս անյայտ են խմբագրութեան։ Արդ,
վերոյիշեալ անունները իրագործած են յուշագրութեան, կարճ արձակի, կամ ժողովրդական վիպագրութեան
վաստակ մը, որ մինչեւ այսօր ընթերցանութեան նիւթ է, յատկապէս մատչելի է՝ դասագիրքերու
հասցէատէրերուն, իսկ քաղուած կտորները կը մտնեն «պատահած են», «այսպէս կ՚ապրէին»,
«դիտէ՛, մտածէ՛» ենթաբաժիններէն մէկուն կամ միւսին տրամաբանութեան մէջ։ Անոնց նկատառումը
քրէական յանցանք մը չի կրնար սեպուիլ, մանաւանդ երբ ներկայացուած կտորները կուսակցական
քարոզչութեան կամ կողմնակալութեան բնոյթ չունին։ Ի վերջոյ, դասարանի ուսումնական ծրագիրը,
դասերու պատրաստութիւնը եւ օգտագործելի գրութեան ընտրութիւնը ուսուցիչի հայեցողութեան
կը մնայ եւ ո՛չ թէ որեւէ վերադաս մարմնի քմահաճոյքին։
Եզրափակելու համար, կ՚արժէ վերյիշել, որ ներկայ
դարու երկրորդ տասնամեակի վերջին տարիներուն, այլեւս ժամանակը հասած է, որ բոլորս ալ՝
առանց գաղափարական խտրութեան, սկսինք հրաժարիլ Ի. դարու կոշկոռ կապած ըմբռնումներէ,
ի շահ մեր ապագային։ Նաեւ՝ ի շահ մեր գրականութեան։
---------------
(*) Արդարեւ, Յարութիւն Քիւրքճեան պատրաստած է
«Հայ գրականութիւն եւ կեանք» գրականութեան դասագիրքերու ուշագրաւ շարքը երկրորդականի
համար, որ հրատարակուած է 2004-ին, բայց ո՛չ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ ո՛չ ալ յատկապէս
Միացեալ Նահանգներու համար։ Ուշադրութիւն պէտք է դարձնել «գրականութիւն եւ կեանք» հասկացութիւններու
միասնական գործածութեան։
«Պայքար», 25 Յունիս 2017
No comments:
Post a Comment